ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՍԻՄԷՈՆ ԵՐԵՒԱՆՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ «ՋԱՄԲՌ»Ը՝ ՆՈՐՈՎԻ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՄԲ

Հայ ականաւոր եկեղեցական եւ մշակութային գործիչ Սիմէոն Ա. Երեւանցիի գիտական ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ անոր «Ջամբռ» պատմական աշխատութիւնը, որ քանի մը անգամ հրատարակուած է, թարգմանուած է անգլերէնի եւ ռուսերէնի, բայց վերջերս Երեւանի մէջ կրկին լոյս տեսաւ: Նոր լոյս տեսածը «Ջամբռ» աշխատութեան լրացուած գիտաքննական բնագիրն է՝ հեղինակային ձեռագիրներու եւ երկի 1873 թուականի հրատարակութեան համեմատութեամբ:

«Ջամբռ» երկը, նորովի հետաքննութեամբ, լոյս տեսած է Մաշտոցեան մատենադարանի 15-19-րդ դարերու հայ մատենագրութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող Հրանդ Օհանեանի աշխատասիրութեամբ եւ որոշմամբ Մատենադարանի գիտական խորհուրդին: Նոր լոյս տեսած գիրքի խմբագիրներն են՝ պատմաբաններ Կարէն Մաթէոսեան եւ Վահէ Թորոսեան:

Տպագրութեան աջակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները հովանաւորող համահայկական հիմնադրամ»ը:

ԺԸ. դարու հայ ականաւոր աստուածաբան, մատենագիր, մշակութային եւ քաղաքական գործիչ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Սիմէոն Երեւանցիի «Ջամբռ»ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1873 թուականին՝ կաթողիկոսի մահէն շատ տարիներ ետք, Վաղարշապատի մէջ:

Այս երեւելի գործը գրուած է 1765 եւ 1775 թուականներու միջակայքին (թուականներու հարցին մէջ կան տարակարծութիւններ):

Զայն հայագիտութեան, աղբիւրագիտութեան, պատմագիտութեան մէջ անփոխարինելի նշանակութիւն ունեցող աշխատութիւն մըն է, որ բազում կարեւոր սկզբնաղբիւրներ կը պարունակէ:

Ինչպէս ծանօթ է՝ Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսը, հոգեւոր գործունէութենէն զատ, գիտական եւ գրական երկեր գրած է. ինչպէս՝ «Զբօսարան հոգեւոր»ը, «Տաղարան փոքրիկ»ը, «Պարտավճար»ը եւ այլն: Իր հայրապետութեան շրջանին (1763-1780 թուականներուն) ան մեծ տեղ յատկացուցած է կաթողիկոսարանի վարած գրագրութեան եւ փաստաթուղթեր կազմելու գործին։ Սիմէոն Կաթողիկոսի օրօք կանոնաւոր կերպով արձանագրուած է պաշտօնական նամակագրութիւնը, առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է ատոնց պատճէններու պահպանման։ Եւ վերջապէս Սիմէոն Երեւանցիի օրօք սկսած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանի կանոնակարգումը եւ այդ վաւերագրերու հիման վրայ գրուած է «Ջամբռ»ը։

«Ջամբռ» բառը (chamber) ֆրանսերէնէ փոխառութիւն մըն է, որ «գրասենեակ» կը նշանակէ եւ Սիմէոն Երեւանցիի երկին մէջ կը ստանայ «դիւան» իմաստը:

Առաջին՝ 1873 թուականի վաղարշապատեան հրատարակութենէն ի վեր «Ջամբռ»ը մշտապէս եղած է ուսումնասիրողներու ուշադրութեան կեդրոնը, անգլերէն, ռուսերէն թարգմանութիւններէն զատ գրաբարէ փոխադրուած է աշխարհաբար, սակայն զայն վերահրատարակողները վստահ են, որ բնագիրը տակաւին կարօտ էր նոր՝ գիտաքննական հրատարակութեան, ինչ որ իրականութիւն դարձած է արդէն:

