ՄԱՀ՝ ՍԱՐԳԻՍ ՏՈՒՐՍՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ նախընթաց օր Մարսէյլի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սուրբ Խաչ դպրեվանքի նախկին սաներէն Սարգիս Տուրսուն։ Իր կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է տեղւոյն հայկական շրջանակներէն ներս՝ քանի հանգուցեալը կը վայելէր բոլորին սէրն ու համակրանքը։

Սարգիս Տուրսուն ծնած էր Կեսարիոյ մէջ։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը աւարտելէ վերջ, 1970-ական թուականներուն հաստատուած էր Մարսէյլ։ Ամուսնացած էր հանգուցեալ Մարի Տուրսունի հետ, որ շուրջ երկու տարի առաջ կնքած էր մահկանացուն։ Մարսէյլի մէջ կը զբաղէր առեւտուրով, զգեստներու արտադրութեամբ։

Արհեստավարժ զբաղումէն դուրս ամբողջութեամբ նուիրուած էր համայնքային կեանքին։ Մարսէյլ հաստատուած օրէն ի վեր միշտ կը յաճախէր Սրբոց Թարգմանչաց Մայր տաճարը, որ իր երկրորդ տունը կը համարուէր։ Երկար տարիներ նաեւ վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած էր՝ ընդհուպ մինչեւ վարչական խորհուրդի փոխ-ատենապետի պաշտօնը, զոր կը վարէր ձեռնհասօրէն։ Կ՚անդամակցէր նոյն եկեղեցւոյ Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին, որ կը դասուի սփիւռքի կատարելագոյններու շարքին։ Մարսէյլի Պոլսահայ մշակութային միութեան համար ալ երկար տարիներ աշխատանք տարած էր, եղած էր այդ մարմնի բազմամեայ ատենապետը։

Սարգիս Տուրսուն այս բազմակողմանի ծառայութիւններով մէկ կողմէ մեծ գնահատանքի, սիրոյ եւ համակրանքի առարկայ դարձած էր, իսկ միւս կողմէ այդ նուիրումը կը պայմանաւորէր համայնքային շրջանակներու յարգանքը իրեն նկատմամբ։

Յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է յաջորդ երեքշաբթի, Պոմոնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեւոյ մէջ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Սարգիս Տուրսունի բարի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ամբողջ բարեկամական շրջանակին, նաեւ լծակից ընկերներուն։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2023