ՎԵՐԻՆ ՇՈՐԺԱՅԻ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անհանգիստ վիճակը, լարուածութիւնը եւ հրադադարի խախտումները անընդհատ կը շարունակուին։ Պաքու մէկ կողմէ կ՚արտայայտէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու պատրաստակամութիւն, իսկ միւս կողմէ չի հրաժարիր իր նախայարձակ քաղաքականութենէն։

Երէկ երեկոյեան, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ դարձեալ բախումներ տեղի ունեցան։ Այսպէս, ժամը 19.00-19.30-ին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները զանազան տրամաչափէ հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացին Հայաստանի սահմանամերձ Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի դիրքերուն վրայ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ դէպքին հետեւանքով հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած։ Ժամը 22.00-ի դրութեամբ, առաջնագիծին վրայ վերահաստատուած է յարաբերական կայունութիւնը։

Երէկ երեկոյեան պատահած այս դէպքերէն վերջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արամ Թորոսեան այս առաւօտ ալ ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ սահմանի Վերին Շորժայի հատուածի ընդհանուր կացութեան մասին։ Ըստ իրեն, Վերին Շորժայէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերու պարագային երէկ գիշեր իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն եղած է։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ պնդումներով հանդէս եկաւ, թէ երէկ գիշեր Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կրակած են Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանին վրայ։ Ստեփանակերտի կողմէ անմիջապէս հերքուեցան այս պնդումները։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուած համապատասխան հաղորդագրութիւնը կեղծ է։

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023