ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան այս օրերուն քաղաքս կը գտնուի՝ մասնակցելու համար Աստուածաշունչի ընկերութեան տարածաշրջանային մակարդակով կազմակերպուած ժողովներուն։ Հրայր Ճէպէճեան, որ իր ժամանումէն վերջ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուած էր Պատրիարքարան, երէկ առաւօտ հիւրընկալուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան կողմէ։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ան ողջունելի հիւր մըն էր մեր երդիքին տակ եւ իր այցելութիւնը ուրախառիթ եղաւ՝ հաճելի զրոյցի բերումով։ Հրայր Ճէպէճեան եւ թերթիս ներկայացուցիչները ամփոփ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու վիճակին, ինչպէս նաեւ հայաշխարհի օրակարգին վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։
Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի մասնակցած՝ Աստուածաշունչի ընկերութեան տարածաշրջանային ժողովները սկսան երէկ երեկոյեան եւ պիտի աւարտին վաղը երեկոյեան։ Խորհրդակցութիւնները տեղի կ՚ունենան Կալաթասարայի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։
Աշխատանքային ծրագիրը աւարտելէ վերջ, տքթ. Հրայր Ճէպէճեան հինգշաբթի առաւօտ հրաժեշտ պիտի առնէ քաղաքէս։