ԵՏՄ-ԷՆ ԴԷՊԻ ՈՎԿԻԱՆՈՍ

Ռու­սաս­տա­նի Ու­ֆա քա­ղա­քին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ), ՊՐԻՔՍ-ի եւ Շան­հա­յի համա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հա­մատեղ նիս­տը։ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան եւս մաս­նակ­ցե­ցաւ այս գագա­թա­ժո­ղո­վին, որ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ռու­սաստա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի տան­տի­րու­թեամբ։ Հիւ­րըն­կալ երկ­րի ղե­կա­վա­րի կար­գա­վի­ճա­կով Փու­թին ող­ջունեց հան­դիպ­ման բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք գա­գա­թա­ժո­ղո­վի սկիզ­բէն ա­ռաջ նկա­րա­հա­նուե­ցան միաս­նա­բար։

ՊՐԻՔՍ-ի կազ­մին մէջ ընդգր­կուած են Ռու­սաս­տան, Հնդկաս­տան, Չի­նաս­տան եւ Պրա­զի­լիա։ Շան­հա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ կը գտնուին Ռու­սաս­տան, Չի­նաս­տան, Ղա­զա­խիս­տան, Խրղը­զիս­տան, Տա­ճի­կիս­տան եւ Էօզ­պե­քիս­տան։ Դի­տոր­դի կար­գա­վի­ճակ ու­նին Աֆ­ղա­նիս­տան, Հնդկաս­տան, Ի­րան, Մոն­ղո­լիա եւ Փա­քիս­տան։ Գործըն­կեր եր­կիր­ներ կը հա­մա­ր-ւին նաեւ Սպի­տակ Ռու­սիա, Թուր­քիա եւ Սրի Լան­քա։  ԵՏՄ-ին կ՚ան­դա­մակ­ցին՝ Հա­յաս­տան, Ռուսաս­տան, Ղա­զա­խիս­տան, Սպի­տակ Ռու­սիա եւ Խրղը­զիս­տան։

Ե­րէկ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ Սերժ Սարգ­սեան նշեց, թէ ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ներկա­յա­ցուած եր­կիր­նե­րու տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը, հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ու նե­րու­ժը հզօր նա­խադ­րեալ­ներ կը ստեղ­ծեն մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գութեան ա­ռա­ւել ար­դիա­կան խնդիր­նե­րուն լու­ծում­ներ ո­րո­նե­լու հա­մար։ Սարգ­սեան կանգ ա­ռաւ Եւ­րոա­սիոյ հա­մարկ­ման եւ «Մետաք­սի ճա­նա­պար­հի տնտե­սա­կան գօ­տի» նա­խա­ձեռ­նու­թեան զու­գակց­ման վրայ։ Ա­նոնք ներ­դաշ­նա­կօ­րէն գոր­ծակ­ցե­լով՝ հե­ռան­կա­րին կրնան ա­պա­հո­վել խո­շոր են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին եւ փո­խադ­րու­թեան ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը նոր մա­կար­դա­կի մը բարձ­րաց­նե­լու գոր­ծը։

«Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին այդ­պի­սի ծրագիր մը կրնայ դառ­նալ Հա­յաս­տան-Ի­րան եր­կա­թու­ղիի կա­ռու­ցու­մը, որ Պար­սից ծո­ցի մի­ջո­ցաւ պի­տի ա­պա­հո­վէ ԵՏՄ-ի եր­կիր­նե­րու ել­քը դէ­պի Հնդկա­կան ով­կիա­նոս։ Ար­դէն պատ­րաստ է թեք­նի­կատն­տե­սա­կան հիմ­նա­ւո­րու­մը ու ծրա­գի­րը բաց է՝ պե­տա­կան-մաս­նա­ւոր գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մար», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ յոյս յայտ­նեց, թէ ներ­կայ եր­կիր­նե­րէն ըն­կե­րու­թիւն­ներ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն այս ծրագրին նկատ­մամբ։

Օգ­տուե­լով ա­ռի­թէն, Սերժ Սարգ­սեան յոյս յայտ­նեց, թէ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը պսա­կուին յա­ջո­ղու­թեամբ, ինչ որ պի­տի նպաստէ թէ՛ մի­ջազ­գա­յին եւ թէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան ամրապնդ­ման, նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ պի­տի բա­նայ տնտե­սա­կան հա­մա­գո­րծակ­ցու­թեան հա­մար։ Որ­պէս բա­րե­կամ Ի­րա­նի հարե­ւան եր­կիր՝ Հա­յաս­տան ան­կեղ­ծօ­րէն կը փա­փա­քի այս բա­նը։ Սերժ Սարգ­սեան շա­րունա­կեց.

