ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐԸ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին հանդէս եկաւ հերթական գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւններով։ Ան Թալիշի մէջ յայտնեց, որ իր 29 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածքէն ներս հանգիստ ապրելու համար Հայաստան պէտք է ընդունի Ատրպէյճանի պայմանները։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղ Հայաստանի կողմէ պէտք է պաշտօնապէս ճանչցուի՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս։
«Մեր պայմաններու հիմքով պէտք է կատարուին սահմանազատման աշխատանքները։ Միայն այս պարագային անոնք կրնան հանգիստ ապրիլ 29 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածքին մէջ՝ ինչպէս արդէն կը փափաքին», ըսաւ Ալիեւ։
Այս տարուան Նեւրուզի տօնակատարութիւններու սկիզբը ազդարարելու ժամանակ Ալիեւ Թալիշի մէջ նշեց, որ Ատրպէյճանի տարածքներու 30 տարուան բռնագրաւումը, պատերազմի, յետպատերազմեան իրողութիւները պէտք է գտնեն եւ պիտի գտնեն իրենց արտացոլումը խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ։ «Հակառակ պարագային որեւէ խաղաղութեան համաձայնութիւն պիտի չըլլայ», ըսաւ Ալիեւ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին անմիջապէս արձագանգեց Ալիեւի այս յայտարարութիւններուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, թէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները ուղղակիօրէն կը հակասեն 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան եօթներորդ կէտին, ըստ որու, ներքին տեղահանեալ անձերն ու փախստականները Լեռնային Ղարաբաղի տարածքն ու յարակից շրջանները պիտի վերադառնան՝ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի վերահսկողութեան ներքեւ։ Ատրպէյճանի ապօրինի վերաբնակեցման քաղաքականութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը ահաբեկելու գործելակերպով Պաքու ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի եռակողմանի համաձայնութեան վերոյիշեալ դրոյթի կատարումը անհնարին դարձնէ։ Պաքուի գործելակերպը կը նշանակէ լուրջ վտանգ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ցեղասպանութեան ենթարկուելու տեսակէտէ։ Բաց աստի, Ատրպէյճան ակնյայտ տարածքային նկրտումներ կ՚արտայայտէ Հայաստանի դէմ։ Նախարարութիւնը այս բոլորի լոյսին տակ մատնանշած է, որ Ատրպէյճան ամէն ինչ կ՚ընէ՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը անհնար դարձնելու համար։