ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ՆՈՐ ԶԷՆՔԸ, ՈՐ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ՊՐԻՔՍ
Արեւմուտքի կատարած բոլոր սեղմումներուն դիմաց Ռուսաստան կը շարունակէ մնալ անդրդուելի: Անցեալ Դեկտեմբերին երկիրը հարուածած տնտեսական «շինծու» տագնապէն ետք Ռուսաստանի նախագահը՝ Վլատիմիր Փութին տնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ կարեւոր եւ երեւելի բարենորոգման ծրագրերու զարկ տալով կրցաւ «ներծծել» այդ տագնապի հետեւանքները: Ռուսաստանի թիւ մէկ առաջնորդը լաւ ըմբռնած է, որ ամերիկեան քաղաքական գրոհին հիմքը գլխաւորաբար տնտեսական սեղմումներ կատարելն է: Այդ գրոհներուն ամենէն երեւելին Ուքրայնոյ տագնապն է, որուն հանգոյցին ամենէն սեղմուած օղակին մէջ կար Ուքրայնան Ռուսաստանէն տարանջատելու երեւելի ճիգը: Այս պատկերին դիմաց Փութինի համար այսօր հիմնական նոր խաղաքարտը կը կրէ ՊՐԻՔՍ անունով ճանչցուած տնտեսական կառոյցը:
ՊՐԻՔՍ-ը հիմնուած է 2009 թուականին։ Ան նախ անուանուած է ՊՐԻՔ (Պրազիլիա, Ռուսաստան, Իրան եւ Չինաստան) եւ աւելի վերջ 2010 թուականին Հարաւային Ափրիկէի կառոյցին միանալով կառոյցը վերանուանուած է ՊՐԻՔՍ: Այսօր նոյն ՊՐԻՔՍ-ին բացի Ռուսաստանէն մաս կը կազմեն՝ Չինաստան, Հնդկաստան, Աֆղանիստան, Մոնկոլիա, Իրան, Պրազիլիա եւ Հարաւային Ափրիկէ: Օրեր առաջ Ռուսաստանի Փեշկիրա ինքնավար մարզի մայրաքաղաքը՝ Ուֆայի մէջ տեղի ունեցած ՊՐԻՔՍ-ի ժողովի բացումին Վլատիմիր Փութին ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով իր տնտեսական զէնքերը սեղանին վրայ դնելով կը վստահեցնէր, թէ Չինաստան Ռուսաստանի համար անփոխարինելի եւ ռազմավարական դաշնակից մըն է: Այլ կարեւոր շեշտադրում մը եւս կար Փութինի խօսքին մէջ, որու համաձայն՝ ՊՐԻՔՍ-ը այսօր աշխարհի բնակչութեան գրեթէ կէսը համախմբող կառոյց մըն է: Ռազմավարական հիմքով ստեղծուած այս մարմինը կարեւոր հեռանկար ունի: Կառոյցը տնտեսական ծրագրերու արդէն ծրար մը պատրաստած է եւ այդ ծրագրերը կ՚երկարին մինչեւ 2025 թուականը:
Ի՞նչ է Վլատիմիր Փութինի թելադրանքը այստեղ: Զինուորական գրեթէ բոլոր գետիններու վրայ անխախտ մնացած Ռուսաստան իր ձեռքին մէջ կը պահէ չինական եւ հնդկական քոնսեփթները: Մինչ օրս նշեալ երկու կորիզային հզօրները լուռ կերպով կը հետեւին Սուրիոյ, Իրաքի եւ Ուքրայնոյ տագնապներուն, ռուսական կողմը կը հաւաստիացնէ, որ իրենք ընկճուած կողմ ու մանաւանդ անտեսուած տէրութիւններ չեն: Փութինի յաջողութեան մեծագոյն գրաւականը Սուրիոյ մէջ դիմակայելը եղաւ ու հակառակ համաշխարհային մակարդակի, Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատին դէմ եղած բուռն քննադատութիւններուն խաղը մնաց հիւսիսի հզօրին