Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԶՐՈՅՑ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան՝ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկելով տարածաշրջանի կացութիւնը։ Բաց աստի, Չավուշօղլու եւ Պայրամով քննարկեցին երկրաշարժի յաջորդած ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ մէջ աղէտի յաղթահարման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն ընթացքը։
Շաբաթ, Մարտ 18, 2023