«Ջամբռ»ը կը ներկայացնէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ հայոց հայրապետներու գահակալումը, եկեղեցական թեմերը, նուիրապետական աթոռները (Աղուանից, Աղթամարի եւ Կիլիկիոյ) եւ Մայր Աթոռի դիւանի փաստաթուղթերու հիման վրայ ցոյց կու տայ Սուրբ Էջմիածնի իրաւական եւ ընկերային-տնտեսական վիճակին մանրամասն պատկերը:

Աշխատութիւնը ունի յառաջաբան, ուսումնասիրութիւն, ծանօթագրութիւններ, օտար բառերու եւ եզրոյթներու բառարան, օժանդակ ցանկեր։

Հրատարակիչները բացառիկ կը նկատեն «Ջամբռ»ի տնտեսական տեղեկութիւնները հողատիրութեան տեսակներու, հարկատուութեան, վանքապատկան հողային տիրոյթներու եւ այլ ունեցուածքի, ինչպէս նաեւ՝ ջրատիրութեան վերաբերեալ: Ակնյայտ է, որ տակաւին 18-րդ դարուն մանրամասն աշխատանք կատարած է հեզ, բարեհամբոյր եւ շինարարի ու խաղաղասէրի համբաւով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Հայրապետական գործունէութենէն եւ գիտական, գրական արարումներէն զատ ան նաեւ քաղաքական գործիչի ջիղ ունէր՝ անձնական լաւ յարաբերութիւններ մշակած էր թէ՛ Օսմանեան եւ թէ՛ Երեւանի պարսկական իշխանութիւններուն եւ թէ՛ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին հետ:

Սիմէոն Ա. Երեւանցիին ընտրութեամբ փոխուած է կաթողիկոսներու ընտրութեան հարցին մէջ Պոլսոյ որոշիչ դերը: Անցեալին, Օսմանեան իշխանութիւնները աշխուժօրէն կը միջամտէին կաթողիկոսներու ընտրութեան, եւ այդ ընտրութիւնները առաջին հերթին Պոլսոյ մէջ կը կատարուէին: Այս անգամ, պայմանաւորուած նաեւ քաղաքական փոփոխութեամբ, ընտրութեան հարցին մէջ վճռորոշ դեր կ՚ունենան պարսկական իշխանութիւնները եւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորը:

Կաթողիկոսական օծումէն անմիջապէս ետք Սիմէոն Երեւանցի պաշտօնական այցելութիւն տուած է Երեւանի Հիւսէյին Ալի խանին, իսկ հայ հոգեւորականները ուղերձ յղած են Հերակլ Բ. թագաւորին: Սիմէոն Ա. Երեւանցիի շինարարական գործերու շարքին կը պատկանին Մայր Աթոռի սեղանատան, մոմատան, դպրատան, միաբանական խուցերու, նոր քանքանի, ձիթահանքի եւ այլն շինութիւններու կառուցումները։ Նորոգած է Մայր Տաճարի չորս հաստահիմն եւ բարձր սիւները, իսկ 1771 թուականին Մայր Աթոռի մէջ, ինչպէս քաջածանօթ է՝ Սիմէոն Երեւանցիի ջանքերով կը հիմնուի Հայաստանի առաջին տպարանը, ապա՝ թուղթի գործարանը (1776 թուականին):

Իր բազում գործերուն մէջ Սիմէոն Կաթողիկոսը կարգաւորած է նաեւ հայոց Տօնացոյցը, որն ալ տպագրած է իր հիմնած տպարանին մէջ՝ 1774 թուականին:

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ

Գալով «Ջամբռ»ին՝ հրատարակիչները Սիմէոն Երեւանցիի պատմական այս երկը հայ մատենագրութեան կարեւոր աշխատութիւն կը նկատեն նաեւ անոր մէջ օգտագործուած աղբիւրներու բազմազանութեամբ: Սիմէոն Կաթողիկոս օգտուած է բազում աղբիւրներէ՝ հայ պատմագրական երկերէ եւ հայերէն, վրացերէն, պարսկերէն, օսմաներէն վաւերագիրներէ:

