ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՄԻՇՏ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ԵՄ-Ի ԴԻՏՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը արդէն պաշտօնապէս սկսած է ներկայ շաբթուան դրութեամբ։ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը արդէն Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ տեղակայուած է եւ Հայաստան հասած առաջին օրն իսկ՝ երկուշաբթի, իրականացուցած է իր առաջին դիտարկումը։

Այս առաջին պարեկութեան զուգահեռ՝ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։ «Եւրոմիութեան առաքելութիւնը պիտի նպաստէ մարդոց անվտանգութեան, վստահութիւն պիտի ստեղծէ տեղւոյն վրայ եւ պիտի կամրջէ ԵՄ-ի ջանքերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ», նշեց ան։

Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ Երեւանի մէջ մէկտեղուեցաւ ԵՄ-ի արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար Ստեֆանօ Թոմատի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան հետ։ Հարկ է նշել, որ այս պատուիրակութեան կազմին մէջ էր Հայաստանէ ներս ԵՄ-ի նոր մշտադիտարկման առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկումներու առանցքին էին ԵՄ-ի նոր քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութեան վերաբերեալ հարցերը։ Բարձր գնահատելով Հայաստանէ ներս ԵՄ-ի երկարաժամկէտ քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման մասին որոշումը՝ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ առաքելութիւնը կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանի անվտանգային ընդհանուր իրավիճակին եւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղեալ Հայաստանի եւ միջազգային դերակատարներու ջանքերուն։

Հարկ է նշել, որ ԵՄ-ի Հայաստանի առաքելութեան կեդրոնը տեղակայուած է Վայոց ձորի մարզի Եղեգնաձոր քաղաքին մէջ։

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդունեց Ստեֆանօ Թոմատի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էր նաեւ Մարքուս Ռիթեր։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՄԻՇՏ ԲՈՂՈՔ

Մոսկուայի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ իր վրդովմունքը արտայայտեց՝ Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան սկսելուն կապակցութեամբ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա այս առթիւ յայտարարեց հետեւեալը.

«Ընդգծելով նոր առաքելութեան բացառապէս քաղաքացիական բնոյթը՝ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչները անազնիւ են։ Այդ առաքելութիւնը կը ծաւալուի ԵՄ-ի ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան շուրջ, հետեւաբար անհրաժեշտ է համապատասխանաբար վերաբերուիլ անոր հետ։ Աւա՜ղ, առաջին անգամ չէ, որ կ՚արձանագրենք ԵՄ-ի եւ ամբողջ Արեւմուտքի՝ մեր դաշնակից Հայաստանէ ներս որեւէ ձեւով ամրանալու ցանկութիւնը։ Այդ փորձերուն մէջ մենք կը տեսնենք բացառապէս աշխարհաքաղաքական ենթաթեքստ, որ հեռու է Անդրկովկասի մէջ յարաբերութիւններու իրական կարգաւորման շահերէն։ Ամէն ինչ կը կատարուի Ռուսաստանը տարածաշրջանէն դուրս մղելու եւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորի անոր պատմական դերը թուլացնելու համար։ Այս նախաձեռնութեան վերաբերեալ Պաքուի՝ հրապարակայնօրէն արտայայտուած բացասական գնահատականները կ՚անտեսուին»։

Զախարովայի յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ տարածաշրջանային տարբեր հակամարտութիւններու կարգաւորման գործին մէջ Եւրոմիութեան մասնակցութեան փորձառութիւնը միանշանակ չէ։ Իր խօսքով՝ Պրիւքսել դժուար թէ կարողանայ պարծենալ յաջողութեամբ այս ոլորտէն ներս. օրինակ՝ միջնորդական ջանքերը եւ ԵՄ-ի առաքելութիւնը Քոսովայի մէջ։ Սա պէտք է հաշուի առնել Հայաստանի մէջ նոր առաքելութեան վերաբերեալ ԵՄ-ի որոշումը գնահատելու ժամանակ։ Բանբեր Զախարովա վստահեցուց, թէ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ պայմանաւորուածութիւններու ծրարը կը մնայ տեսանելի ապագային տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան հիմնական գործօնը։ «Տարածաշրջանէն ներս իրավիճակի բարելաւման ամենակարճ ճանապարհը կ՚անցնի անոնց համապարփակ իրականացումէն՝ ներառեալ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը, հասարակութեան, փորձագէտներու, կրօնական շրջանակներու, երկու երկիրներու խորհրդարանականներու միջեւ կապերու հաստատումը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագրի ուղղութեամբ տարուած բանակցութիւնները։ Ռուսաստան պատրաստ է ամէն ձեւով ապագային եւս նպաստել այս բոլորին», եզրակացուց Զախարովա։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ

