ԽԱՂԱՔԱՐՏԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԱՇԽՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին այցելեց Գահիրէ, ուր հիւրընկալուեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրիի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւնները երկար վերիվայրումներու ժամանակաշրջան մը դիմագրաւելէ վերջ՝ այժմ թեւակոխած են բնականոնացման գործընթացի մը, որ արդէն հասունցած է զգալիօրէն՝ հասած ըլլալով նաեւ բարձր մակարդակի այցելութիւններու փոխանակման փուլին։ 11 տարուան ընդհատումէ մը վերջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եղաւ առաջին թուրք արտաքին գործոց նախարարը, որ այցելեց Գահիրէ։
Թէեւ Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ բնականոնացման ուղղեալ ջանքերը որոշ ժամանակէ մը ի վեր կը շարունակուին, սակայն, այս գործընթացի ներկայ փուլը կը պայմանաւորուի նաեւ Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան մթնոլորտով։ Արդարեւ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ նոր համայապատկեր մը կ՚ուրուագծէ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն տեսակէտէ։ Թուրքիան ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի այս ամբողջ գործընթացին եւ կը փորձէ համապատասխան ձեւով դիրքաւորուիլ շահագրգիռ բոլոր դերակատարներուն նկատմամբ։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին Սեմիհ Շիւքրիի հետ տեսակցելու առընթեր, հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։
Չավուշօղլու-Շիւքրի բանակցութիւնները Գահիրէի մէջ տեղի ունեցան Թահրիր պալատի համալիրէն ներս։ Բանակցութիւններուն յաջորդած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու շեշտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները ամենակարճ ժամանակի ընթացքին պիտի բարձրացուին ամենաբարձր մակարդակի։ «Ռազմական, ուժանիւթի եւ առեւտուրի բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը զարգացնելու փափաք կայ։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ գոյութիւն ունի ամուր քաղաքական վճռականութիւն», ըսաւ Չավուշօղլու եւ շնրհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի յաջորդած իրավիճակին մէջ Սեմիհ Շիւքրիի կողմէ տրուած այցելութեան համար։ Իր կարգին, Սեմիհ Շիւքրին ալ Չավուշօղլուի հիւրընկալութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ վերջ շեշտեց, որ համագործակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման տեսակէտէ։ «Եգիպտոսի հետ ունինք պատմական կապեր, ունինք հասարակաց մշակոյթ մը, եղբայրական կապերը վերստին ամրապնդելու համար մեր ղեկավարները համատեղ կամք մը արտայայտած են։ Մեր Հանրապետութեան նախագահը Էրտողան եւ նախագահ Սիսի Տոհայի մէջ տեսակցեցան եւ այդ հանդիպումէն վերջ մեզ պաշտօնի կոչեցին, որպէսզի յարաբերութիւնները զարգանան», յայտարարեց Չավուշօղլու Գահիրէի մէջ եւ ընդգծեց, որ Եգիպտոսը Միջերկրականի արեւելքին, Արաբական աշխարհին եւ Ափրիկէին տեսակէտէ շատ կարեւոր երկիր մըն է։
Չավուշօղլու եւ Շիւքրի երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու։ Այս ամբողջին մէջ կողմերու ուշադրութեան առարկայ դարձած են նաեւ Լիպիոյ կացութիւնը, Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադրութիւնները, Իրան-Սէուտական Արաբիա մերձեցումը։ Նոյն ձեւով, անդրսահմանային ջուրերու խնդիրն ալ արժեւորման ենթարկուած է Գահիրէի բանակցութիւններուն ժամանակ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու շեշտեց, որ Թուրքիա կը փափաքի նաեւ Եգիպտոսի հետ ռազմական գետնի վրայ յարաբերութիւնները զարգացնել։ Եգիպտոս Թուրքիոյ կողմէ հրաւիրուած է մասնակցելու երեք ռազմափորձի։ Յարաբերութիւններու բնականոնացման կապակցութեամբ Չավուշօղլու նշեց, որ մօտալուտ ընտրութիւններէն անմիջապէս վերջ նախագահ Էրտողան եւ նախագահ Սիսի պիտի մէկտեղուին։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Չավուշօղլու մասնաւորապէս կանգ առաւ այն հանգամանքին վրայ, թէ Թուրքիա այն երկիրն է, որ Եգիպտոսի արտածման մեծագոյն գործընկերը կը հանդիսանայ։
Միջազգային աղբիւրներն ալ լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան Չավուշօղլուի եւ Շիւքրիի հանդիպման։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում մը նախատեսուած է ներկայ տարուան երկրորդ կէսին։ Նախարարները այժմ նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ կը տանին այդ հանդիպման համար։
Ներկայիս երկու երկիրները կը ձգտին ամբողջութեամբ կարգաւորել իրենց յարաբերութիւնները։ Սեմիհ Շիւքրի նշեց, որ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ Գահիրէի մէջ ծաւալուած քննարկումները եղած են անկեղծ, խոր ու թափանցիկ, որովհետեւ երկու երկիրները կը ջանան վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները ամբողջ ծաւալով։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Չավուշօղլու շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ապտուլլահիանի հետ։ Այս առթիւ նախարարները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Ապտուլլահիան նշեց, որ Իրանի դրական համագործակցութիւնը հարեւան եւ տարածաշրջանային երկիրներուն հետ ճանապարհ կը հարթէ՝ դէպի տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան, զարգացման եւ կայունացման հաստատում, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վրայ հիմնուած միջազգային աւելի մեծ ձեռքբերումներ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Չավուշօղլու ողջունեց Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։ Թրքական կողմը համոզուած է, թէ այս իրադարձութիւնը կը տանի դէպի իսլամական աշխարհի դիրքերու ամրապնդում, իսլամական երկիրներու միջեւ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացում։ «ԻՐՆԱ» գործակալութեան հաղորդումներով՝ Չավուշօղլու եւ Ապտուլլահիան կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման շուրջ։ Անոնք, միեւնոյն ժամանակ, կանգ առին Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ։
ԷՍԱՏԻ ԱՅՑԸ
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ շաբաթավերջին այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Մինչ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի վերաբերեալ իրադարձութիւնները բոլորովին նոր հարթութեան մը վրայ կու գան՝ Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան-Սուրիա առանցքին վրայ ալ յարաբերութիւններու որակը աստիճանաբար կը փոխուի։ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու բնականոնացումը արդէն հորիզոնին վրայ վաղուց ուրուագծուած է եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքները թափ ստացած են վերջին շրջանին։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Պեշար Էսատ վերջերս այցելած էր Մոսկուա, ուր հիւրընկալուած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Ի շարունակութիւն Պեշար Էսատ շաբաթավերջին այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Միջազգային աղբիւրները հաղորդեցին, որ ան հիւրընկալուած է Ապու Տապիի թագաժառանգ արքայազն Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի եւ Տուպայիի Էմիրութեան կառավարիչ Շէյխ Մուհամմէտ պին Ռաշիտ ալ Մաքթումիի կողմէ։ Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու ընդհանուր յարաբերութիւնները, համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները։ Քննարկուած են նաեւ Սուրիայէն օտարերկրեայ զօրքերու դուրսբերման եւ Սուրիային ու անոր ժողովուրդին քաղաքական ու մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու շուրջ հարցեր։