ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վճիռ արձակեց ի նպաստ Հայաստանի՝ Ատրպէյճանէն պահանջելով, որ ապահովէ Բերձորի միջանցքով ազատ երթեւեկը։ Սակայն, հակառակ այդ վճռին, արդէն աւելի քան շաբաթ մըն է, որ միջանցքը տակաւին փակ կը մնայ։ Մեծ տէրութիւնները դատապարտած էին միջանցքին փակ մնալը։ Ներկայիս ատեանին վերոյիշեալ վճիռը եւս կայ, սակայն անոր գործադրումը ապահովելիք մարմինը չկայ։ Եւ քանի միջանցքի բացումը կը հակասէ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանէն պահանջուած Սիւնիքի միջանցքի բացումին՝ ուրեմն, այս երեք երկիրներուն միջեւ նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով աշխոյժ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Այս պատճառով, ցարդ, Հայաստանի ձեռք բերած դատական յաջողութիւնը կը մնայ չգործադրուած՝ քանի դեռ չկայ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կամ Եւրոմիութեան կողմէ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու մտադրութիւն միջանցքի բացումը պարտադրելու համար։
Ինչո՞ւ Հայաստան, հակառակ Արեւմուտքի համակրական զօրակցութեան, հակառակ Ռուսաստանի հետ ունեցած ռազմավարական դաշինքին, կը մնայ անզօր ու անպաշտպան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ աքցանին մէջ։ Շատեր կը պատճառաբանեն Հայաստանի վարած սխալ քաղաքականութիւնը, անոր դիւանագիտական անփորձութիւնը, ապա նաեւ Ատրպէյճանի հետ բաղդատած՝ անոր քարիւղի հանքեր չունենալը։ Ոմանք ալ Հայաստանի՝ մինչեւ 2018-ը բացարձակապէս Ռուսաստանէն կախեալ ըլլալը պատճառ ցոյց կու տան, իսկ ուրիշներ՝ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին դէպի Արեւմուտք յարիլը։ Հակառակ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած գոյութենական ահռելի վտանգին, պատերազմի ամէնօրեայ սպառնալիքին, զարմանալիօրէն Հայաստանի տնտեսութիւնը կ՚ապրի բացառիկ աճ մը՝ «շնորհիւ» Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին եւ արեւմտեան պետութիւններու աջակցութեամբ՝ պետական կառավարման կարգ մը համակարգային բարեփոխումներուն։
Կարճ ըսած՝ Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմական գետնի վրայ ձախողումներուն կ՚ընկերակցին տնտեսական գետնի վրայ յաջողութիւնները. շատ կարեւոր ձեռքբերում մը, որ յաճախ կ՚անտեսուի քաղաքագէտներու կողմէ։ Հայաստանի ձախողումներու արմատին կանգնած է անոր տնտեսութեան ձախողումը 1991էն ի վեր, ինչ որ կը թարգմանուի՝ բանակին համար աժան սպառազինութեան գնումներով, Հարաւ-Հիւսիս ռազմավարական փոխադրական միջոցներ կառուցելու անկարողութեամբ, զարգացած յառաջադէմ տնտեսութիւն չստեղծելով, արեւմտեան պետութիւններու մեծ ընկերութիւններու հետ գործընկերութիւն, առեւտրական համագործակցութիւն կնքելու անկարողութեամբ։ Հայաստան, հակառակ սովետական շրջանի իր գիտական, մտաւորական եւ ճարտարարուեստական զարգացումին, չէ կրցած արդիական արհեստագիտութեան, թուային տնտեսութեան մէջ իսկական նուաճում արձանագրել։ Այս պատճառով, առաւելապէս աշխատուժ արտահանած է, ժողովրդագրական անկում արձանագրած։
Արեւմուտքը տուրք կու տայ Ատրպէյճանին՝ քարիւղի տնտեսութեան առաւելութեան պատճառով։ Ատրպէյճան 2020ի պատերազմին մէջ յաջողեցաւ շնորհիւ իր դրամական առաւելութեան։ Հայաստանի տնտեսական զարգացումը կը հանդիսանայ բանալին՝ իր անկախութեան եւ միջազգային հասարակութեան առջեւ յարգելի գործընկեր մը դառնալու։
Հայաստանի տնտեսութեան Ռուսաստանէն կախեալ ըլլալը որքան որ պետութեան նիւթական բացառիկ միջոցներ կ՚ընձեռէ, նոյնքան ալ մեծ վտանգ կը ներկայացնէ։ Հարկ է տնտեսական զարգացման նոր ուղիներ որոնել։
Այս տարի եւս Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն այդ պատուհանը բացաւ՝ փետրուարի 24ին կազմակերպելով Փարիզի Ֆրանսա-Հայաստան տնտեսական վեհաժողովը, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատին մէջ, մասնակցութեամբ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի։ Անցեալ տարի՝ մարտի 9ին եւս Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ նմանատիպ հանդիպում մը կազմակերպուած էր «Յաւակնութիւններ. ՖրանսաՀայաստան» անուան տակ։
Կարեւոր է Վահան Քերոբեանի ընդգծումը, թէ հակառակ ՖրանսաՀայաստան քաղաքական առաջին կարգի գործակցութեան եւ բարեկամութեան, տնտեսական գետնի վրայ Ֆրանսայի հետ առեւտրական փոխանակումները նոյնիսկ առաջին տասն երկիրներու շարքին չեն գտնուիր եւ զարգանալու շատ մեծ առիթներ ունին։
Այստեղ պէտք է անդրադառնալ ֆրանսահայ համայնքի թերացումներուն։ Նախ եւ առաջ անոր ներկայացուցած պառակտուած պատկերին, սոյն նախաձեռնութենէն քաղաքական կարեւոր ուժերու բացակայութեան, ՀայաստանCCAF (Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդ) յարաբերութիւններու անտեղի վատթարացումին, սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարին հանդէպ անիմաստ թշնամանքին, ընդհանուր առմամբ տեղեկատուութեան պակասին, տնտեսական գործընկերութեան առաջարկներու բացակայութեան… Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան եւ գոյութեան համար ներկայ ճակատագրական պահուն նման պառակտուած պատկեր ռազմավարական միտքի մեծ թերացում մը ի յայտ կը բերէ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի