ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՔԱՂԱՔՍ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարը՝ տքթ. Հրայր Ճէպէճեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ քաղաքս։ Ան պիտի մասնակցի Աստուածաշունչի ընկերութեան տարածաշրջանային տարեկան խորհրդակցութեան, որ այս անգամ դարձեալ Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՚ունենայ։ Նոյն ժողովներուն կը մասնակցի նաեւ մեր համայնքէն Թամար Քարասու, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի ղեկավարութեան մաս կը կազմէ։ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, բացի աշխատանքային խորհրդակցութիւններու մասնակցելէ, կեցութեան օրերո կը շփուի նաեւ մեր համայնքէն իր բարեկամական շրջանակին հետ։ Ան սփիւռքահայ համակրելի մտաւորական մըն է, զանազան գիրքերու հեղինակ, որ կ՚աշխատակցի նաեւ սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն։ Ճէպէճեանի հիւթեղ գրիչը ատեն-ատեն կ՚ըմբոշխնեն նաեւ մեր ընթերցողները։ Հրայր Ճէպէճեան կարեւոր ջանքեր կը գործադրէ նաեւ նոր սերունդը Աստուածաշունչ մատեանին հայերէնին հաղորդ դարձնելու ուղղութեամբ։