Աղբիւրներու միւս խումբը արխիւային փաստաթուղթերն են, որոնք գտնուած են ինչպէս Մայր Աթոռի դիւանէն ներս, այնպէս ալ՝ հայթայթուած այլ վանքերէ: Հրատարակիչները «Ջամբռ»ի մէջ ներառուած եւ մեծ թիւ կազմող կոնդակները, հրովարտակները, կալուածագիրերը,

համախօսականները եւ դիւանական այլ թուղթեր կանոնակարգած, խմբաւորած եւ ծանօթագրած են: Անոնք իրաւացիօրէն կը նշեն, որ Սիմէոն Երեւանցին կատարած է հսկայական աշխատանք, որ, նաեւ իր ծաւալուն ըլլալուն պատճառով, զերծ չէ ժամանակագրական կամ բովանդակային որոշ անճշդութիւններէ։ Ուստի, հրատարակիչները ծանօթագրած են նման բոլոր դէպքերը: Երկի արխիւային մասը բացառիկ է նաեւ այն հանգամանքով, որ կան վաւերագիրներ, որոնց բովանդակութիւնը պահպանուած է «Ջամբռ»ին միջոցով։

Մաշտոցեան մատենադարանէն ներս կը գտնուին «Ջամբռ»ի երկու ինքնագիր ձեռագիրները (մէկը՝ ամբողջական, միւսը՝ պակասաւոր):

Յառաջաբանէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ հայ մատենագրութեան մէջ տարածում գտած աւանդոյթի համաձայն՝ «Ջամբռ»ի պատմական մասը կը սկսի Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան հաստատումով։ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ՝ թուարկուած են հայոց բոլոր կաթողիկոսները, անոնց որոշներու գործունէութենէն դրուագներ, նաեւ Սիմէոն Երեւանցին ներկայացուցած է իր գործունէութեան հիմնական դրուագները: Որոշ մանրամասներ լրացուցած են հրատարակիչները՝ լոյս սփռելով մինչ կաթողիկոս ընտրուելու անոր կեանքին վրայ:

ՄԻՆՉԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆՏՐՈՒԻԼԸ

Ըստ այդ տեղեկութիւններուն, Սիմէոն Երեւանցին ծնած է 1710 թուականին: Անոր ընտանիքին մասին յայտնի է ձեռագիրներէն մէկուն մէջ իր իսկ ձգած յիշատակարանէն, ըստ որու՝ ծնողքը եղած են Կարապետը եւ Գայիանէն, ունեցած է երեք եղբայր՝ Մելիքսէթ, Յարութիւն եւ Ղազար:

Հակառակ որ կեանքի վաղ շրջանին մասին տեղեկութիւնները սակաւ են, բայց խմբագիրները արժանահաւատ կը նկատեն այն վկայութիւնը, որ ան նախնական կրթութիւնը ստացած է Մայր Աթոռի դպրոցին մէջ՝ աշակերտելով ժամանակի յայտնի աստուածաբան Յովսէփ Վարդապետին եւ ապագայ կաթողիկոս Յակոբ Շամախեցիին:

Յաջողութեամբ աւարտելով ուսումը՝ նշանակուած է նոյն դպրոցի ուսուցիչ: Անոր աշակերտներէն եղած են նշանաւոր եկեղեցականներ՝ Յովսէփ Արղութեան (ռուսահայոց թեմի առաջնորդ, 1800-1801 թուականներուն ընտրուած, բայց չօծուած կաթողիկոս), Դաւիթ Ե. (1801-1807թթ.), Դանիէլ Ա. (1807-1808թթ.), Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի (1809-1830թթ.) կաթողիկոսները, եպիսկոպոսներ, սարկաւագներ եւ այլ գործիչներ:

