ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Երկու նախարարները Ժընեւի մէջ կը գտնուէին՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 52-րդ նստաշրջանին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Երէկուան տեսակցութեան ընթացքին Միրզոյեան եւ Ապտուլլահիան քննարկեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ զանազան հարցեր։ Ապտուլլահիան ընդգծեց Հայաստանի հետ Իրանի յարաբերութիւններու պատմական բնոյթը եւ շեշտեց, որ անոնք համահունչ են տարածաշրջանի շահերուն։ «Մենք բազմիցս ընդգծած ենք, որ Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ լաւ յարաբերութիւնները վնաս չեն բերեր որեւէ այլ երկրի։ Մենք կ՚աջակցինք Կովկասի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութեան զարգացման, սակայն մեր հիմնարար քաղաքականութիւնը տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութեան որեւէ փոփոխութեան դէմ ըլլալն է», ըսաւ Ապտուլլահիան հանդիպման ընթացքին։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները ունին զարգացման մեծ ներուժ՝ յատկապէս տնտեսական ոլորտէն ներս։
Իր կարգին, Միրզոյեանն ալ Ապտուլլահիանի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին։ Ան ընդգծեց Ատրպէյճանի կողմէ առանց նախապայմանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը անյապաղ դադրեցնելու հրամայականը՝ 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթներուն հիման վրայ։ Այս ամբողջին մէջ ան ընդգծեց նաեւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի կողմէ արձակուած վերջին դատավճռին նշանակութիւնը։ Միրզոյեան պաշտօնակցին ներկայացուց նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։
Հայկական կողմի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն շուրջ։ Կարեւորուեցաւ համատեղ ջանքերու ներդրումը՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բնագաւառներէ ներս՝ մասնաւորապէս ուժանիւթ, փոխադրութիւն եւ ենթակառուցուածքներ։ Միրզոյեան եւ Ապտուլլահիան քննարկեցին երկկողմանի ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրեցին Երեւան-Թեհրան քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը։
Արարատ Միրզոյեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Էկէրի, ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց յանձնակատար Վոլքեր Թիւրկի եւ ՄԱԿ-ի փախստականներու գծով յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ։