ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Թուրքիա ներկայ շաբաթը կը դիմաւորէ համախոհական կառավարութեան մը ձեւաւորման օրակարգով։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին կողմէ այդ պաշտօնին կոչուած ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար ու վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այս նպատակով շփումներու կը ձեռնարկէ խոր-հըրդարանէն ներս ներկայաց-ւած քաղաքական ուժերու ղեկավարութեանց հետ։ Յունիս 7-ի ընտրութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ երկրէն ներս ստեղծուած ուժերու նոր յարաբերակցութեան պայմաններուն ներքեւ որոնումներ կը կատարուին՝ նոր իշխանութեան մը ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Ահմէտ Տավուտօղլուի շփումներու ժամանակացոյցին վրայ առաջին տեղը տրուած է ՃՀՓ-ին։ Վաղը եւ միւս օրն ալ ան հերթով կը տեսակցի ՄՀՓ-ի եւ ՀՏՓ-ի հետ։ Այս շփումներուն ընդառաջ ԱՔ կուսակցութեան շրջանակները փոխանցեցին շինիչ պատգամներ։ Ահմէտ Տավուտօղլու ըսաւ, թէ առանց որեւէ նախապայմանի եւ առանց որեւէ նախապաշարումի կ՚իրականացնեն համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ուղղեալ բոլոր շփումները։ Տավուտօղլուի համոզմամբ, այսօր Թուրքիոյ մէջ պէտք չէ խորացնել տարբերութիւնները, պէտք է նուազեցնել լարուածութիւնները, պէտք է նուազագոյնի հասցնել տարբերութիւնները։ «Կ՚ապրինք այնպիսի օրեր, երբ տարբերութիւնները պէտք է նկատենք գեղեցիկ հարստութիւն մը։ Բոլորիս կը վիճակի ծանր պատասխանատուութիւն», ըսաւ Տավուտօղլու։ Միեւնոյն ժամանակ ան շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու այն բոլոր նիւթերը, որոնք կը վերաբերին կառավարութեան։ Տավուտօղլուի խօսքերով, քննարկումներու ծիրէն դուրս պէտք է թողուլ միայն այն նիւթերը, որոնք կապ չունին կառավարութեան հետ։ Որպէս գլխաւոր օրինակ ան թուարկեց Հանրապետութեան նախագահութեան հաստատութիւնը։ «Նման վէճերէ անդին, սեղանի գլուխ պիտի նստինք բարեացակամութեամբ, տայ Աստուած դրական արդիւնք մը ունենանք», ըսաւ Տավուտօղլու։
Անգարայէ հասած լուրերուն համաձայն, միջկուսակցական հանդիպումներուն ընդառաջ Ահմէտ Տավուտօղլու արդէն աւարտած է իր բոլոր պատրաստութիւնները։ Առաջին հերթին ան կը նախատեսէ մանրամասն տեղեակ դառնալ համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու վերաբերեալ կուսակցութիւններու տրամադրութեան, նաեւ փոխանցել ԱՔ կուսակցութեան մօտեցումները։ Յառաջիկայ տօնական շրջանէն առաջ միջկուսակցական շփումներուն առաջին հանգրուանը արդէն հասած կ՚ըլլայ իր աւարտին, իսկ տօնական օրերէն վերջ աշխատանքները կը կեդրոնացուին յարաբերաբար աւելի շօշափելի եւ յստակ առանցքներու շուրջ։
ԱՔ կուսակցութեան յառաջատար դէմքերէն Պեշիր Աթալայն ալ երէկ յայտնեց, թէ իրենք հիմնական աշխատանքը պիտի տանին ՃՀՓ-ի կամ ՄՀՓ-ի հետ գործընկերութիւն մը հաստատելու ուղղութեամբ։