ՈՒՐԻՇԻՆ ՑԱՒԸ ԶԳԱԼ…
Կ՚ըսեն, որ մարդ երբ ինքն իր ցաւը զգայ, այս կը նշանակէ որ ո՛ղջ է, իսկ երբ ուիշին ցաւը զգայ, այս ալ կը նշանակէ թէ՝ մա՛րդ է։ Ահաւասի՛կ, մարդուն առաջնակարգ կոչումը՝ «իրերօգնութի՛ւն»։ Ուստի, մարդ՝ «մա՛րդ» է, երբ գիտակցութիւնը, զգացումը ունի «ուրիշ»ին…
Մարդ պէտք չէ ինքնակեդրոն ըլլայ՝ ան աշխարհի կեդրոնը չէ անհատ ըլլալով, մարդու մը շուրջ չի դառնար ամբողջ աշխարհը, ո՛չ ալ մարդկութիւնը, քանի որ իւրաքանչիւր անհատ իր նմաններուն հետ ամբողջ մը կը կազմէ եւ այդ կերպով է որ «մարդ» կ՚ըլլայ, «անձ» կ՚անուանուի։ Եւ այս ալ կը նշանակէ՝ որ մարդ մարդու կարօտ է, կամ ուրիշ խօսքով՝ մարդ մարդով է, որ «մա՛րդ» կ՚ըլլայ իր իսկական իմաստով։ Մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։
Մարդուն գոյութիւնը կախում ունի ընկերութենէն։ Եւ ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ պահա՛նջք մը անոր բնութեան։ Փոխանակութեամբ եւ իրերօգնութեամբ ծառայութիւններու եւ երկխօսութեամբ իր նմաններուն՝ եղբայրներուն հետ, մարդը իր մարդկութեամբ կը զարգացնէ իր զօրութենականութիւնները եւ այսպէս կը համապատասխանէ իր կոչումին։
«Ընկերութիւն» մը ամբողջութիւնն է անձերու, որոնք զօդուած են իրարու անդամական՝ օրկանական կապով՝ «միութեան սկզբունք»ի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։
Ընկերութիւն մը ըլլալով միանգամայն տեսանելի եւ հոգեւոր համախմբում մը, կը համընթանայ ժամանակին մէջ. ան կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագան։ Անով, իւրաքանչիւր մարդ «ժառանգորդ» կարգուած է, կ՚ընդունի «մնասներ», որոնք կը ճոխացնեն իր ինքնութիւնը եւ զորս պարտի շահագործել։ Իրաւամբ ուրեմն, իւրաքանչիւր մարդ պարտի անձնուիրում ունենալ այն հասարակութիւններուն հանդէպ, որոնց մաս կը կազմէ, ինչպէս նաեւ յարգանք՝ այն իշխանութիւններուն, որոնք պատասխանատո՛ւ են հասարակաց բարիքին։
Իւրաքանչիւր հասարակութիւն կը սահմանուի իր նպատակով եւ հետեւաբար կը հնազանդի յատուկ կանոններու, սակայն «մարդկային անձ»ը՝ է՛ եւ պէ՛տք է ըլլայ նախասկիզբը, ենթական եւ նպատակը ընկերային բոլոր հաստատութիւններուն։
Ապահովելու համար մեծագոյն թիւով անձերու մասնակցութիւնը ընկերային կեանքին, հարկ է քաջալերել ստեղծումը ընտրովի ընկերութիւններուն եւ հաստատութիւններուն։ Այս «սոցիալականացում»ը կ՚արտայայտէ նաեւ բնական ձգտումը՝ որ կը մղէ մարդիկը ընկերութիւն կազմելու՝ հասնելու համար նպատակներու, որոնք կը գերազանցեն անհատական կարողութիւնները։ Կը զարգացնէ անձին յատկութիւնները, մա՛նաւանդ՝ անոր նախաձեռնութեան եւ պատասխանատուութեան ոգին։ Կը սատարէ մարդուն իրաւունքները երաշխաւորելու։
«Սոցիալականացում»ը կը ներկայացնէ նաեւ վտանգներ։ Շատ առաջ մղուած միջամտութիւնը պետութեան՝ կրնայ սպառնալ անհատական ազատութեան եւ նախաձեռնութիւններուն։ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը մշակած է սկզբունքը, որ կը կոչուի «օժանդակիչ գործակցութիւն»։ Ըստ ասոր, աւելի բարձր կարգի ընկերութիւն մը պէտք չէ միջամտէ ստորադաս կարգի ընկերութեան մը ներքին կեանքէն ներս, զրկելով զայն իր ներքին կեանքին մէջ ձեռնհասութիւններէն, այլ ան նախընտրաբար պէտք է անոր թիկունք կանգնի՝ կարիքի պարագային եւ օգնէ անոր՝ համադրելու իր ընելիքը ընկերութեան մաս կազմող միւս տարրերու գործին հետ, ի շահ «հասարակաց բարիք»ին։
Այս իմաստով, մարդ կոչուած է իրերօգնութեան։
Աստուած իւրաքանչիւր արարածին կը յանձնէ պաշտօններ, զորս ան կարող է կատարել իր բնութեան կարողութիւններուն համեմատ։
Կառավարումի այս գործելաձեւին պէտք է հետեւիլ ընկերային կեանքին մէջ։ Աշխարհը կառավարելու Աստուծոյ վարուելակերպը, որ ցոյց կու տայ այնքան մեծ նկատառութիւն մարդկային ազատութեան հանդէպ, պէտք է ներշնչէր անոնց իմաստութիւնը, որ կը կառավարեն մարդկային հասարակութիւնները։
Ասոնք պէտք է վարուին իբրեւ «պաշտօնեաներ աստուածային նախախնամութեան»։
«Օժանդակիչ գործակցութեան սկզբունք»ը կը գծէ պետութեան միջամտութեան սահմանները։ Ան կը ձգտի ներդաշնակելու անհատներուն եւ ընկերութեան միջեւ փոխյարաբերութիւնները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 25 2023, Իսթանպուլ