ձեռքը: Բացի այս խնդրէն, Ռուսաստան հակառակ Սուրիոյ խնդրին շուրջ Թուրքիոյ հետ իր ունեցած տարակարծութիւններուն, մերձեցում ցուցաբերեց Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի իշխանութեանց եւ Փութին Անգարա հասնելով տնտեսական ու յատկապէս կազային կարեւոր համաձայնութիւններ կնքեց: Այս բոլորէն զատ պէտք է շեշտադրել, Սէուտական Արաբիոյ ռուսերուն հետ լեզու գտնելու ճիգը, որ ամէն առիթով բախեցաւ քաղաքակիրթ մերժումներու: Հակառակ անոր, որ Ռուսաստան միլիառներ արժող տնտեսական համաձյանգրեր կնքեց Ռիատի հետ եւ մեծ պատիւներով ընդունեց թագաւորութեան փոխ-գահաժառանգ Մուհամմէտ Պըն Նայէֆ իշխանը, Մոսկուայի թելադրանքը սիւննիներուն մնաց նոյնը: Փութին առանց երկմտելու կ՚ըսէր. «Գացէք եւ ձեր հարցերը կարգաւորեցէք Թեհրանի հետ»: Ռուսական քաղաքականութեան ամրութեան ամենէն կարեւոր ցուցանիշը իր դաշնակիցները չզոհելու մարտավարութիւնն է, եւ այս մօտեցման լաւագոյն ապացոյցը Էսատի իշխանութեան վրայ մնալու առընթեր Ռուսաստանի անմնացորդ ճիգն ու վճռակամութիւնն է: Արեւմտեան դէտեր քանիցս հարցադրումներ ըրած են, թէ արդեօք Փութին յարմար պահու մը պիտի «ձերբազատի՞» Էսատէն ու անոնց հարցադրումները մնացած են օդին մէջ: Ռուսաստան լաւ գիտէ, որ Էսատի իշխանութիւնը «սրբութիւն սրբոց» մը չէ, սակայն գիտէ նաեւ, որ Էսատի հրապարակէն հեռանալով պիտի սկսի «տաք ջուրերէն» իր հեռացման նախնական գործընթացը: Փութին չէ մոռցած Լիպիոյ եւ Իրաքի մէջ իրականացուած բեմագրութիւնները, ուր տեղւոյն «բռնակալներ»ը կրծելու պատրուակով Արեւմուտքը քաոս ստեղծելէ ետք, արիւնոտ ձեռքերով այսօր եւս կը ծծէ տեղւոյն հիմնական հարստութիւնը՝ նաւթը:
Ռուսաստան կարեւոր դեր ունեցաւ նաեւ Իրան-Արեւմուտք համաձայնութեան համար տարուող բանակցութիւններու ամբողջ ընթացքին մէջ: Իրանցիները տակաւին երկար շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն այդ առումով իսկ համաձայնութեան գոյացումէն ետք, անոնք պիտի անդամակցին «Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան», որ դարձեալ ստեղծուած է ռուսական ճիգերով եւ որուն Չինաստանէն զատ մաս կը կազմեն Ղազախիստան, Տաճիկիստան, Խրղըզիստան եւ Էօզպեքիստան: ՊՐԻՔՍ եւ Շանկհայի տնտեսական համաժողովները աճող կառոյցներ են: Անոնք տնտեսական օրակարգ թելադրող ներուժ ունին: Նախ ունին մեծաթիւ, չըսելու համար հզօր բնակչութիւն, հետեւաբար նոյնպէս ունին սպառող եւ արտադրող լայն հասարակութիւններ:
