ՀԱԹԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՇԱՐԺԵՐ
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Հաթայի մէջ իրերայաջորդ երկու երկրաշարժ պատահեցաւ։ Էփիկեդրոնը կը գտնուէր քաղաքի Տեֆնէ գաւառակին մէջ, որ Սամանտաղի շրջանին մէջ է։ Երեք վայրկեան տարբերութիւնով քաղաքը ցնցուեցաւ երկու անգամ՝ ըստ ռիխթերեան չափանիշի 6.4 եւ 5.8 սաստկութեամբ։ Ցնցումները զգալի դարձան ինչպէս այլ քաղաքներու, այնպէս ալ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ։ Այսպէսով ներկայ ամսուան սկիզբէն ի վեր երկրի դիմագրաւած երկրաշարժի եւ աղէտի մղձաւանջը եկաւ քիչ մը աւելի խորանալ։ Երկրին մէջ ընդհանրապէս կը խորանայ մտահոգ մթնոլորտը՝ մինչ նոր օժանդակութիւններ փութացնելու անհրաժեշտութիւնն ալ կը դառնայ անյետաձգելի։
Երէկ երեկոյեան պատահած երկրաշարժին հետեւանքով, դժբախտաբար, լուրջ վնաս հասած է նաեւ Վաքըֆլըգիւղի մէջ։ Ամբողջ Անատոլուի հայաբնակ այս միակ գիւղին մէջ կեանքը հունէ դուրս եկած է։ Գիւղապետն ու տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետը արդէն երէկուան երկրաշարժէն անմիջապէս վերջ տեղեկութիւններ հաղորդած են Պատրիարքարան։ Վաքըֆլըգիւղի մէջ տուներու մեծամասնութեան պարագային պատերը ճաքած են եւ այլեւս դարձած են անգործածելի։ Առկայ պայմաններով կարելի չէ մուտք գործել բնակարան։ Գիւղին մէջ կան նաեւ վիրաւորներ, որոնք դարմանման տարուած են դէպի Մերսին։
Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ համալիրէն ներս եւս վնասներ յառաջացած են։ Եկեղեցւոյ պատին յարակից հնամենի տնակը վերջնականօրէն փուլ եկած է եւ զանգակատունն ալ վնասուած։
Ամենայն հաւանականութեամբ վրաններ պիտի տարուին Վաքըֆլըգիւղ եւ կամ ժամանակաւոր տնակներ, որպէսզի գիւղացիները կարողանան ապաստան գտնել։ Այս պահու դրութեամբ շուրջ 50 հոգի կը գտնուի Վաքըֆլըգիւղի մէջ։
Միւս կողմէ, երէկուան երկրաշարժերուն հետեւանքով վնասներ յառաջացած են նաեւ սահմանէն անդին։ Սուրիոյ պարագային կը հաղորդուի, որ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին դարձեալ վնաս կրած է շարժին հետեւանքով։