ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻՆ
«Անառակի կիրակի»ն մարդկութեան համար կենսական խնդրի մը շուրջ կը դառնայ, որ անուրանալի է՝ որ միշտ արդիական է։ Մարդ երբ կ՚ապրի եւ կը վայելէ աններդաշնակ եւ անհակակշիռ կեանք մը՝ իր ամենալայն իմաստով «երջանի՛կ» է, ընդհակառակը, երբ առիթը չունի լաւ կեանք մը ապրելու եւ վայելելու՝ ապերջանիկ է եւ դժբա՛խտ։ Սա անուրանալի է, որ լայն իմաստով «կորուստ»ը ցաւ կը պատճառէ մարդուս։
Երբ «կորուստ»ի մասին է խօսքը, գիտենք, որ այս կորուստին ամենացաւալին եւ մտահոգիչն է մա՛հը։
«Մահ»ը կորո՛ւստ է՝ թէ՛ մարդուն իր կեանքին եւ թէ իր մերձաւորներուն, սիրելիներուն կեանքին նկատմամբ։ Կեանքին ամէն տեսակ կորուստը վախ կը պատճառէ մարդ արարածին։ Բայց «կորուստ»ը միայն մահով չ՚իրականանար։ Հեռանալն ալ կորուստ մըն է։ Մարդիկ զանազան պատճառներով եւ ձեւերով իրարմէ կը հեռանան։ Այս իմաստով պէտք է զանազանել «կորսուիլ»ը եւ «կորսնցնել»ը։
Մարդ կը վախնայ կորսուելէ, կը վախնայ նաեւ կորսնցնելէ։ Բայց բնութեան անուրանալի օրէնքն է՝ թէ ամէն արդիւնք պատճառի մը հետեւանքն է, եւ փոխադարձաբար՝ ամէն իրողութիւն, ամէն պատճառ ունի հետեւանք մը, որ կը կոչուի՝ «արդիւնք»։
Ահաւասիկ, այս իմաստով, եթէ պատճառը բարի է, արդիւնքն ալ բարի կ՚ըլլայ բնականաբար։ Ուրեմն, մարդ եթէ իր արարքներուն մէջ զգաստ ըլլայ, բարենպատակ ըլլայ, ընդհանրապէս բարի հետեւանքներու, արդիւնքներու կը հասնի։ Այս կէտին պէտք է անդրադառնալ սա իրականութեան, թէ բարի նպատակը չ՚արդարացներ չար պատճառը։ Մաքիավէլական տեսութիւնը երբեք չի՛ համապատասխաներ բարոյական, բարոյագիտական սկզբունքներու։
Կեանքը իրականութիւն մըն է, բայց մահը միակ անխուսափելի՛ն է, ճշմարտութիւն է։ Ինչպէս մարդ կարող չէ իր կեանքին սկիզբ տալու, նոյնպէս կարող չէ արգելք ըլլալու մահուան իրականութեան։ Կեանք եւ մահ խորհուրդներ՝ առեղծուածներ են։ Իմաստասէրներ, բարոյագէտներ, հոգեբաններ, ընկերաբաններ մարդուն անհատական-հասարակական կեանքին առեղծուածը չեն կրցած լուծել։
Dr. Alexis Carrel (1873-1944) իր «Մարդ՝ անծանօթը» ուսումնասիրութեան մէջ մարդը ուսումնասիրած է հոգեբանական եւ բնագիտական, բնախօսական կողմերով եւ յանգած է այն եզրակացութեան, թէ մարդը «անծանօթ» մըն է։ Ուրեմն, վախը, մտահոգութիւնը մեծ մասամբ եւ ուղղակի՛ ազդեցութիւն մը չի գործեր մահուան վրայ։ Եւ կը հետեւի՝ քանի որ մահը կարելի չէ կանխել, ուրեմն պէտք է կեանքը լա՛ւ ապրիլ, առիթները օգտագործել եւ մահուան պատրաստուիլ…
Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ է Քրիստոսի ուսուցումը այս կենսական հարցին մասին։