Այս տուեալներուն դիմաց Եւրոպական միութենէն ներս տեղի ունեցող խլրտումները ու յատկապէս Յունաստանի մէջ արձանագրուած դէպքերն ու «Ո՛չ» խորագիրը բարձրացուցած քուէհամարը ցոյց տուին, որ Եւրոպայի տնտեսական միասնութիւնը առաջուան երանգները չունի: Տակաւին ո՛վ կրնար պատկերացնել, որ եւրոպական ընտանիքին ամենէն թոյլ օղակներէն մին համարուող Յունաստանի երիտասարդ վարչապետը՝ Ալեքսիս Չիփրաս եւրոպական ընտանիքին խորհուրդներ պիտի տար՝ հեռու մնալու ի սպառ բաժանումներու եւ ջլատումի վտանգներէն: Յունաստանի ձախակողմեան ղեկավարը նաեւ գիտէ, որ ՊՐԻՔՍ-ին անդամակցելու խնդիրը կարեւոր նախաքայլ մը պիտի ըլլայ նոր բեւեռացումներու ուղղուող աշխարհին համար: Ու այս ընդհանուր օրակարգէն հիմնական օգտուողը պիտի ըլլայ Ռուսաստանը, որ իր շարքերուն մէջ պիտի ներառնէ ո՛չ միայն Յունաստանը, այլ՝ բազում երկիրներ, որոնք տնտեսական սուր տագնապներու եզրին են. օրինակ՝ Սպանիան, Փորթուգալը եւ այլ երկիրներ: Այս նոր հաւանական բեմագրութիւններուն փոխարէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որուն ներկայ ղեկավարութիւնը կը թուի յոգնած ըլլալ ընդհանուր իրավիճակներէն, որոշած է մինչեւ 2017 թուականը, այսինքն Պարաք Օպամայի նստաշրջանին աւարտը ժամանակ շահիլ եւ խուսանումներ կատարել բոլոր ճակատներու վրայ:
Թէ ինչ հանգամանքներ կրնայ ունենալ պրիքսեան համախմբումի այս կարեւոր ժողովը. այդ մէկը պարզ կը դառնայ տնտեսական նոր ազդակներու երեւումով: Միով բանիւ երեւելի է, որ այս երկիրներուն միջեւ առկայ դաշինքը միայն տնտեսական չէ, այլ ընդունինք կամ ոչ, ունի գաղափարական հիմք: Փութին հակառակ իր երեսին նետուած մեղադրանքներուն, երբեք նպատակ չունի նոր Խորհրդային Միութեան մը մանրակերտը հիմնելու: Ան լաւ գիտէ, որ այդ հանգրուանը կը պատկանի պատմութեան: Գիտէ նաեւ, որ այսօր-ւան աշխարհին մէջ տնտեսական կարելիութիւններու, նոր տեսլականով գանձատրական տարբեր շերտերուն հետ լեզու գտնելու մօտեցումները դարձած են առաջնահերթութիւն: Այսօրուան աշխարհը կը խօսի ոչ թէ «իզմ»երու, այլ շահերու լեզուով: Ճիշդ է նաեւ, որ տնտեսական խնդիրներու եւ խաւերու միջեւ շեշտակի տարբերութիւններով ապրող Ռուսաստան ունի բազում հարցեր: Բայց եւ այնպէս, միջազգային տարբեր թղթածրարներու մէջ յաջողութիւն եւ տիրական ներկայութիւն գրանցած Վլատիմիր Փութին ռուսերուն համար այլընտրանք չունի:
Ռուսական մօտեցումէն գոհ են յատկապէս ՊՐԻՔՍ-ի անդամները: Բաց աստի, այդ երկիրներուն ունեցած մարդկային հզօր ներուժը եւ տնտեսական կարելիութիւնները Ռուսաստանի համար զինուորական հզօրութենէն անդին տնտեսական կարեւոր զէնքեր կը համարուին:
Այս մասին պէտք է մտածէ յատկապէս եւրոպական ընտանիքը, որ սա պահուն տնտեսական սուր տագնապներու նախասեմին է: Փութին զինուորական հզօրութեան կողքին նոր զէնքերու լեզուով կը խօսի ու այդ զէնքերուն ամենէն ուժականներէն մէկը կը կոչուի՝ ՊՐԻՔՍ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան