ՍԱԿԱԳԻՆ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁ
Stratfor-ի կողմէ ուսումնասիրութիւն մը հրապարակուեցաւ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու ելեկտրական ուժանիւթի սակագինին եւ միջին աշխատավարձին մասին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ըստ արդիւնքներուն, Հայաստանին ամենամօտ երկիրը Մեքսիկան է։ Այնտեղ ելեկտրական ուժանիւթի 1 քիլօվաթը կ՚արժէ 9 սենթ, բայց միջին աշխատավարձը Հայաստանի բաղդատմամբ գրեթէ 50 տոկոսով աւելի բարձր է ու կը կազմէ 609 ամերիկեան տոլար։
Stratfor վերլուծական կեդրոնը աղիւսակ մը հրապարակած է՝ ներկայացնելով Հայաստանի եւ աշխարհի երկու տասնեակ երկիրներու ելեկտրական ուժանիւթի սակագինն ու տուեալ երկիրներու միջին աշխատավարձի չափը։ Սակագինի տուեալները կը վերաբերին 2013-2014 թուականներուն։ Աղիւսակը կազմուած է Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ։
Այս աղիւսակը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի 1 քիլօվաթը կ՚արժէ 7 սենթ, իսկ միջին աշխատավարձը կը հանդիսանայ՝ 471 տոլար։ Յատկանշական օրինակներէն մին է Հարաւային Քորէան, ուր ելեկտրական ուժանիւթի սակագինը կը կազմէ 10 սենթ, բայց միջին աշխատավարձը կը հաստնի 2 հազար 903 ամերիկեան տոլարի։
Աղիւսակը ցոյց կու տայ, որ աշխարհի ամենազարգացած երկիրներուն մէջ ելեկտրական ուժանիւթի 1 քիլօվաթի փոխարժէքը միջին հաշուով այդքան ալ բարձր չէ։ Սակագինը 20-25 սենթի սահմաններուն վրայ է։ Եթէ Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի 1 քիլօվաթը 7 սենթ է, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 12 սենթ, Նորվեկիոյ մէջ՝ 15, Ֆրանսայի մէջ՝ 19, Ճաբոնի մէջ՝ 24 սենթ։ Ամենասուղ ելեկտրական ուժանիւթը Գերմանիոյ մէջ է՝ 39 սենթ, Սպանիոյ մէջ՝ 31 սենթ, իսկ Աւստրիոյ մէջ՝ 27 սենթ։ Բայց եւ այնպէս այդ երկիրներէն ներս միջին աշխատավարձը բարձր է քանի մը անգամ։
Stratfor-ը չէ վերլուծած այս աղիւսակը, չէ պարզաբանած, թէ միջին աշխատավարձի համեմատ քանի տոկոս կը կազմէ ելեկտրական ուժանիւթի համար ծախսը։
Վերլուծաբանները կը նշեն, որ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը սկսած էին, երբ կառավարութիւնը որոշած է 16 տոկոսով բարձրացնել ելեկտրական ուժանիւթի սակագինը։ Ամերիկեան վերլուծական կեդրոնը շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցեր յաճախ տեղի կ՚ունենան, բայց անոնք հեռու են իշխանութիւններուն տեսակէտէ լուրջ սպառնալիք մը հանդիսանալէ։ Իսկ ելեկտրական ուժանիւթի բարձրացմամբ պայմանաւորուած այս վերջին ցոյցերու պարագային ուշադրութիւն կը հրաւիրուի ուրիշ կարեւոր հանգամանքի մը վրայ։ Արդարեւ, Երեւանի բողոքի ցոյցերը չէին սպառնար նաեւ Ռուսաստանի շահերուն։ Երեւանի ղեկավարութիւնը, հաւանաբար, հաշուի առած ըլլայ Ուքրայնոյ դառն փորձառութիւնը ու նման վարկածներէ խուսափելու համար փորձած է սպասել, որ ցոյցը ինքնիրենը մարի։
Վերլուծաբանները կ՚ընդգծեն, որ Ուքրայնոյ իրադարձութիւններէն վերջ Ռուսաստան կը զգուշանայ լարուածութիւններու հաւանականութիւններէն՝ խուսափելու համար կրկնութիւններէ։ Այս վերջին օրինակին մէջ տեսնուած է, թէ Մոսկուա աւելի աշխոյժ քայլերու կը դիմէ Երեւանի նկատմամբ։ Օրինակ՝ այս նոյն շրջանին 200 միլիոն ամերիկեան տոլար վարկ տրամադրուած է Հայաստանին՝ ռուսական զէնքեր ձեռք բերելու նպատակով։ Կիւմրիի մէջ սպաննուած Աւետիսեաններու ընտանիքի ոճրագործ ռուս զինուորին գործն ալ որոշուած է յանձնել հայկական կողմին։ Կը յիշեցուի, որ այդ յանցագործութիւնը այս տարեսկիզբին բողոքի մեծ ալիք մը յառաջացուցած էր Հայաստանի մէջ։
Մոսկուայի զգուշութեան զուգահեռ, այս վերջին ցոյցերուն ժամանակ Հայաստանի կառավարութիւնն ալ միշտ ցուցաբերած է սպասելու պատրաստակամութիւն, մանաւանդ խուսափելով անկայուն եւ անկանխատեսելի զարգացումներէ, որոնք կրնային յառաջանալ, եթէ ցուցարարներու դէմ ուժ գործադրուէր։