ԿԱՄՈՒՐՋ… -Գ-

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու եւ կամուրջներու մասին…

Բացատրեցինք, որ մարդիկ, որոնք ընկերային արարածներ են, կը փորձեն կարգավիճակ ձեռք բերել իրենց հիմնական, կենսական կարիքները բաւարարելէ յետոյ: Կարգավիճակ ձեռք բերելու ձգտումը յաճախ կրնայ առաջնահերթ ըլլալ հիմնական կարիքներէն, նոյնիսկ կեանքէն: Բացի հիմնական կարիքէն, այդ ձգտումը կրնայ բոլորովին հասարակութեան ընթացքին կամրջուած ըլլալ։ Այսպէսով կրնայ անհաւասարութիւն յառաջանալ՝ մանաւանդ այն մարդոց պատճառով, որոնք նախքան կը բաւարարեն իրենց հիմնական կարիքները: Այս անհաւասարութիւնը աշխատանքի բաժանման եւ անհատ ըլլալու բնական հետեւանքն է։

Անհաւասարութիւնը անարդարութիւն չէ։ Հաւասարութիւնը, այսինքն՝ բոլոր որակումներու նմանութիւնը ցանկալի չէ բոլորին կողմէ։ Բազմազանութիւնը կենսական յատկանիշ է ու հրամայական, որպէսզի մենք անհատներ ըլլանք։ Անհաւասարութիւնը բնական է, իսկ արդարութիւնը՝ կապուած է խղճին։ Անհաւասարութեան մասին փիլիսոփայական հարցումներն են. «ինչո՞ւ բոլորս նման չենք» կամ «ի՞նչ է մեր բոլորին միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը»։ Խնդիրը սովորաբար մեր մէջն է։ Ինչպէս մարդկութեան խնդիրները կը բխին պատասխանատուութեան բացակայութենէն, այնպէս ալ անհատի խնդիրները կապուած են արտաքին աշխարհին հետ հաստատած կապերէն։ Ամէն ինչ հնարաւոր է ընդունիլ, եթէ կեանքի հետ կապ հաստատենք, սկսեալ մենք մեզմէ։ Ոչ մէկ դժուարութիւն կը վախցնէ այն անձը, որ կապ հաստատած է ինքն իր հետ եւ հաշտ է իր կապերու հետ: Անհաւասարութիւնը, այսինքն՝ մարդոց միջեւ տարբերութիւնը բնական երեւոյթ է։ Մարդկութիւնը միւս կենդանի էակներու բաղդատմամբ աւելի մեծ անհաւասարութեան ու անարդարութեան մէջ է, ինչ որ պայմանաւորուած է աշխատանքի եւ ունեցուածքի բաժանմամբ։ Մենք կեանքը զուարճալի կը դարձնենք բազմազանութեան միջոցով եւ իրականութեան մէջ կը խթանենք անհաւասարութիւնը:

Ապացոյցի համար մենք կրնանք խոշորացոյցի տակ դնել պարզունակ, նախնական հասարակութիւնները: Կինէի եւ Ամազոնի մէջ ապրող ցեղերու որսորդներու վարք ու բարքին մէջ մեծ տարբերութիւն չկայ: Պետը աւելի շքեղ է՝ քան նշեալ հաւաքականութեան միւս անդամները։ Ժամանակակից հասարակութիւններու տարբերութիւնը կը բխի գիւղատնտեսական հասարակութիւն ըլլալէն։ Շուրջ տասներեք հազար տարի առաջ սկսաւ հացահատիկի արտադրութիւնը եւ սննդամթերքը հսկողութեան տակ առնուեցաւ: Մարդիկ, որոնք կը բաւարարէին իրենց սնունդի կարիքները, սկսան աւելի շատ զբաղիլ այլ աշխատանքներով։ Քանի որ աշխատանքի բաժանումն ու մասնագիտացումը աչքառու կը դառնային, դասակարգերու եւ կենսամակարդակի տարբերութիւններ կը յառաջանային։ Մարդիկ անհաւասար էին, քանի որ անոնք անհատներ էին։ Անհատներու միջեւ առկայ անջրպետը կը բխի սկսելով գիւղատնտեսական հասարակութեան կարիքներու փոփոխութիւններէն։ Անհաւասարութիւնը, հիմնականին մէջ, յառաջացած է գիւղատնտեսութենէն։

Կարիքներու փոփոխութիւնը ստեղծած է անհաւասարութիւն։ Այն ցեղերը, որոնք չէին ունենար գիւղատնտեսական հասարակութիւն, չէին կրնար դառնալ հանքափոր կամ որեւէ այլ աշխատանքի վարպետ՝ սնունդ գտնելու պատճառով: Միւս կողմէ, հողագործները նոր զբաղումներ ստեղծեցին իրենց նախկին կարիքները բաւարարելով: Որպէս մարդ՝ մենք նախընտրած ենք այս ճանապարհը։ Սնունդի եւ անվտանգութեան «խաղը» այլեւս ձանձրալի եղած էր: Երբ սնունդը երաշխաւորուած էր, մենք չվարանեցանք ուրիշ զբաղումներ ունենալէ։ Մենք միշտ գտած ենք նոր կարիքներ եւ հասած ենք անոնց բաւարարման։ Աճած է նաեւ անհաւասարութիւնը, այսինքն՝ մարդոց միջեւ տարբերութիւնները։ Անարդարութիւնն ալ մեծցած է, բայց մենք անոր համար կարելի եղած չափով չենք բողոքեր։

Մարդոց խնդիրը անհաւասարութիւնը կամ անարդարութիւնը չէ՛։ Երբ կ՚ուզենք նմանիլ ուրիշներուն կամ մենք զմեզ փաստել հասարակութեան մէջ, մեր քայլերը կ՚առնենք այդ ուղղութեամբ։ Եթէ իրատես եւ նպատակասլաց ըլլանք, կրնանք հասնիլ արդարութեան։ Մենք կը գիտակցինք, որ հաւասարութիւնը կրնայ ըլլալ միայն հնարաւորութիւններու հաւասարութիւն: Յաճախ կը զբաղինք ուրիշներու կարիքները բաւարարելով կամ անոնց նմանելով: Սակայն, իրականութեան մէջ, առաջին անհրաժեշտութեան կարիքներու բաւարարումէն յետոյ ամէն ինչ աւելորդ է։ Սա եղած է ճնշող վարչակարգերու թելադրանքը, թէ բոլորը ունին նոյն կարիքներն ու նպատակները:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի… 

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023