ՉԻՆԱԿԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ (Բ)
Չինաստանի միջնորդութեամբ կայացած Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման որոշումը նոր շրջափուլի մեկնարկ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ: Եմէնի պատերազմի աւարտը կամ դադրեցումը, խորքին մէջ, այս համաձայնութեան ցուցանիշն էր: Լարուածութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ կը դրսեւորուէր տարբեր եղանակներով: Պահրէյնէն մինչեւ Սուրիա, անցնելով Լիբանանէն, երկու երկիրները կ՚առճակատէին ուղղակի եւ անուղղակի:
Այս համաձայնութենէն հիմնական դժգոհը տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլն է, որուն համար Իրանը կը շարունակէ մնալ գլխաւոր սպառնալիքը: Թել Աւիւ միշտ գրաւ դրած է սիւննի-շիի անվերջանալի մրցակցութիւններուն եւ հակամարտութիւններուն վրայ:
Մշուշոտ բաժինը կը վերաբերի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն: Չինական բեւեռէն անհանգիստ Ուաշինկթըն տակաւին յստակօրէն չէ արձագանգած Փեքինեան համաձայնութեան: Երկիմաստ յայտարարութիւններ կը հնչեն եւ որոշ պարագային պաշտօնական փոխանցումներու հերքումներ՝ անորոշ պահելով ձեւաւորուող նոր իրավիճակի միտումները:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը կը յայտարարէր, որ Ռիատ-Թեհրան համաձայնութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի ներկայութեան աւարտն է եւ թէ՝ նոր շրջափուլ կը մեկնարկուի այս ձեւով:
Կը հետեւէր մէկ քայլ ետ գացող այլ պաշտօնական յայտարարութիւն մը Թեհրանէն: Արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ Թեհրան Ուաշինկթընի հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն՝ բանտարկեալներու փոխանակման հարցով:
Սպիտակ տան հակազդեցութիւնը չէր ուշանար. ԱՄՆ կը յստակացնէր, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ եւ պատանդներու ազատ արձակումը ապահովելու փորձերը կը շարունակուին:
Ամերիկեան այս վերջին յայտարարութիւնը կարգ մը առանցքային ընդգծումներ կը ներառէ: Նախ բացասական դիրքորոշում Թեհրանի հանդէպ՝ հերքումի կարգով: Երկրորդ՝ դարձեալ բացասական երանգի նկատում: Իրանի կողմէ բանտարկեալներու փոխանակում եզրին փոխարէն, ԱՄՆ կ՚օգտագործէ պատանդներու ազատ արձակումը՝ պատանդառու Թեհրան եւ պատանդուած ամերիկացիներ յարաբերակցութեամբ: Ուշագրաւը յայտարարութեան վերջին բաժինն է. փորձերը կը շարունակուին: Այսինքն, Թեհրանի հետ բանակցութիւններու դուռը բաց է եւ բանակցութիւններ կ՚ընթանան:
Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ներկայութեան աւարտը ազդարարող Իրանի յայտարարութեան համապատասխան տեղեկատուութիւն է ամերիկեան մամուլին շրջանառութեան մէջ դրած լուրը, ըստ որու Չինաստանի նախագահը Ծոցի երկիրներն ու Իրանը Փեքինի մէջ վեհաժողովի կը հրաւիրէ:
Նման համաժողովի մը կազմակերպումը կը տեղաւորուի Ռիատ-Թեհրան համաձայնութեան շրջածիրին մէջ՝ իբրեւ առաջնագոյն օրինակ: Պարզ է, որ երկու երկիրները կանաչ լոյս կու տան միջնորդ Չինաստանին՝ տարածաշրջան մուտք գործելու մեծ դռներէ: Տակաւին պարզ չէ, թէ այդ նոյն դռներէն Ուաշինկթընի հեռացումը պիտի ընթանա՞յ զուգահեռ Փեքինի ժամանումին:
Ռիատի քայլը ներկայ պայմաններուն մէջ այդքան ինքնուրոյն չի կրնար ըլլալ յարաբերաբար Ուաշինկթընին։ ԱՄՆ-ի զօրակայանները տեղակայուած են Սէուտական Արաբիոյ անապատներուն մէջ: Ի վերջոյ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու ապալարուածութիւնը ընթացաւ՝ զուգահեռ Ուաշինկթընի կիրարկած պատժամիջոցային քաղաքականութեան մեղմացման եւ Վիեննայի բանակցութիւններու մեկնարկին:
Այս բոլորով հանդերձ նոր շրջափուլ է: Չինաստան զուտ տնտեսական բեւեռէն անցում կը կատարէ դէպի քաղաքական հարթութիւն եւ հանգրուան առ հանգրուան տարածաշրջանային ներկայութիւն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի