ԿԱՄՈՒՐՋ… -Զ-
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու, կամուրջներու մասին։
Մենք ըսած ենք, որ մարդը կապուած է ուրիշներուն, բնութեան։ Բան մը յստակ է այն կապի մէջ, զոր ան կը հաստատէ իր եւ իր շրջապատի հետ: Կեանքը հիմնականին մէջ տեղի կ՚ունենայ մեր կամքէն անկախ։ Մեծ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան, բայց մենք այս ընթացքին ժամավաճառ կ՚ըլլանք ու կը յապաղինք փոքր ներդրումներով։ Մենք հակուած ենք զբաղուած մնալ ուրիշներու հետ:
Նոյնիսկ երբ մարդ ամէն ինչ ունենայ գոյատեւելու համար, ան կրնայ երբեմն անհեթեթութիւններու դիմել՝ աւելին ստանալու համար: Գրեթէ ամէն տեսակ յանցագործութիւն, իրականութեան մէջ, աւելին փափաքելու նշան մըն է։ Բանտերը լեցուած են ո՛չ թէ հաց գողցածներով, այլ անոնցմով, որոնք պարզապէս չեն բաւարարուիր իրենց ունեցածով ու կը փորձեն իրենք զիրենք փաստել ուրիշին։ Մենք ընկերային էակ ըլլալու տարօրինակ ազդեցութիւնը կը տեսնենք այս կէտին։ Մարդու հիմնական կարիքը դարձած է ցուցամոլութիւնը։
Մարդ արդէն ունի կարգավիճակի անհանգստութիւն, ինչ որ կը հրահրէ յանցագործութիւնը: Պատմութեան ընթացքին տեսած ենք ազգութիւններ, նոյնիսկ երկիրներ, որոնք անհետացած են իրենց ուժերը փաստելով կարգավիճակ ստանալու ցանկութեան հետեւանքով: Այժմ մենք ունինք ուժ՝ զոհաբերելու համար նոյնիսկ մեր մոլորակը: Համոզուած եմ, որ մէկը օր մը կը զոհէ ամէն ինչ։ Կարիքներու այս անհեթեթ վիճակին մէջ ապրիլը դարձած է անիմաստ։
Մեզի պէտք է նոր ըմբռնում, որ չի հրահրուիր ցուցամոլութենէն եւ կը բացայայտէ սեփական կարիքներու համար նախատեսուած միտքեր։ Այս ըմբռնումը նախ հաշուի պէտք է առնէ, որ կրթութիւնը առաջնահերթ է։ Սակայն կրթութիւն ըսելով նկատի ունիմ ո՛չ միայն դպրոցականները, այլ հասարակութիւնը, ընդհանրապէս։ Հասարակութիւնը չկարողացաւ ձեռք բերել սեփական մշակոյթ, չկարողացաւ կամրջել անցեալն ու ապագան, չկրցաւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել ուրիշներու գոյութեան նկատմամբ եւ յարգել անոնց ապրելու իրաւունքը։ Անտեսուած են օրէնքները, որոնք աւելի մարդասիրականի վերածուած են հարիւր տարի առաջուան աւերուած վիճակին նկատմամբ։
21-րդ դարուն նոյնիսկ արեւմտեան հասարակութիւնները կրթութիւնը դպրոցի սահմաններէն դուրս հանած են եւ զայն վերածած՝ ցմահ ուսման, մինչդեռ աշխարհի վրայ շատ մը երկիրներու մէջ կրթութիւնը ճնշելու միջոց դարձած է: Սխալ կրթութեան պարագային գիտելիքի յոյսը կը կորսուի։ Սակայն դպրոցը պէտք է տայ խորհրդատուական ծառայութիւն, պէտք է դառնայ կեդրոն, ուր ոեւէ մէկը կրնայ լուծել իր խնդիրները եւ գործունէութիւն ծաւալել՝ անկախ տարիքէն։
Քաղաքները հետզհետէ իրարու կը մօտենան, իսկ մարդիկ կը հեռանան իրարմէ, կը մեկուսանան եւ կը կտրուին բնութենէն եւ մանաւանդ իրենցմէ։ Այդ մարդիկ կրնան աշխարհի հետ իրենց միջեւ կամուրջ կառուցել՝ իրենց ողջ կեանքի ընթացքին սորվելով։ Դպրոցը, որ գործունէութեան կեդրոն է, խնդիրներ կը լուծէ ու կը հիւրասիրէ բոլորը, կը դադրի ըլլալէ ատելի վայր մը եւ կը դառնայ՝ պահանջուած։ Ժամանակն է, որ կրթութիւնը այլեւս պէտք չէ ըլլայ երեխաները կոփելու, այլ պէտք է կապերը ամրացնելու միջավայր: Այս իրավիճակը կրնայ տեղի ունենալ թէ՛ մարդկութեան, թէ՛ արժէքներէն մղուած մեր ամօթալի վիճակի լուծումը։
Իմ այս յօդուածաշարքին մէջ նկարագրեցի մեր կապերու անջատումը։ Շատ ձանձրալի է մարդոց պատմել մեր նշած խնդիրներու լուծման մասին, քանի որ ոչ ոք կը լսէ ու դժուար թէ լսէ։ Աւելի տարածուած մօտեցում է մարդկութեան ուշադրութիւնը շեղել՝ առանձնացնելով զայն ու խզելով անոր կապերը։ Եթէ կ՚ուզէք յաջող ըլլալ կեանքի մէջ, ձեր կեդրոնին ունեցէք մարդը, մի՛ երկմտիք յարաբերութիւն հաստատելէ աշխարհին հետ, մարդոց հետ, բնութեան հետ…
Կամուրջ կառուցած ենք։ Այդ կամուրջի վրայով անցաւ նաեւ փոքր չարիք մը։ Վատ մարդիկ սկսան չարութիւն գործել ու տարածեցին իրենց յանցագործութիւնները։ Լաւ մարդիկ չկարողացան յարմարուիլ անոնց, քանի որ գիտէին միայն բարի ըլլալը: Կամուրջէն հրաժարելու ոչ մէկ ձեւ կար, բայց յետոյ կամուրջը փլուզուեցաւ, երբ չարագործները կռուեցան իրարու հետ։ Հասարակութիւնը այսպէս անջատուեցաւ, այսպէս բաժանուեցաւ «մարդկութեան երկիրը»…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•վերջ
Ընկերամշակութային
- 02/01/2025