ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 35-ամեակի յոբելեանին ձօնուած ճաշկերոյթը երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Լողաւազանի համալիրէն ներս, «Զորպա» ճաշարանին մէջ կազմակերպուած այս փայլուն երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկաներու շարքին էին Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, համայնքային շրջանակներէն յայտնի դէմքեր, «Մարալ»ի համակիրներ եւ հիւրեր։ Կարգադիր յանձնախումբի անդամները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Դժբախտաբար, յանձնախումբի ատենապետուհին՝ Սելմա Իսքէնտէրէօզ չկրցաւ մասնակցիլ այս հաւաքոյթին, սակայն իր ակամայ բացակայութիւնով հանդերձ մնացեալ անդամները երախտագիտութեամբ ընդգծեցին անոր նպաստին եւ բարոյական զօրակցութեան նշանակութիւնը։ Վերջին շրջանին «Մարալ»ի յոբելեանները մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն համայնքէն ներս։ Այդ խանդավառութիւնը իսկապէս արհեստական չէ, քանի որ «Մարալ»ի յարատեւութիւնը եւ արձանագրած վերելքը այդ մէկը կ՚արդարացնէ բոլոր առումներով։ Երէկուան յոբելենական երեկոյթի մթնոլորտն ալ համահունչ էր ցայսօր կազմակերպուած ձեռնարկներուն։ «Մարալ»ի յաջողութիւններով խանդավառուած հարիւրաւոր համակիրներ փութացած էին տօնախմբելու այս յատկանշական հանգրուանը։ Երեկոյթի բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ պարուսոյց Կարպիս Չափքան, որ հակիրճ անդրադարձաւ համոյթի գործունէութեան։ Ան շեշտեց, որ «Մարալ»ի հարիւր եօթանասուն հոգիէ բաղկացեալ ընդհանուր կազմը, մեծերով ու փոքրերով, լուրջ կարգապահութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Յոբելենական ձեռնարկին ընթացքին Կարպիս Չափքան տեղեկացուց նաեւ, թէ «Մարալ» յառաջիկայ աշնան չորրորդ անգամ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի մէջ։ Արդարեւ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը նկատի առնելով համոյթի 35-ամեայ յոբելեանը, ելոյթ մը կազմակերպած է Երեւանի մէջ։ Տեղին կարգադրութիւնով մը «Մարալ»ի այս ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Միւռոնօրհնութենէն օր մը առաջ։ Այսպէս, քառասուն հոգինոց կազմով մը համոյթը Երեւանի Օփերային մէջ հանդէս պիտի գայ Սեպտեմբերի 26-ին։ Կարպիս Չափքան յայտնեց, թէ իրենք քառասուն հոգինոց խումբով մը պիտի մեկնին Երեւան, իսկ ցանկութեան պարագային ծնողներ կամ համակիրներ ալ իրենց միջոցներով կրնան միանալ խումբին։ Կարպիս Չափքանի արտայայտութիւնները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունուեցան բոլոր հանդիսատեսներուն կողմէ, ինչ որ միեւնոյն ժամանակ կը նկատուէր անոր նկատմամբ գնահատանքի դրսեւորում մը։
Երէկուան յոբելենական երեկոյթին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։ Ձեռնարկի խորհուրդին ու շարժառիթին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ՝ Քաթիա Հալաճօղլու եւ Նարեկ Փնարպաշը ներկայացուցին հայկական ժողովրդական պար մը։ Երաժշտական յայտագրի ճոխութեան մէջ անփոխարինելի գործօն մըն էր այն հանգամանքը, թէ «Մարալ»ի ելոյթներուն մասնակից նուագախումբի անդամներն ալ փութացած էին մասնակցիլ այս ձեռնարկին։ Այսպէս, Էտկար Խաչատրեան եւ իր նուագախումբը (Էտկար Ղազարեան, Սեւատա Իրիցեան, Նունէ Նաւասարդեան, Արթուր Յարութիւնեան, որոնց միացած էր նաեւ Արէտ Խրիմեան) աննկարագրելի հաճոյք մը պատճառեցին բոլոր հանդիսատեսներուն՝ հայկական երաժշտութեան իրենց փայլուն կատարումներով։ Ներկաները հաճոյքով ունկնդրեցին նաեւ Էտկար Խաչատրեանի եւ Թաթիանա Պոստանի զուգերգներուն։ Թաթինա Պոստան զուգերգներէն վերջ հանդէս եկաւ նաեւ մենակատարութիւններով։ Երաժշտական յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ Էրտինչ Էրիշմիշի նուագները։
Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցաւ վիճակահանութիւն մը եւ խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ 35-ամեակի յոբելենական կարկանդակի հատման ժամանակ։ Բոլոր ներկաները մինչեւ ուշ ժամեր ունեցան հաճելի ժամանց եւ դրական տպաւորութիւններով հրաժեշտ առնելու ժամանակ կրկնեցին իրենց յարատեւութեան մաղթանքը «Մարալ»ի գործունէութեան մէջ։