ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կ՚ընդունուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս այցելութեան ընդառաջ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ մանրամասնութիւններ ներկայացուեցան բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ։ Այսպէս, այսօրուան հանդիպումը Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ բոլոր մակարդակներու վրայ աւանդական սերտ շփումներու շարունակութիւնն է։
Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով կը նախատեսեն քննարկել Ռուսաստան-Հայաստան համագործակցութեան ներկայ վիճակը եւ անոր զարգացման ուղղեալ քայլերը՝ ներառեալ երկու երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ անցեալ տարի հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան դրոյթներու իրականացումը։ Նախարարները մանրամասնօրէն կ՚անդրադառնան տարածաշրջանային օրակարգին՝ ներառեալ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը։ Միրզոյեան եւ Լաւրով կը դիտարկեն ընդհանուր համարկման միաւորումներէն՝ ԱՊՀ-է, Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէ եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները։
Արարատ Միրզոյեանի Մոսկուա այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ Լաչինի միջանցքի աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր փակ մնալու պայմաններուն ներքեւ։ Մինչ Արցախը պաշարուած է, Երեւանի ղեկավարութիւնը Մոսկուային հասցէագրուած անհանգստութիւնները բոլոր մակարդակներու վրայ անընդհատ կը բարձրաձայնէ՝ հաշուի առնելով, որ այս ամէն ինչը կը պատահի Արցախի ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս։ Երեւանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն կողմէ Մոսկուային հասցէագրուած քննադատութիւններուն զուգահեռ՝ կողմերու միջեւ վերջին շրջանին ստեղծուած է նաեւ բանավէճային մթնոլորտ, որովհետեւ Մոսկուայի ներկայացուցիչներն ալ զանազան առիթներով կը պատասխանեն ու կը փոխադարձեն հայկական կողմէն բարձրացուած անհանգստութիւններուն։