«Անառակ որդի»ին առակին մէջ տիրող գաղափարը՝ ներկայացնել է յաւակնոտ եւ ինքնահաւան մտածողութեան մը դըժ-բախտութիւնը։
Իբր թէ «երջանկութիւն» փնտռելու համար, իր ընտանիքէն հեռո՛ւ «ազատութիւն» վայելելու համար «անառակ որդի»ն կը լքէ իր ընտանիքը, տունը։ Միջոց մը կը կարծէ երջանիկ եւ ազատ ըլլալ։ Բայց երկար ժամանակ չի տեւեր այդ «երազային» կարծեցեալ երջանկութիւնը եւ ազատութիւնը։ Անառակ որդիին անառակ կեանքը շուտով կը հալեցնէ այդ կարծեցեալ երջանկութիւնը եւ երեւակայական ազատութիւնը։ Երբ եկան դժուար՝ մութ եւ խաւար օրեր, չքաւորութիւնը սկսաւ տիրական դառնալ եւ որպէս մարդկային բնական թերութիւն եւ տկարութիւն, հետզհետէ իրմէ հեռացան սուտ եւ կեղծաւոր, կարծեցեալ «բարեկամ»ներ եւ լքեցին զայն։ Շողոքորթներ, կեղծաւորներ, քծնողներ, երկերեսներ՝ մակաբոյծ պնակալէզներ կատարեցին իրենց դերը, եւ անմիջապէս լքեցին «անառակ որդի»ն։ Եւ «անառակ որդի»ն մինակ՝ ճարակազուրկ, անօգնական մնաց։
Եւ «անառակ որդի»ին առջեւ կար միայն մէկ ճամբայ՝ դառնալ իր հօրենական տունը՝ իր հօրենական ընտանիքին։ Հոս, նկատի ունենանք, որ քրիստոնէական ըմբռնումին համաձայն՝ օրինաւոր հիմքի վրայ հաստատուած ընտանիքը՝ «առտնին եկեղեցի» մըն է՝ ուր կը տիրէ ներողամտութիւն, հանդուրժողութիւն, եկայնամտութիւն…
Ուրեմն, «անառակ որդի»ին իր ընտանիքին վերադառնալու որոշումը անհնար, ճարակազուրկ ըլլալէ աւելի՝ քրիստոնէական ըմբռնումի արդիւնք է։ Ընտանիքը անհատին ամենավստահելի պատսպարանը, ապաւէնը՝ խաղաղ նաւահանգիստն է։ «Անառակ որդի»ն ըրած է այն՝ որ ճի՛շդ էր։
Այս հարցով կ՚ուզենք երկու տեսակէտի վրայ ծանրանալ։ Նախ՝ «անառակ որդի»ն եթէ իր փնտռած երջանկութիւնը եւ ազատութիւնը գտնէր՝ տուն վերադառնալ պիտի խորհէ՞ր։
Եթէ բարի կենցաղ մը ունենար, չափաւոր եւ կշռուած, խաղաղ կեանք մը ունենար, այդ վատ վիճակին պիտի չմատնուէր, եւ անշուշտ վերադառնալ պիտի չմտածէր։ Ուրեմն, կը հետեւի, թէ պէ՛տք է հաւասարակշռուած, պարզ եւ խաղաղ կեանք մը ապրիլ՝ վատ վիճակներու չմատնուելու համար։
Երկրորդ՝ «Անառակ որդի»ի առակին մէջ միայն կը յիշուի «հայր» մը, եւ երբեք չի յիշուիր «մայր»ը։
Այստեղ, այս իրողութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ հարցնելու սա հարցումը, թէ եթէ «մայր»ը գոյութիւն ունենար, իր մայրական գուրգուրանքով, սիրով եւ գորովով արգելք պիտի կարենա՞ր ըլլալ տղուն տունէն հեռանալուն եւ աւելին՝ «անառակ» ըլլալուն։
Արդեօք կարելի՞ է. կ՚արժէ խորհիլ այս մասին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 2 2023, Իսթանպուլ