ՀԱՑԱԴՈՒԼԸ ԵՒ ՆՍՏԱՑՈՅՑԸ ԱՒԱՐՏԱԾ
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ հերթական բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման դէմ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հանրահաւաքի մասնակիցներուն թիւը զգալիօրէն նուազ էր նախորդներուն բաղդատմամբ։
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան ջանքերով ծնունդ առած բողոքի ալիքին յաջորդած ներկայ մթնոլորտին մէջ, ելոյթներ ունեցան հաւաքի համակարգող խումբին անդամները։ Ըստ էութեան, ելոյթ ունեցողները նախորդներուն նման բովանդակութեամբ արտայայտութիւններով հանդէս եկան։
Հանրահաւաքի սկսելէն առաջ Երեւանի փոխ-ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան մօտեցաւ համակարգող խումբի անդամներուն եւ յորդորեց զերծ մնալ ապօրինի երթ մը կազմակերպելու միտքէն եւ ժողովուրդը արհեստական բախման տանելէ։
Համակարգող խումբի անդամներէն Դաւիթ Սանասարեանն ալ յայտարարեց, որ կը դադրեցնէ վերջին օրերուն ձեռնարկած հացադուլը։ Այս կապակցութեամբ ան յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ Անահիտ Բախշեանի գնահատանքին արժանացաւ։ Դաւիթ Սանասարեան յայտնեց, որ յաջորդ հանրահաւաքը նախատեսուած է յաջորդ շաբաթավերջին։ Համակարգող խումբի անդամները յայտարարեցին նաեւ, թէ կը դադրեցնեն իրենց նստացոյցը եւ յառաջիկային պիտի շարունակեն իրենց քայլերը ժողովուրդի իրազեկման ուղղութեամբ։