ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱՐԵՑ ՏՔԹ. ԱՐԹՕ ԷՐՍԱՆԸ

Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշանակ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, միութեան երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը ի պատիւ տքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեանի։ Հարկ է նշել, որ տքթ. Արթօ Էրսան Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան նախկին ատենապետներէն է եւ այդ կառոյցի սիւներու շարքին կը դասուի՝ իր մատուցած քառասնամեայ երախտաշատ ծառայութեամբ։ Մեծ պահոց շրջանին զուգադիպած երեկոյթը նախատեսուած էր համապատասխան պատշաճութիւններու շրջանակին մէջ եւ կազմակերպիչները ձեւով մը Միջինքի ընթրիքի բնոյթը վերագրած էին անոր։

Տքթ. Արթօ Էրսանի ի պատիւ մեծարանքի երեկոյթը կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մշակոյթի յանձնախումբին նախաձեռութեամբ։ Հաւաքոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց յանձնախումբին ատենապետը՝ տքթ. Յովհաննէս Քուլաք-Աւետիքեան։ Բազմատասնեակ ներկաներու մասնակցութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը՝ հանդիսավարութեամբ միութեան քարտուղարի Մարիէթ Օհանէսի։ Բոլորին ներկայութեամբ ընթերցուեցաւ տքթ. Արթօ Էրսանի կենսագրութիւնը։ Սա պարզապէս խորհրդանշական վերյիշում մըն էր, քանի ներկաներու մեծամասնութիւնը արդէն վկան էր տքթ. Արթօ Էրսանի՝ չորս տասնամեակի վրայ տարածուած նուիրեալ գործունէութեան։ Կենսագրութեան ընթերցումէն վերջ Արթօ Էրսանին հանդիսաւոր պայմաններով, ծափողջոյններու ներքեւ նուիրուեցաւ զարդասեղ մը։ Յուշանուէրը օրուան մեծարեալի լամբակին զետեղուեցաւ՝ ձեռամբ տքթ. Յովհաննէս Քուլաք-Աւետիքեանի։

Ձեռնարկի տեւողութեան ողջոյնի խօսք մըն ալ արտասանեց Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան գործադիր վարչութեան ատենապետ տքթ. Մուրատ Քէօշքեր, որ եւս դրուատիքը հիւսեց օրուան մեծարեալին եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոր մատուցած ծառայութեան եւ միութեան ի նպաստ ունեցած ներդրման մասին։

Հուսկ, տքթ. Արթօ Էրսան արտասանեց իր սրտի խօսքը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար եւ երանութեամբ վերյիշեց Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան բարեյիշատակ հիմնադիրները։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ միութեան երդիքին տակ համախմբուածները շարունակեցին անմիջական զրոյցը՝ մինչ տեղի ունեցան նկարահանումներ, նաեւ մօտալուտ Համաշխարհային կանանց օրուան բերումով ջերմօրէն համախմբուեցան իգական սեռի ներկայացուցիչները։

Տքթ. Արթօ Էրսան 1937 թուականին ծնած է Պոլսոյ մէջ։ Էսաեան վարժարան յաճախած է նախակրթարանի եւ միջնակարգի տարիներուն։ Կեդրոնականը աւարտած է 1956-ին։ Իսթանպուլի համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէի ատամնաբուժական բաժնէն վկայուած է 1962-ին։ Բարձրագոյն ուսումը կատարելագործած է Զուիցերիոյ մէջ, ուր ատամնաբուժական վկայական մըն ալ ստացած է Լոզանի համալսարանէն։ Հինգ տարի այնտեղ բժշկագործելէ վերջ վերադարձած է Պոլիս։ Ծննդավայրը վերադառնալէ վերջ՝ մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթելը, համայնքային կեանքէ ներս զբաղեցուցած է զանազան պաշտօններ։ Եղած է Պէյօղլուի աղքատախնամի հոգաբարձու, Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենադպիր եւ փոխ-ատենապետ։ Անդամակցած է Սուրբ Խաչ դպրեվանքի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի օժանդակ մարմնին։ Անդամ ընտրուած է Ղալաթիոյ խնամակալութեան։

Ընտանիքին հետ ԱՄՆ հաստատուելէ վերջ ալ մէկ կողմէ մասնագիտական վերապատրաստութիւններու հետեւած է, իսկ միւս կողմէ միշտ իր ներդրումը բերած է հայկական կեանքին։ Թէ՛ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան եւ թէ Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբին անդամակցելով ստանձնած է վարչական պատասխանատուութիւն։ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան վարչութեան մէջ 26 տարի անընդմէջ վարչական լուրջ պատասխանատուութիւն ստանձնած է՝ ընդ որում տասն տարի ձեռնհասօրէն վարելով ատենապետի պաշտօնը։ Եղած է միութեան կողմէ հրատարակուած «Ձայն» պարբերականի հիմնադիրներէն։ Ստանձնած է նաեւ Պոլսահայ միութեան յարակից հիմնադրամի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ալ ունեցած է դերակատարութիւն։ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն պատգամաւոր ընտրուած է։ Երկու շրջան եղած է Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետը։ Անդամակցած է թեմի միացեալ երգչախումբերուն եւ առաջնորդարանի կողմէ կազմուած՝ Կաթողիկոսական այցելութիւններու կարգադիր յանձնախումբերուն։

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ալ իր բազմակողմանի ծառայութիւններն ու ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ներդրումը հաշուի առնելով՝ տքթ. Արթօ Էրսանին շնորհած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը։

Հարկ է նշել, որ Արթօ Էրսան եղած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի վաղեմի բարեկամներէն։ Ան իր սերունդի ամենայատկանշական ներկայացուցիչներէն մին է։ Արդարեւ, յաջողած է թէ՛ արհեստավարժ կեանքի մէջ, թէ՛ լիովին համարկած է իր ապրած ու գործած հասարակութիւններուն եւ թէ միեւնոյն ժամանակ միշտ հաւատարիմ մնացած է իր ինքնութեան։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք տքթ. Արթօ Էրսանը եւ իրեն կը յղենք մեր լաւագոյն մաղթանքը՝ արդար մեծարանքի առիթով։

Շաբաթ, Մարտ 4, 2023