ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽԱՐԽԼՈՒՄ
Թուրքիոյ հարաւի, արեւելքի եւ հարաւ-արեւելքի քաղաքները կը շարունակեն ցնցուիլ իրերայաջորդ երկրաշարժներով։ Ահաւոր մթնոլորտ մը ստեղծուած է երկրին մէջ՝ մինչ Հաթայի վերջին երկրաշարժին ծնունդ տուած մթնոլորտը եկած է ա՛լ աւելի բարդացնել բարոյահոգեբանական վիճակը, նաեւ յառաջացուցած է ուրիշ կարիքներ։ Հաթայի մէջ երէկ ալ շարունակուեցան յետցնցումները եւ քաղաքի համայնապատկերը արդէն աւերակներու կոյտի մը վերածուած է։
Այս տխուր կացութիւնը մէկ կողմէ երկրին տեսակէտէ շատ ծանր է, իսկ միւս կողմէ նաեւ թրքահայ համայնքին տեսակէտէ չափազանց ցաւալի։ Արդարեւ, Հաթայի իրերայաջորդ սաստիկ երկրաշարժները աւերիչ ազդեցութիւն գործած են Մուսա լերան պատմական Վաքըֆլըգիւղին վրայ, ուր բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ իսկական ողբերգութիւն մը։ Եթէ ամսուան սկիզբին տեղի ունեցած երկրաշարժներէն այդքան չէր տուժած Վաքըֆլըգիւղը, ապա այս փուլին, դժբախտաբար, իրեն ալ բաժին վիճակած է դառն ճակատագրէն։ Ծանօթ է, որ Վաքըֆլըգիւղը կը համարուի Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը։ Այնտեղ կը գործէ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ իր շուրջ ունի կոկիկ բնակչութիւն մը եւ այդ բոլորը ինքնին կը նշանակեն աւանդութիւններու յարատեւութիւն։
Հազար ափսոս, որ ներկայիս թրքահայութիւնը այս երկրաշարժներուն հետեւանքով ժառանգութեան խարխլումի մը ականատես կը դառնայ։ Արդարեւ, փլուզման տխուր համայնապատկերը կը ցոլացնէ Անատոլուի հայկական պատմական ստուար ներկայութեան վերջին բեկորներուն հիմնայատակ ցնցումը։ Վաքըֆլըգիւղէն հասած դրուագները ողբերգութեան պատկերը կ՚ուրուագծեն բոլորի մտքերուն մէջ, բոլորի աչքին առջեւ։ Բնական աղէտը հունէ դուրս բերած է առօրեան եւ զուգահեռաբար գիւղացիներու ապագային կը սպառնայ անորոշութիւն մը։
Կը հաղորդուի, որ լրջօրէն վնասուած է գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Թէեւ, ըստ էութեան, գիւղի սրբավայրը կը մնայ կանգուն, սակայն անոր համալիրէն ներս յառաջացած վնասները, յարակից շէնքերու փլուզումը արդէն կը խոչընդոտեն անոր լիարժէք գործունէութիւնը։ Բաց աստի, գիւղի մնացեալ շէնքերն ալ, գրեթէ առանց բացառութեան, լուրջ վնասներ կրած են։ Թէ՛ անձնական բնակարանները եւ թէ ընկերային կամ հանրային նպատակներով օգտագործուած շէնքերը դարձած են անգործածելի։
Այժմ, համայնքային շրջանակները կը ջանան փութով արժեւորել ստեղծուած իրավիճակը, որպէսզի Վաքըֆլըգիւղի պարագային կարելի ըլլայ անյապաղ աշխատանքի սկսիլ։