ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ՓԵՔԻՆԻ ԱՌԱՆՑՔԸ ՄԻՇՏ ԲԱՆՈՒԿ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը։ Պետական այցելութիւն մըն է այս մէկը, որու ծրագիրը կեանքի կը կոչուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ գործադրուած արարողակարգով։ Հարկ է նշել, որ Չինաստանի նախագահի պաշտօնին վերջերս երրորդ անգամ վերընտրուած Սի Ծինփին իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը կ՚իրականացնէ դէպի Ռուսաստան, ինչ որ միջազգային բեմահարթակի վրայ լայն արձագանգի արժանացած է։
Վլատիմիր Փութինի եւ Սի Ծինփինի Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ հինգ ժամ։ Ծինփին այս առթիւ յայտնեց, որ Փեքին եւ Մոսկուա վստահելի գործընկերներ են։ Իր կարգին, Փութինն ալ ընդգծեց, որ Ռուսաստան կը յարգէ Ուքրայնայի խնդրի լուծման համար Չինաստանի կողմէ յղացուած ծրագիրը։
Ինչպէս ծանօթ է, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը արդէն աւելի քան տարիէ մը ի վեր ընթացքի մէջ է։ Փեքինի ղեկավարութիւնը վերջերս տեղեկացուցած է, որ միջազգային նախաձեռնութիւնով մը հանդէս պիտի գայ, որպէսզի այս տագնապին լուծում մը ապահովել հնարաւոր դառնայ։
Միւս կողմէ, Արեւմուտքն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս այցելութեան։ Արեւմտեան կարգ մը վերլուծաբաններ եւ լրատուամիջոցներ այս փուլին կը նշեն, որ Ռուսաստան Չինաստանի կրտսեր գործընկերն է։ Ծինփինի Մոսկուա այցելութեան զուգահեռ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ Չինաստանին կոչ ուղղեց, որպէսզի Վլատիմիր Փութինին վրայ ճնշում բանեցուի՝ դադրեցնելու համար պատերազմական յանցագործութիւնները Ուքրայնայի մէջ։