ՄԻՇՏ ԶԳԱԼԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան Լոն­տոն կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով տե­սակ­ցե­ցաւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Անգ­լիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ­նե­րուն հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցի ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Ար­ցա­խի մէջ շարք մը նա­խագ­ծե­րու ի­րա­կա­նաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Բա­կօ Սա­հա­կեան նշեց, թէ Ար­ցախ միշտ կը զգայ ՀԲԸՄ-ի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Ան յոյս յայտ­նեց, որ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը այ­սու­հե­տեւ եւս պի­տի շա­րու­նա­կէ իր հայ­րե­նա­նուէր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015