Կենսագրութեան մանրամասներէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Սիմէոն Երեւանցին նշանակուած է Պայազէտի նուիրակ Յարութիւն Ջուղայեցիի օգնական: Որոշ ժամանակ պաշտօնավարելէ յետոյ ան կը վերադառնայ Սուրբ Էջմիածին եւ կը ձեռնադրուի սարկաւագ: Ապա, կրկին, որպէս նուիրակի օգնական՝ Յարութիւն Ջուղայեցիին հետ այս անգամ կ՚ուղեւորուի Հնդկաստան: Հոս Յարութիւն Ջուղայեցին 1743 թուականին կը մահանայ, եւ հնդկահայ համայնքին խնդրանքով Ղազար Ջահկեցի Կաթողիկոսը Սիմէոն Երեւանցին կը նշանակէ անոր փոխարէն:

Վերադառնալէ անմիջապէս յետոյ ան կ՚արժանանայ վարդապետական աստիճանի:

«Ջամբռ»ը վերահրատարակած հայագէտները կը նշեն, որ դէպքերու յետագայ ընթացքէն կ՚երեւի, որ ամէն ինչ չէ, որ հարթ ընթացած է կաթողիկոսի եւ նորընծայ վարդապետի փոխյարաբերութիւններուն մէջ: Խնդիր ծագած է ներեկեղեցական հակասութիւններուն պատճառով, որոնք աւելի սրուած են պարսկական իշխանութիւններու միջամտութիւններուն հետեւանքով: Եկեղեցիի ներսը ծաւալուած պայքարի հետեւանքով Ղազար Ջահկեցին կը հեռացուի եւ կաթողիկոս կ՚ընտրուի Պետրոս Հռոմկլայեցին, որու օրօք Սիմէոն Երեւանցի Վարդապետը կը վարէր Սուրբ Էջմիածնի ամբողջ գրագրութիւնը: Այդ կ՚ըլլայ պատճառը, որ Ղազար Ջահկեցին անհաշտ դիրքորոշում կը ցուցաբերէ վարդապետին նկատմամբ եւ, վերստին հաստատուելով կաթողիկոսական գահին, կը սկսին հետապնդումներ, իսկ Սիմէոն Երեւանցին, հետեւելով իր ուսուցիչին՝ Յակոբ Շամախեցիի խորհուրդին, կը հեռանայ Սուրբ Էջմիածինէն՝ նախ Կարս, ապա՝ Պոլիս, ուր լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ:

ՊՈԼՍՈՅ ՇՐՋԱՆԸ

«Ջամբռ»ի նախաբանէն կը տեղեկանանք, որ Պոլիս անցուցած տարիները մեծ նշանակութիւն եւ ազդեցութիւն կ՚ունենան Սիմէոն Երեւանցիի կեանքին մէջ, նաեւ՝ ստեղծագործական առումով: Պոլսոյ մէջ ան հոգեւոր եւ հասարակական բուռն գործունէութիւն կը տանի, իսկ անոր մտերմութիւնը տեղի ազդեցիկ դէմքերէն մէկուն՝ Եաղուբ Ակնեցի աղային հետ եւ անկէ ստացած աջակցութիւնը հնարաւորութիւն կու տան զերծ մնալ Ղազար Ջահկեցիի հնարաւոր հետապնդումներէն: Սիմէոն Երեւանցիի կեանքի Պոլսոյ շրջանը ուսումնասիրողները արդիւնաւէտ կը նկատեն նաեւ կրթական առումով: Ըստ վկայութիւններու՝ վարդապետը Պոլսոյ մէջ հանդէս կու գայ փիլիսոփայական դասերով, կը սկսի գրել գիտական գործ մը: Նոյն Եաղուբ աղային հետ ան ուխտագնացութիւն մը կը կատարէ Երուսաղէմ, ուր նոյնպէս ջերմ կ՚ընդունի:

Իսկ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յաջորդիւ կը գահակալեն Մինաս Ա. Ակնեցի (1751-1753թթ.) եւ Աղեքսանդր Բ. Բիւզանդացի (1753-1755թթ.) կաթողիկոսները, եւ Պոլիսէն վերադառնալէ յետոյ (ըստ Միքայէլ Չամչեանի՝ 1752 թուականէն յետոյ, իսկ ըստ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի՝ 1754 թուականի սկիզբներուն), Սիմէոն Երեւանցին կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս:

