«ԹՐԱՆՍ-ԿՈՎԿԱՍ»Ը՝ ՓՈԽԱՆ «3+3»Ի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հրապարակած «Թրանս-Կովկաս»ի նախագիծը կը թուի, որ Անգարայի նոր նախաձեռնութիւնն է: Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ հեռահաղորդակցութիւններու զարգացման հարցերուն՝ Չավուշօղլու նշած է, որ Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը եւ Իրանը եռակողմանի եւ քառակողմանի ձեւաչափերով կ՚աշխատին օգտագործել այդ կարելիութիւնները: «Թրանս-Կովկաս» անուանեալ ծրագիրին մասին խօսելով՝ Չավուշօղլու յոյս յայտնած է, որ Հայաստան եւս կը միանայ։

Նախքան Հայաստանի միացման ակնկալութիւնը քննելու՝ առաջին հերթին նկատենք, որ այս նոր ձեւաչափը հաղորդակցային տեսքով, ըստ էութեան, տարածաշրջանի ռազմավարական նոր համագործակցութեան ծրագիր մըն է: Երկրորդ անմիջական կէտը, որ կը նշմարուի այստեղ, այն է, որ «3+3»ը, որ, ըստ էութեան, անվտանգային հարթակ էր համագործակցութեան, յայտնաբար չ՚աշխատիր կամ նոյնիսկ չէ կազմուած: Անդադար իբրեւ պատճառ կը նշուէր Թիֆլիզին չմիանալը պարզ այն պատճառով, որ պայմանաւորուած էր Մոսկուայի ներկայութեամբ այդ ձեւաչափին մէջ:

Եթէ այնպէս կ՚ընկալենք, որ հաղորդակցային տեսքով, ըստ էութեան, այս նոր առաջադրուող ձեւաչափը եւս ռազմավարական բնոյթ ունի, հետեւաբար կը հետեւցնենք, որ Անգարայի կողմէ նախկինի փոխարինման փորձ մըն է կատարուածը:

Շարունակենք բանալ փակագիծերը եւ անմիջապէս նկատենք, որ ի տարբերութիւն «3+3»ին, այս նոր նախագիծին մէջ Մոսկուան կը բացակայի: Եթէ Մոսկուան շրջանցուած է, ուրեմն Թիֆլիզը անպայման ներգրաւելու մօտեցումը կ՚երեւի: Եռակողմանի կամ քառակողմանի ձեւաչափերը մտածել կու տան չորրորդին՝ Իրանի մասին: Իսկ եթէ Հայաստան եւս միանայ, արդէն կը դառնայ հնգակողմանի ծրագիր:

Հիմա փորձենք ուրուագծել Անգարայի բուն նպատակը այս նոր նախագիծի մշակման մէջ: Եթէ նկատենք, որ վերջին շրջանին շատ կը գրուի Պարսից ծոց-Սեւ ծով ցամաքային տարանցիկութեան նոր ճանապարհաշինութեան մասին, ապա մեր առջեւ կը բացուի Իրան-Հայաստան-Վրաստան-Սեւ ծով-Եւրոպա ուղին: Այս կենսաճանապարհի նախագիծը վաղեմիութիւն ունի. սակայն յստակ քաղաքական արգելքներ կային՝ յատկապէս Իրանի շրջափակման եւ մեկուսացման աշխարհաքաղաքականութեան պարունակին մէջ: Նախադրեալներ կ՚երեւին, թէ միջազգային արտօնութիւն պիտի տրուի այդ կապի ստեղծման համար:

«Թրանս-Կովկաս»ի քառակողմով Իրանը կ՚ապաշրջափակուի, բայց Ռուսաստան դուրս կը մղուի: Մինչդեռ «3+3»ին մէջ Ռուսաստան առանցքային դեր ունէր: Պարսից ծոց-Սեւ ծովով միայն չի սահմանափակ-ւիր «Թրանս-Կովկաս»ի ծրագիրը: Թէ՛ եռակողմին եւ թէ՛ քառակողմին կամ հնգակողմանիին մէջ ներառուած է Ատրպէյճանը: Իսկ նոր հաղորդակցուղիները կ՚ենթադրեն նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան ցամաքային առաջադրուած կապը՝ թուրանական կամուրջը: «Թրանս-Կովկաս»ը այս կամուրջի լուռ կէտն է. այդ պատճառով ալ Անգարայի ներկայացուցիչը կը հաստատէ. «Եթէ Հայաստան ցանկանայ, կրնայ միանալ»:

Վրաստանի յայտարարութենէն ետք, թէ Ռուսաստան կը պարտուի, հետեւաբար պէտք է հեռանայ վրացական տարածքներէն, անկարելի կը դառնայ «3+3»ի գործարկումը: «Թրանս-Կովկաս»ը եռակողմանի է՝ եթէ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Վրաստան է, քառակողմանի է՝ եթէ անոնց վրայ աւելնայ Իրանը, հնգակողմանի է՝ եթէ Հայաստան ուզէ միանալ տարածաշրջանային այս նոր ծրագիրին:

«Թրանս-Կովկաս»ի մէջ չներգրաւուած Մոսկուան տակաւին չէ արձագանգած:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023