ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի բանբեր ու աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Սպիտակ տան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները։ Ուաշինկթընի մէջ Սալըվընի հետ տեսակցելու առընթեր, Իպրահիմ Քալըն մէկտեղուեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Քալըն եւ Սալըվըն անդրադարձան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային զարգացումներուն։ Անոնք մասնաւորապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի շարունակական բռնութեան վերաբերեալ իրենց ընդհանուր մտահոգութիւնները եւ Թուրքիոյ ջանքերը, որոնց նպատակն է Սեւ ծովու հացահատիկի փոխադրութեան նախաձեռնութեան նորացումը։ Սալըվըն եւ Քալըն քննարկեցին նաեւ աջակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ պաշտպանական ոլորտէ ներս երկկողմանի համագործակցութիւնը։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ընդգծեց իր երկրի տեսակէտը, ըստ որու Շուէտ եւ Ֆինլանտիա պէտք է հնարաւորինս արագ ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնան։
Միեւնոյն ժամանակ, Ճէյք Սալըվըն կրկին ցաւակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ պատահած երկրաշարժի ողբերգական հետեւանքներուն համար եւ վերահաստատեց ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը թուրք ժողովուրդին՝ շարունակական վերականգնման ջանքերուն մէջ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն եւ Վիքթորիա Նուլանտ եւս անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի իրավիճակին, Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին։