ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿՈՆԴԱԿ

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ,
ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԿԱՄՕՔՆ ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ, ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՄԱԶԳԱԿԱՆ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐ ԱԹՈՌՈՅ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՅ ԿԱԹՈՒՂԻԿԷ ԷՋՄԻԱԾՆԻ
ՔՐԻՍՏՈՍԱՒԱՆԴ ՍԻՐՈՅ ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՅՈՑ ՍՐԲՈՅ ԵՐՈՒՍԱՂԻՄԱՅ ԵՒ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ, ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ, ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ, ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ, ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ, ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՑ, ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴՈՑ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԷԻՑ ԵՒ ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎՐԴԵԱՆ ՀԱՅՈՑ

«Զարթիք, որդիք լուսոյ, ի յօրհնութիւն Հօրն լուսոյ»
(Ժամագիրք),
«աղաղակելով որպէս դէտ ի բարձր դիտանոցէ զպատուիրանս Աստուծոյ ի լսելիս ձեր»
(Թուղթ ընդհանրական):

Երախտիքի նուիրական զգացումով այս տարի կ՚ոգեկոչենք Հայոց առաքելապատիւ Հայրապետ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը հայոց նշանաւոր ու մեծագործ կաթողիկոսներէն է, փայլուն աստուածաբան, հզօր քարոզիչ, բանաստեղծ եւ երգահան, պատմիչ ու մանկավարժ: Ներսէս Դ. Հայրապետը, որպէս քաջ հովիւ, որ «զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց» (Յովհ. 10.11), եղաւ առաքինազարդ առաջնորդ, լուսապայծառ փարոս մեր ժողովուրդի համար եւ Տիրոջ անխոնջ մշակ: Ան իր բազմաբեղուն առաքելութիւնը ծաւալեց Հռոմկլայի մէջ հաստատուած Հայրապետական Աթոռէն: Երանաշնորհ հովուապետը կաթողիկոսական նստավայրի տարագրութեան պայմաններուն մէջ, ձգտելով միասնական ու ամբողջ պահել իր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքը, հայեացքը միշտ դէպի հայրենիք, կ՚օրհնաբանէր Քրիստոսահիմն հայոց հոգեւոր կեդրոնի՝ Սուրբ Էջմիածնի բացառիկ կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը. «հայաստանեայցդ Եկեղեցի, յօրում կաթեաց շողն երկնային, ... լոյսն անստուեր ծաւալեցաւ, եւ ճառագայթն անճառելի»: 

Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի ողջ կեանքն ու գործունէութիւնը Աստուծոյ փառաբանութիւն էր եւ մարդոց սրտերը Աստուծոյ մերձեցնելու տքնաջան առաքելութիւն: Ան անյոգնաբեկ քարոզչութեամբ Տիրոջ պատուիրանները կ՚ուսուցանէր հաւատացելոց՝ «զարթիք, որդիք լուսոյ, ի յօրհնութիւն Հօրն լուսոյ», «աղաղակելով որպէս դէտ ի բարձր դիտանոցէ զպատուիրանս Աստուծոյ ի լսելիս ձեր»: Մեծանուն Հայրապետը հովուեց հայոց հօտը դժուարին ու աղէտալի ժամանակներու մէջ՝ մեծ ցաւ ու տրտմութիւն կրելով մեր ժողովուրդի տարագրուած ու գաղթական դարձած բազում զաւակներու համար: Ան հայրաբար խրատական իր ազդու խօսքը կ՚ուղղէր բոլորին՝ իշխաններէն մինչեւ զինուոր ու շինական, եպիսկոպոսներէն մինչեւ քահանայ, սարկաւագ ու դպիր՝ հաւատով զօրացնելով եւ գիտելիքներով սնուցելով ամէնքը: Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի հոգեթով խօսքը, նշանակալի աշխատութիւնները, տաղերն ու գանձերը՝ իւրայատուկ մտքի խոյանքով ու վայելուչ ոճով, ուղղուած են հայոց ազգային-քրիստոնէական ինքնութեան պահպանման, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի բարձրացման ու բիւրեղացման: Երանաշնորհ Հայրապետի բեղուն գրչի արգասիքները բարեզարդեցին մեր Եկեղեցւոյ ծիսակարգերը, արթուն պահեցին մեր ժողովուրդի քրիստոնէական հոգին ու միտքը եւ լուսաւորեցին անոր քարքարոտ ուղին դէպի հոգեւոր եւ ազգային զարթօնքի նոր հորիզոններ:

Սուրբ Ներսէս Շնորհալին մեծ համբաւ ու ճանաչում ունեցած է նաեւ միջազգային ու միջեկեղեցական ասպարէզի մէջ: Յունաց, ասորաց, լատինաց քրիստոնեայ աշխարհին մէջ հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ տպաւորուած ու ոգեշնչուած են անոր առաքինի վարքէն եւ գիտական մեծութենէն: Մշտապէս ապաւինելով Աստուծոյ ողորմութեան՝ ան յուսառատ ջանքեր գործադրեց՝ ի խնդիր Եկեղեցիներու սիրով գործակցութեան: Հայոց երանեալ Հայրապետը քրիստոնէական Եկեղեցիներու միջեւ ծառացած դարաւոր բաժանումը ջանաց աւետարանական ոգիով փարատել, եղաւ ջատագովը քրիստոնեայ աշխարհի միասնականութեան՝ Հայ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը բնորոշելով «միութիւն ի կարեւորս, ազատութիւն յերկբայականս եւ սէր յամենայնի» բանաձեւով:

Սիրելիներ, հայազգի մեծագործ զաւակներու կեանքի ու գործոց պայծառ օրինակները լուսաւոր ուղենիշ են սերունդներու համար: Հայոց տաղանդաշատ ու հռչակաւոր անձանց յիշատակի նորոգումով, ինչպիսին է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, այլեւ անոնց գօտեպնդող յորդորներով, խրատներով ու խրախուսանքով ուժ առած է մեր ժողովուրդը՝ դիմակայելու փորձութիւններուն, ապրելու, մաքառելու եւ բարձրացնելու իր կեանքը յառաջադիմութեան եւ լուսաւոր գալիքի կերտման ճանապարհին: Շնորհալի Հայրապետը իր վառ օրինակով այսօր ալ, «աղաղակելով որպէս դէտ ի բարձր դիտանոցէ զպատուիրանս Աստուծոյ», կ՚ոգեշնչէ հաւատացեալները՝ ըստ առաքելական պատուէրի. «ամենեցուն զանձն օրինակ կացուցանել՝ գործոց բարութեան, վարդապետութեամբ զանեղծութիւն ունել, զսրբութիւն, զպարկեշտութիւն, զբանն ողջմտութեան» (Տիտ. 2.7-8):

Հայրապետական այսու կոնդակով հրաւէր կ՚ուղղենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ թեմական եւ ազգային կառոյցներուն, գիտական ու կրթական հաստատութիւններուն, բարեսիրական, հայրենակցական կազմակերպութիւններուն եւ համայն մեր ժողովուրդին՝ գիտաժողովներով, հրատարակութիւններով ու հանդիսութիւններով նշանաւորել Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի անմար յիշատակը, վերարժեւորել ազգային եւ համաեկեղեցական անդաստանի մէջ միշտ արդիական անոր աւանդը, մեծարել քրիստոնէական հաւատքի ականաւոր ուսուցչին եւ ազգային-հոգեւոր մեր կեանքը նորոգողին:

Տիրոջ Իջման Սուրբ Սեղանի առջեւ կ՚աղօթենք, որ Բարերարն Աստուած, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայոց Հայրապետի բարեխօսութեամբ, Իր ամենախնամ Աջի հովանիին ներքեւ պահպանէ եւ հաւատով, յոյսով ու սիրով զօրացնէ համայն մեր ժողովուրդը՝ դիմագրաւելու մեր կեանքը յուզող դժուարութիւնները եւ իրականացնելու լուսաւոր գալիքի համազգային իղձերը: Թող Տէրը խաղաղութիւն ու բարօրութիւն պարգեւէ մեր հայրենիքին եւ անսասան ու պայծառ պահէ Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին այսօր եւ միշտ. ամէն:

Օրհնութեամբ՝

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Տուաւ Կոնդակս յ3-ն մարտի
յամի Տեառն 2023 եւ ի թուին հայոց ՌՆՀԲ
ի Մայրավանս Սուրբ Էջմիածնի
ընդ համարաւ 1211

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2023