ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթը, որ ընթացք առաւ երկու տարի առաջ, տակաւին կը դիմագրաւէ երկու կարեւոր արգելք։ Արցախի ճակատագիրը եւ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայութեան արդար իրաւունքներու ձեռքբերման եւ հատուցման թղթածրարը, որ միջազգային գետնի վրայ կը հետապնդուի հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւններու, մարմիններու, հայ դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերու կողմէ։
Թուրքիա, որ 1991-ին առաջիններէն եղաւ, որոնք պաշտօնապէս ճանչցան հայկական նորաստեղծ հանրապետութիւնը, վարեց ատրպէյճանամէտ քաղաքականութիւն մը եւ ամէն անգամ, որ առիթը կը ներկայանար հայ եւ թուրք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման կարելիութիւններու քննարկման, անմիջապէս սեղանի վրայ կը դրուէր Արցախի խնդիրը՝ զայն համարելով նախապայման մը Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համար։ Երկրորդ հարցը՝ հայոց ցեղասպանութեան հատուցման եւ արդարութեան հաստատման, կարմիր գիծի կը վերածուէր եւ թրքական կողմը, եթէ ո՛չ ակնյայտօրէն, սակայն պարբերաբար տարբեր պատասխանատուներու բերնով կը յիշեցնէր, որ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին ընթացքին արձանագրուած դէպքերը իր տեսակէտէ բնաւ ցեղասպանական ոճիրներ չեն եւ թէ երկու ժողովուրդներն ալ, հայերը եւ թուրքերը, համահաւասար տառապած եւ վնասներ կրած են։ (…)։
Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթին մէջ թրքական երկրորդ նախապայմանը Արցախի իրավիճակն է, որուն կապակցաբար վերջին շրջանին թրքական կողմը Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի հետ բացայայտ բախման հաւանականութիւնը բարձրացուցած է՝ շրջանին մէջ ռազմաքաղաքական միակ դերակատարը դառնալու իր նկրտումներուն պատճառով։ Մինչ այլեւս յստակ է, որ Ռուսաստան-Իրան-Թուրքիա-Հայաստան-Վրաստան-Ատրպէյճան հարթակը, որ երեք առաւել երեք ձեւաչափով պիտի գործէր, կեանքի պիտի չկոչուի՝ Վրաստանի դիրքորոշման պատճառով։ Այս իրավիճակէն օգտուելով՝ Թուրքիա ներկայիս կը ջանայ Հարաւային Կովկասի մէջ վերածուելու շրջանային այն ուժը, որ կարողութիւնը ունի վերախմբագրելու ամբողջ իրադրութեան կապուած բանաձեւումները եւ քաղաքական-դիւանագիտական պատկերացումները՝ Հարաւային Կովկասի բարդ եւ խճճուած իրավիճակին լուծումներ առաջարկելով։ Անշուշտ, Անգարայի իշխանութիւններուն համար առաջնահերթութիւն է Պաքուի դիրքորոշումներուն զօրակցիլը եւ Ատրպէյճանի կեցուածքներուն համահունչ քայլերու ձեռնարկելը, միաժամանակ առիթները չփախցնելու կոչեր արձակելով հայկական կողմին։
Նման իրավիճակի մէջ է, որ առաւել կը շեշտուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը, որ վստահաբար կը բխի այն շահերէն, որոնք կրնան ապահովուիլ, երբ Ռուսաստան վերջնականապէս դուրս մղուի Հարաւային Կովկասի խճանկարային իրադրութենէն եւ զարգացումներէն։ Անշուշտ, հոս կարեւորութեամբ պէտք է նշել Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն կապուած զարգացումները, որոնց անուղղակի ազդեցութիւնները կրնան Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան ծալքերուն մէջ երեւան գալ. բան մը, որ հասկնալի է, թէ բնաւ ռուսական շահերուն չի համապատասխաներ։
Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթը կախեալ է մեծ մասամբ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններէն՝ հակառակ անոր, որ եւ, բնականաբար, միայն քարոզչական նպատակներու համար Թուրքիա կը ջանայ ներկայանալ իբրեւ խաղաղութեան պատրաստ կողմ մը, որուն համար առաջնահերթութիւնը խորքին մէջ Ատրպէյճանի համահունչ կեցուածքներն ու դիրքորոշումներն են, որոնք յստակ է, թէ հայկական կողմին շահերէն չեն բխիր։ Նման իրավիճակի մը մէջ իրատեսական քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան կիրառումը կենսական պիտի ըլլայ, որպէսզի Թուրքիոյ քաղաքական նպատակներուն իսկական պատկերը առաւել յստականայ։
Ա. Ա.
«Հայրենիք», Պոսթոն
(Յապաւուած)