«ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱԳԾԻՆ»
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ «Բանակցային առաջնագծին» գիրքը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հեղինակուած գիրք մըն է այս մէկը, որու շնորհանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի կեդրոնի դահլիճին մէջ։ Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր եւ մանաւանդ՝ այժմ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած ընդդիմադիր Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ համախմբուեցան այս շնորհանդէսին առթիւ։
«Բանակցային առաջնագծին» գիրքը նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ կազմուած ժողովածոյ մըն է, որով կ՚ամփոփուի իր պաշտօնավարման տասնամեակի (2008-2018) եւ յետպաշտօնավարման շրջանի չորս տարիներուն (2018-2022) Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերեալ անոր յայտարարութիւնները, ուղերձները, ելոյթները, յօդուածները եւ հարցազրոյցները։ Գիրքը կը ներառէ նաեւ յաւելուածներ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ բանակցային գործընթացի այդ ժամանակաշրջանը ուսումնասիրողներուն համար։
Գիրքին մէջ արտայայտուած մօտեցումները յստակ ցոյց կու տան 2008-2022 թուականներու ժամանակահատուածին հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Սերժ Սարգսեանի վարած քաղաքականութիւնը, բանակցային գործընթացի զարգացումը, որոշ փուլերու մէջ յառաջացած խնդիրները, առաջնագիծն ու ձեռքբերումները, երրորդ նախագահի եւ անոր քաղաքական խումբի կարմիր գիծերը հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս։ «Բանակցային առաջնագծին» գիրքի շնորհանդէսին ներկայացուեցան այս նախաձեռնութեան նպատակն ու ժողովածոյի բովանդակութիւնը։ Ձեռնարկի բանախօսները անդրադարձան յիշեալ ժամանակահատուածէ ներս Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ իրականացուած քաղաքականութիւնը։
Այս շնորհանդէսը առիթ հանդիսացաւ նաեւ, որպէսզի Սերժ Սարգսեան զրուցէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ Հայաստանի զինեալ ուժերու ամենահզօր զէնքերը չէին օգտագործուած։ Անդրադառնալով այսօրուան կացութեան՝ Սերժ Սարգսեան շարունակեց հիմնաւորեալ եւ բուռն քննադատութիւններ հասցէագրել իշխանութիւններուն եւ կրկնեց իր մօտեցումը, թէ ներկայիս Հայաստանի անունով բանակցողը պէտք է անպայման փոխուի։