Եւրոպացի դիտորդներու առաքելութեան սկսելուն զուգահեռ՝ երէկ Մոսկուա-Պրիւքսել առանցքին վրայ տեղի ունեցած է նաեւ հեռախօսազրոյց մը։ Այսպէս, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին զրուցեց Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ։ Կը հաղորդուի, որ ԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է այս հեռախօսազրոյցը։ Կալուզին եւ Քլաար անդրադարձած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Միխայիլ Կալուզին այս առթիւ նշած է, որ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութիւն ծաւալելու մասին Պրիւքսելի կողմէ առնուած որոշումը յստակ աշխարհաքաղաքական շերտեր ունի եւ չի նպաստեր Անդրկովկասէ ներս իսկական կայունութեան հաստատման։ Ռուսական կողմը ընդգծած է նաեւ, որ Երեւան եւ Պաքու այս նախաձեռնութեան նկատմամբ քոնսենսիւս մը չունին։

Բաց աստի, ԵՄ-ի առաքելութեան մեկնարկին զուգահեռ՝ երէկ, հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։

Մինչ այդ, Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Արցախի մէջ, Մարտակերտի շրջանէն ներս հրադադարի դրութեան խախտում մը արձանագրուած է։ Այս կապակցութեամբ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ հետաքննութիւն կ՚իրականացնէ։

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԱՌԱՋԱՐԿ

Միւս կողմէ, Հայաստանէ ներս ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան սկիզբին հետ գրեթէ նոյն օրերուն, Հարաւային Կովկասի երկու կարեւոր դերակատարներուն՝ Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ տեղի ունեցաւ կարեւոր շփում մը։ Այսպէս, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան տեսակցեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ալեքսանտր Կրուշքոյի հետ։ Հարկ է նշել, որ Հարաւային Կովկասի այժմու իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ Իրան յամառօրէն կը պաշտպանէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ գործնականին մէջ կը նշանակէ կանաչ լոյս չվառել Զանգեզուրի միջանցքի բացման. բան մը, որուն հետամուտ է Ատրպէյճան։ Ռուսաստան այս խնդրին շուրջ հարիւր տոկոսով նոյն յաճախականութեան վրայ չէ Իրանի հետ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Մոսկուայի եւ Թեհրանի՝ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ-ի առաքելութեան վերաբերեալ դիրքորոշումներն ալ, ըստ երեւոյթին, միանշանակ չեն։ Թէեւ այս երկու երկիրները Արեւմուտքի կողմէ կը թիրախաւորուին, սակայն, Ռուսաստան շատ աւելի խիստ կը բարձրաձայնէ Հայաստան հաստատուած ԵՄ-ի առաքելութեան դէմ, իսկ Իրան այս ուղղութեամբ աւելի չափաւոր է։ Այս պայմաններուն ներքեւ Թեհրանի եւ Մոսկուայի միջեւ տեղի ունեցած վերջին շփումները կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն։

Կը հաղորդուի, որ Ապտուլլահիան եւ Կրուշքօ հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ կողմերու համագործակցութեան։ Բաց աստի, Ապտուլլահիան տեղեկացուցած է, որ պատրաստակամ են Թեհրանի մէջ կազմակերպելու համար՝ Իրանի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափին։ Ծանօթ է, որ այս ձեւաչափին մէջ ցարդ տեղի ունեցած են զանազան դիւանագիտական շփումներ, սակայն անոնք որոշ ժամանակէ մը ի վեր ընդհատուած են եւ ցարդ տեղի ունեցած հանդիպումներն ալ շատ բարձր մակարդակի վրայ չեն եղած։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2023