ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹ

Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն արտահերթ հաւաքը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հաւաքի մասնակից ղեկավարները հիւրընկալուեցան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Ընդ որում, գագաթաժողովի մասնակիցներուն հետ Էրտողան ունեցաւ նաեւ առանձնազրոյցներ։ Այդ շարքին Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Էրտողանի տեսակցութիւնը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Երէկուան զօրակցութեան գագաթաժողովին մասնակցեցան կազմակերպութեան անդամ կամ դիտորդ երկիրներու ղեկավարները, որոնք արժեւորեցին վերջին շրջանի իրերայաջորդ բնական աղէտներու մթնոլորտով պայմանաւորուած կացութիւնը։

Ծանօթ է, որ Թուրքիա այս վերջին շուրջ մէկ ամսուան ժամանակաշրջանին իրերայաջորդ երկրաշարժներ եւ ջրհեղեղներ դիմագրաւած է եւ անոնց ստեղծած մարտահրաւէրներուն զուգահեռ այս կազմակերպութեան ղեկավարները զօրակցութեան գագաթաժողովի մը փութացին մայրաքաղաք Անգարա։ Երէկուան գագաթաժողովէն վերջ նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով մը, որու ընթացքին շեշտեց, որ հաւաքը պսակուած է փայլուն յաջողութեամբ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր ղեկավարներուն, որոնք փութացած էին Անգարա։ Վերջին աղէտներուն ժամանակ թրքական աշխարհի կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, միասնականութիւնը պիտի մնայ անմոռանալի։ Բաց աստի, Էրտողան նշեց, որ թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը իր բոլոր կառոյցներով մասնակցած է այս գործընթացին։ Ներկայիս կը նախատեսուի Թրքական ներդրումային ֆոն մը ստեղծել եւ այդ կառոյցին տանտէր քաղաքը պիտի ըլլայ Իսթանպուլ։ «Թրքական ներդրումներու ֆոնը թրքական աշխարհէ ներս տնտեսական ամբողջացման նպաստ պիտի ապահովէ», յայտնեց նախագահ Էրտողան եւ աւելցուց, որ եղբայրները ոգի ի բրին ջանքեր կը ցուցաբերեն՝ ներկայ դժուարին իրավիճակի մէջ ազգի կարիքները դիմագրաւելու նպատակով։

Գագաթաժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է այս կազմակերպութենէն ներս տարածաշրջանային հաղորդակցութեան եւ մատակարարման ցանցերու զարգացման ուղղութեամբ։ Ըստ Էրտողանի, Միջին նրբանցքը այլեւս վստահելի այլընտրանքի մը վերածուած է եւ այդ մէկը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ համախոհութիւն գոյացած է մասնակից երկիրներուն միջեւ։ Այս կազմակերպութեան ամրապնդումը անոր աշխարհագրութենէն ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ալ կարեւոր նպաստ պիտի ապահովէ։ «Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը կը վերածուի նոր ձայնի մը, նոր շունչի մը եւ նոր սիներժիի կեդրոնի մը», ընդգծեց նախագահ Էրտողան։

ՓՈՒԹԻՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Իլհամ Ալիեւ Անգարայի երէկուան գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս առաւօտ պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փութին եւ Ալիեւ քննարկած են Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։ Կարծիքներ փոխանակուած են տարածաշրջանէն ներս փոխադրութեան, տնտեսական կապերու զարգացման շուրջ։

Իլհամ Ալիեւ երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձած էր Զանգեզուրի միջանցքի հարցին եւ Հայաստանը հերթական անգամ որակած՝ «արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ իսկոյն արձագանգած էր Ատրպէյճանի ղեկավարի այս խօսքերուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուցած էր, որ երկրի ինքնիշխան տարածքները «արեւմտեան Ատրպէյճան» ներկայացնելով Իլհամ Ալիեւ կոպտօրէն կը խախտէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային նկրտումներ կ՚արտայայտէ։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023