ԲԱԶՄԱՊԱՏԻԿ ՑՈՒՑԱՆԻՇՆԵՐ

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ 2022 թուականին տեղի ունեցած է 324.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ առեւտուր։ Սա 4.4 անգամ աւելի է՝ 2021 թուականին բաղդատմամբ։

«Սփութնիք Արմենիա»ի գրաւոր հարցման ի պատասխան Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած են այս մասին մանրամասնութիւններ։ Թրքական ապրանքներու Հայաստան ներածման համար սահմանուած արգելքի դադրեցումը դրական ազդեցութիւն ունեցած է այս արդիւնքին վրայ՝ թէ՛ արտածման եւ թէ ներածման առումով։

2022 թուականին Հայաստանէն Թուրքիա արտահանումը աճած է 139 անգամ՝ կազմելով 61.2 միլիոն տոլար։ 2021 թուականին նոյն ցուցանիշը կազմած էր 0.44 միլիոն տոլար։ Թուրքիայէն Հայաստան ներածումն ալ աւելցած է 3.6 անգամ։ 2021 թուականին Հայաստան ներածած է 263.3 միլիոն տոլար արժողութեամբ թրքական արտադրանք։ 2021 թուականին, ամպարկոյի ժամանակ, այդ ցուցանիշը կազմած էր 76 միլիոն տոլար։

Թրքական արտադրանքի դէմ ամպարկոն հաստատուած էր 1 յունուար 2021 թուականին։ Այդ մէկը բացասաբար ազդած էր երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրին վրայ։ 2021 թուականին ապրանքաշրջանառութիւնը կրճատուած էր 68.3 տոկոսով՝ հասնելով 73.5 միլիոն տոլարի՝ մինչ 2020 թուականին 231.5 միլիոն տոլար էր։ 2021 թուականի ամպարկոյի ժամանակահատուածին պաշտօնապէս թոյլատրուած էր Թուրքիայէն հումքի եւ վերամշակման համար նախատեսուած արտադրանքի ներածումը Հայաստան։ Այդ շարքին մաս կազմած էին շինանիւթերը, թրիքոթաժի եւ բամպակի բանուածքները, բնական կաշին։ Ընդ որում, բարձր մաքսատուրքով ապրանքները չէին ներածուած։

Ինչ կը վերաբերի 2022 թրքական ապրանքներու Հայաստան ներմուծման, ապա նախարարութեան աղբիւրները պարզաբանած են, որ ընդհանրապէս երկիր մուտք գործած են ալիմիւնիումէ ամրաններ եւ անկիւնակներ, թրիքոթաժի արտադրանք, իգական կամ արական սեռերու համար զգեստներ, ելեկտրական սարքեր, ապակիի մանրաթելէ կամ փայտէ ու փայտային այլ նիւթերէ սալիկներ, յատուկ նշանակութեամբ փոխադրամիջոցներ ու բեռնատարներ, սենթեթիք թել։ Իսկ Հայաստան դէպի Թուրքիա ընդհանրապէս արտահանած է ոսկի, կալուանական ծածկոյթ, ոսկիի փոշի, դափաղած կաշի, խոշոր եղջիւրաւոր անասուններու կաշի, զանազան սարքեր, թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարեր, կազաւորուած ըմպելիքներու ծրարման, նաեւ սնունդի կամ ըմպելիքներու արդիւնաբերական պատրաստման սարքաւորումներ։

2021 թուականի պատերազմական իրավիճակի պայմաններուն մէջ հայկական կողմը ամպարկօ սահմանած էր թրքական ապրանքներուն դէմ։ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին զուգահեռ Հայաստան բաւ համարած էր Թուրքիոյ դէմ հաստատուած այդ արգելքները։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023