ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը յանձնեց ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար Ահմէտ Տավուտօղլուին։ Այս վերջինը, որ ներկայիս արդէն կը զբաղեցնէ վարչապետի պաշտօնը, աշխատանքի պիտի ձեռնարկէ ձեւաւորելու հանրապետութեան 63-րդ կառավարութիւնը։ Անգարայի մէջ, նախագահական պալատի երդիքին տակ երէկ տեսակցութիւն մը կայացաւ Էրտողանի եւ Տավուտօղլուի միջեւ եւ այս հիման վրայ ալ յանձնուեցաւ պաշտօնը։
Այսպէսով, Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեսուներկու օր վերջ պաշտօնապէս սկսաւ նոր կառավարութեան մը ձեւաւորման գործընթացը։ Ազգային մեծ ժողովի դիւանի ձեւաւորման զուգահեռ արդէն պաշտօնապէս սկիզբ առաւ նաեւ նոր նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման աշխատանքը։ Այժմ Տավուտօղլուի կողմէ գլխաւորուած ԱՔ կուսակցութիւնը համախոհութիւն մը կազմելու որոնման մէջ պիտի ըլլայ։ Յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ խորհրդարանի երդիքին տակ ներկայացուած քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ պիտի մէկտեղուի Տավուտօղլու։ Այս առաջին շփումներով թէեւ դժուար թէ վերջնական արդիւնքի մը հասնիլ հնարաւոր ըլլայ, սակայն արդէն այս փուլին կարելի պիտի ըլլայ սկզբնական ազդանշաններ ունենալ կուսակցութիւններու մտադրութեան եւ պատրաստակամութեան աստիճանին շուրջ։ Կը հաղորդուի, որ յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին Տավուտօղլու առաջին հերթին պիտի մէկտեղուի ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։ Պիտի յաջորդեն ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչէլիի եւ ՀՏՓ-ի կուսակցապետ Սելահատտին Տէմիրթաշի հետ հանդիպումները։
Սահմանադրութեամբ քառասունհինգ օրուան ժամկէտ մը նախատեսուած է նոր կառավարութեան ձեւաւորման համար։ Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, եթէ Տավուտօղլու չկարենայ անհրաժեշտ արդիւնքը ունենալ, ապա Էրտողան մտադիր է պաշտօնը յանձնելու Քըլըչտարօղլուին։ Ներկայ պայմաններով հանրապետութեան նախագահը չի նախատեսեր Պահչէլիին կամ Տէմիրթաշին պաշտօն յանձնել։ Հետեւաբար, Տավուտօղլու կը ծրագրէ երկու-երեք շաբթուան ժամանակաշրջան մը օգտագործել նոր կառավարութիւնը ձեւաւորելու համար, իսկ արդիւնք մը չունենալու պարագային մտադիր է պաշտօնը վերադարձնելու՝ որպէսզի ՃՀՓ-ի կուսակցապետն ալ անհրաժեշտ ժամանակը ունենայ աշխատելու համար։
Համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու գործընթացի առաջին քայլափոխին Ահմէտ Տավուտօղլու դրական պատգամներ կը փոխանցէ թէ՛ կուսակցութիւններուն եւ թէ հանրային կարծիքին։ Ան յայտնեց, թէ իրենք պատրաստ են ձեռնուելու եւ ճանապարհները փակուելու փոխարէն պէտք է բացուին։ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի երէկ տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին Ահմէտ Տավուտօղլու ընդգծեց, թէ թափանցիկ ձեւով յառաջ պիտի տանին տեսակցութիւնները ու պիտի ըլլան շինիչ։ Մանրամասն խօսակցութիւններ պիտի ծաւալուին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ հասնիլ առողջ գործընկերութեան մը։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Թուրքիա Րամազանի տօնի արձակուրդին մէջ պիտի գտնուի, Տավուտօղլու կը նախատեսէ շաբթուան առաջին կէսին արդէն իրականացնել առաջին շփումները եւ շարունակութեան կապակցութեամբ քայլերը պիտի առնուին՝ ստեղծուելիք մթնոլորտին համեմատ։
Ահմէտ Տավուտօղլու երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ կոչ ուղղեց նաեւ կուսակցապետներուն, որպէսզի միասնաբար յարգալից ոճ մը որդեգրուի, ցուցաբերուի շինիչ մօտեցում եւ կանխակալ կարծիքներ յառաջ չքշուին։ Ան յոյս յայտնեց, թէ բոլոր կուսակցապետները կը տեսակցին առանց հոգեբանական պատնէշներու եւ ընդհանուր համաձայնութեան ոգիով։ Ըստ Տավուտօղլուի, կա՛մ Թուրքիա շատ առողջ կառավարութիւն մը պիտի ունենայ եւ կամ անգամ մը եւս պիտի դիմէ ազգի կամքին։
«Վճռակամ ձեւով պիտի շարունակենք մեր ճանապարհը», նշեց Տավուտօղլու։