ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ԱՌԿԱՅ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը փորձէ ականներ դնել խաղաղութեան պայմանագրին մէջ։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ սարքեց երկարատեւ մամլոյ ասուլիս մը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ վարչապետը զրուցեց մօտաւորապէս չորս ժամ։ Իր ներածական խօսքէն վերջ Փաշինեան պատասխանեց բազմաբնոյթ հարցումներու, որոնք կը վերաբերէին երկրի արտաքին կամ ներքին քաղաքականութեան օրակարգին։ Այս ամբողջին մէջ ան առաջնահերթօրէն անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութիւններուն եւ ածանցուած այլ նիւթերու, որոնք ունին տարածաշրջանային նշանակութիւն։ Նիկոլ Փաշինեան մօտաւոր անցեալին դարձեալ այսպէս ծաւալուն մամլոյ ասուլիս մը սարքած էր։ Երէկուանին տարբերութիւնը եղաւ այն, որ ի տարբերութիւն նախորդ անգամէն՝ Նիկոլ Փաշինեան առանձնապէս մանրամասնութիւններ կամ նորութիւններ չհաղորդեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին կապակցութեամբ՝ հակառակ, որ իրեն այս նիւթին շուրջ ուղղուեցաւ հարցում մը։

Նիկոլ Փաշինեան երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կրկնեց իր մտահոգութիւնները եւ շեշտեց, որ վտանգները միշտ կը մնան առկայ։ Արդարեւ, ան հաւանական կը համարէ նոր մագլցումը Հայաստանի սահմաններուն վրայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Վարչապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստան օրերս Ատրպէյճանէն առաջարկներ ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վերաբերեալ, բայց եւ այնպէս, հիմնական խնդիրները կը մնան նկատելի։ Իր խօսքով՝ Երեւան Պաքուի հետ խօսակցութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար քանի մը առաջարկ ըրած է։ «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը մեր առանցքային նպատակներէն է», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ընդգծեց վարչապետը։ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի առաջարկներուն եւ բանակցային գործընթացէն ներս որդեգրած դիրքորոշումներուն ժամանակ միշտ հիմնական խնդիրները յառաջ կու գան։ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներուն վերաբերեալ խնդիրներն ալ անմասն չեն մնար այս հանգամանքէն։ Արդարեւ, Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման ժամանակ Ատրպէյճան պատրաստակամութիւն յայտնած էր Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ այս նիւթին շուրջ շփուելու համար։ Այդ շփումը տեղի ունեցաւ, սակայն Պաքուի խօսոյթին մէջ այնպիսի փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ, թէ կարծես Արցախի Ատրպէյճանին համարկման կը վերաբերի օրակարգը։ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Հայաստան ի վիճակի չէ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, իբր այդ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնով այդ երաշխաւորի դերը վիճակած է Ռուսաստանին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տեղի ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցին։ Ըստ Փաշինեանի, Փութինի նկատառման յանձնած է իր մտահոգութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս նոր մագլցման վտանգին կապակցութեամբ։ Փաշինեան նշեց, որ ինք կը մտահոգուի նաեւ Արցախի բնակչութեան անհանգստութիւններով եւ դժգոհութիւններով, որոնք խնդրոյ առարկայ են ռուս խաղաղապահներու պարագային։ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պաշտպանութեան բանակի գոյութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպանութեան նախապատրաստութիւններու ամենամեծ ապացոյցն է», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Հայաստան չի պատրաստուիր Ատրպէյճանին լիազօրութիւն տալ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումներ կամ ցեղասպանութիւն իրականացնէ։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Փաշինեան ըրաւ նաեւ այլ զգայացունց յայտարարութիւն մը, ըստ որու 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Հայաստան պարտութիւն կրած է, որովհետեւ բանակէն ներս գործած է 5-րդ շարասիւն մը։ Ըստ վարչապետին, Ռուսաստանի խաղաղապահներու ներգրաւուածութեան վերաբերեալ հարցերու կամ տեսակէտներու վերաբերեալ որեւէ տարակարծութիւն գոյութիւն չունի իր եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ։ Ատրպէյճան ներկայիս կը փորձէ ականներ դնել Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի թեքստին մէջ։ Վարչապետը լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ի մէջ այլոց նշեց, որ պիտի չստորագրէ բան մը, եթէ ապագային պիտի չկարողանայ նայիլ բոլորի աչքերուն։ Ան չբացառեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ նոր հանդիպման մը հաւանականութիւնը։ «Մենք պէտք է ի ցոյց դնենք անկախ, ինքնիշխան պետութիւն ունենալու վերաբերեալ մեր կամքը։ Մեր անվտանգութիւնը կրնայ երաշխաւորել միայն խաղաղութիւնը», ըսաւ Փաշինեան։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու հանդիպման համար Պաքու հրաւիրուելու հանգամանքին՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Եթէ երթան Պաքու, ետ կու գա՞ն, թէ ոչ։ Ո՞վ պիտի տայ այս հարցումին պատասխանը։ Այստեղ ալ երաշխիքի հարց կայ»։

Յամենայնդէպս, Նիկոլ Փաշինեան ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան վերաբերեալ քննադատութիւններուն առընթեր, ընդգծեց նաեւ, որ Պրիւքսելի ձեւաչափն ալ պատճառ կը դառնայ դժգոհութիւններու։ Արդարեւ, այդ ձեւաչափին մէջ ալ 10-է աւելի պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, սակայն այդ համաձայնութիւնները աւելի վերջ չեն իրականացուած։ Հետեւաբար, Նիկոլ Փաշինեան մեծապէս կը կարեւորէ միջազգային երաշխիքներու հաստատումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյանալիք որեւէ համաձայնութեան պարագային։ Արդարեւ, եթէ այդ երաշխիքները եւ համապատասխան դրութիւնները գոյութիւն չունենան, ապա Ատրպէյճան արդէն սահման չի ճանչնար եւ միշտ աւելին պահանջելով կ՚ընթանայ յառաջ։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց նաեւ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կը պատրաստուի Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ եռակողմանի հանդիպման։ Յառաջիկային կը նախատեսուի նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի այցելութիւնը՝ Մոսկուա, ուր այս բոլոր հարցերը կը քննարկուին։ Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ հաստատեց, թէ Արարատ Միրզոյեանի Մոսկուա այցելութեան պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, Իլհամ Ալիեւ երէկ Պերլինի մէջ հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կողմէ։ Ծանօթ է, որ մօտաւոր անցեալին Նիկոլ Փաշինեանն ալ այցելած էր Պերլին, ուր նոյնպէս հիւրընկալուած Գերմանիոյ վարչապետին կողմէ։ Ալիեւ-Շոլց երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ատրպէյճանի ղեկավարը հերթական անգամ Հայաստանը մեղադրեց՝ Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծումը խոչընդոտելու մէջ։ Իր կարգին, Օլաֆ Շոլցն ալ նշեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ հնարաւորինս շուտ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2023