1755 թուականին Սիմէոն Երեւանցին կրկին կը վերադառնայ Պոլիս՝ շարունակելով գործել որպէս Սուրբ Էջմիածնի նուիրակ, նաեւ կը գլխաւորէ այն պատուիրակութիւնը, որ պէտք է հանդիպէր Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Յակոբ Նալեանին հետ՝ Աղեքսանդր Բ.-ի մահուընէ յետոյ կաթողիկոսի ընտրութեան հարցը քննարկելու նպատակով:

Յիշատակութիւններ կան, որ այդ շրջանին Սիմէոն Երեւանցիի գործունէութիւնը կը զուգորդուի հոգեւոր քարոզներով եւ պոլսահայ համայնքին հետ կազմակերպուած բազմաթիւ հանդիպումներով: Այդ հանդիպումներուն շնորհիւ՝ ան մանրամասնութեամբ կը ծանօթանայ Պոլսոյ եւ մօտակայ թեմերու խնդիրներուն ու ցուցաբերած նրբանկատութեան շնորհիւ մեծ հեղինակութիւն ձեռք կը բերէ համայնքին մէջ:

Ի վերջոյ, 1755 թուականին Պոլսոյ մէջ կաթողիկոս կ՚ընտրուի Սահակ Կեղեցին (1755-1759թթ.), որ սակայն ո՛չ կ՚օծուի, ո՛չ ալ կ՚երթայ Մայր Աթոռ: Այդ անորոշ վիճակին մէջ հոգեւոր գործերը կը վարէր ապագայ կաթողիկոս Յակոբ Շամախեցին:

Նոր կաթողիկոսի ընտրութենէն յետոյ, որուն ընդդիմացած էր Սիմէոն Երեւանցին, ան կ՚անցնի Զմիւռնիա, ուր կը գտնուի իր մտերիմ Աբրահամ Վարդապետ Աստապատցին: Հոս ալ կրթական եւ ուսումնական գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ մասնակցելով տեղի հայկական տպարանի ստեղծման աշխատանքներուն:

Յետագայ տարիներուն իր գործունէութեան ընթացքին Սիմէոն Երեւանցին կը շարունակէ աշխատանքները Պոլսոյ մէջ եւ անոր ջանքերով ու գործնական քայլերու շնորհիւ է, որ 1759 թուականի օգոստոսին Պոլսոյ մէջ կը գումարուի նոր ժողով մը, որ չեղեալ կը յայտարարէ Սահակ Կեղեցիի ընտրութիւնը եւ կաթողիկոս կ՚ընտրուի Հայրապետական տեղապահ ու կաթողիկոսութեան գործերը փաստացի վարող Յակոբ Շամախեցին: Նոյն թուականին Երեւանցին կը շտապէ Սուրբ Էջմիածին՝ հանդիպելու համար Շամախեցիի հետ, սակայն երկար չի մնար հոն: Նորընծայ կաթողիկոսը անոր, որպէս Պոլսոյ մէջ ընդունելի անձը, կրկին նուիրակ կը կարգէ եւ կը ղրկէ այնտեղ: Այդ մէկը կ՚ըլլայ ապագայ կաթողիկոս Սիմէոն Երեւանցիի վերջին առաքելութիւնը Պոլսոյ մէջ, քանի որ 1763 թուականին, Յակոբ Շամախեցիի մահէն յետոյ ան Սուրբ Էջմիածնի մէջ կ՚ընտրուի եւ ապրիլի 20-ին կ՚օծուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս:

Ահաւասիկ, այսպիսի հետաքրքրական մանրամասներու տիրացանք՝ ընթերցելով «Ջամբռ»ի նախաբանի մէկ մասը միայն, իսկ միւս մասը արդէն մասնագիտական եւ աղբիւրագիտական վերլուծումներ են՝ հսկայական եւ գնահատելի աշխատանք, որ կատարած են այս հատորը պատրաստողները եւ մանաւանդ՝ Հրանդ Օհանեան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023