«Այս­տեղ ներ­կա­յա­ցուած կա­ռոյց­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու շրջա­նա­կը կը ներառ­նէ նաեւ կլո­պալ եւ տա­րած­քաշր­ջանա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցեր՝ ա­հաբեկ­չու­թեան, թմրա­նիւ­թե­րու սպառ­նա­լի­քի, կազ­մա­կեր­պուած յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ պայ­քա­րի, հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Մեր մեկ­նակէտն է ջան­քե­րու հա­մախմբ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ ի շահ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման, հա­մա­ձայ­նե­ցուած ձե­ւա­չա­փե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով ա­նոնց կար­գա­ւորման եւ հա­կա­մարտ բո­լոր կող­մե­րու շա­հե­րը հա­շուի առ­նե­լով, ինչ­պէս նաեւ հան­դէս կու գանք վե­րը նշուած մար­տահ­րա­ւէրնե­րու դէմ պայ­քա­րի հա­ւա­քա­կան ար­դիւ­նա­ւէտ դրու­թիւն­նե­րու մշակ­ման օգ­տին։ Մենք հա­մո­զուած ենք, որ անվ­տան­գու­թեան ան­բա­ժա­նե­լիու­թեան հի­ման վրայ զա­նա­զան հա­մարկ­ման միա­ւո­րում­նե­րու մէջ երկ­խօ­սու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կրնան կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­նալ ա­ռանց բա­ժա­նա­րար գիծե­րու ընդ­հա­նուր տա­րա­ծու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ՝ ի նպաստ բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րուն։ Այս­պի­սի ծա­ւա­լուն խնդրի ի­րա­գոր­ծու­մը, բնա­կա­նա­բար, հնա­րա­ւոր է միայն մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեան, ՄԱԿ-ի կա­նո­նադ­րու­թեան նպա­տակ­նե­րու եւ սկզբունք­նե­րու նկատ­մամբ յար­գան­քի, խա­ղի ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նե­ցուած կա­նոն­նե­րու պահ­պան­ման, այդ կա­նոն­նե­րու ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի խախ­տում­նե­րու, ընտ­րո­ղա­կան մօ­տեց­ման, միա­կող­մա­նի պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու, նե­րա­ռեալ՝ շրջա­փակ­ման ու այլ սահ­մա­նա­փա­կող մի­ջոց­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան ան­թոյ­լատ­րե­լիու­թեան հի­ման վրայ։ Հա­յաս­տան կը հաս­տա­տէ զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ նման երկ­խօ­սու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ փորձի փո­խա­նակ­ման եւ հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու ներ­դաշ­նակ, զի­րար լրաց­նող ու փոխ­շա­հա­ւէտ զար­գաց­ման ա­պա­հով­ման ու­ղի­ներ գտնե­լու քննարկ­ման նպա­տա­կով, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ ի­րա­րու շա­հե­րը յար­գե­լով»։­

Ու­ֆա­յի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Արտա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալպան­տեան։

ՎԱՐ­ՉԱ­ՊԵՏ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յովիկ Աբ­րա­հա­մեանն ալ ե­րէկ Մոս­կուա կատա­րած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ռու­սա­ստա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րու տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին վար­չա­պետ­նե­րը բարձր գնա­հա­տե­ցին երկ­կող­մա­նի ռազ­մավա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կայ մա­կար­դա­կը։ Ա­նոնք քննար­կե­ցին եր­կու դաշ­նա­կից եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման եւ ընդ­լայն­ման ուղ­ղեալ հար­ցե­րու լայն շրջա­նակ մը։ Վար­չա­պետ­ները կա­րե­ւո­րե­ցին տնտե­սու­թեան տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ հա­մա­տեղ ծրագ­րե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը եւ նոր նա­խագ­ծե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Կող­մե­րը անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րե­ցին ապ­րան­քաշր­ջա­նա­ռու­թեան ծաւալ­նե­րու բարձ­րա­ցու­մը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն։

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ Տի­միթ­րի Մետ­վետեւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ կանգ ա­ռին ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցութեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն վրայ։ Ա­նոնք նոյն­պէս կա­րե­ւո­րե­ցին ԵՏՄ-ի շրջանակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը։ Վար­չա­պետ­նե­րը քննար­կե­ցին ցարդ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման ըն­թաց­քը։ Ա­նոնք հա­մա­ձայ­նե­ցան շա­րու­նա­կել երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­նե­րը՝ քննար­կե­լու հա­մար հայ-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ ԵՏՄ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցերն ու ծրագ­րե­րը։

Վար­չա­պետ­նե­րու ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցէն վերջ հան­դի­պու­մը շա­րու­նա­կուե­ցաւ ընդ­լայ­նուած կազ­մով։ Քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան կա­պե­րու հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման ու զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ բազ­մա­թիւ հար­ցեր։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015