ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ։ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Անգարա եւ Աթէնք որոշած են միջազգային բեմահարթակի վրայ յառաջիկայ շրջանին պաշտպանել իրարու թեկնածուները։ «Կը յուսամ, թէ միջազգային բեմահարթակի վրայ այս համագործակցութիւնը կը շարունակենք», ըսաւ Չավուշօղլու։

Երկու նախարարները Պրիւքսելի մէջ կը գտնուէին Եւրոմիութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը առթիւ։ Արդարեւ, ԵՄ նուիրատուներու խորհրդաժողով մը կազմակերպած էր՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ պատահած երկրաշարժերու լոյսին տակ այս երկու երկիրներուն զօրակցութիւն ապահովելու առաջադրութեամբ։ Հաւաքոյթի սկիզբին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն։ Հարկ է նշել, որ Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ աղէտի գօտիի վերականգնման համար 1 միլիառ եւրօ յատկացնել Թուրքիոյ։

Չավուշօղլու-Տենտիաս հանդիպումը երէկ Պրիւքսելի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին եղաւ։ Երկու նախարարները իրարու շնորհակալութիւն յայտնեցին թէ՛ Թուրքիոյ մէջ պատահած երկրաշարժէն եւ թէ մօտաւոր անցեալին Յունաստանի մէջ պատահած գնացքի արկածէն վերջ իրարու նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ զօրակցութեան համար։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շրջանին Թուրքիա եւ Յունաստան կը նախատեսեն միջազգային բեմահարթակի վրայ՝ կարգ մը կարեւոր կառոյցներ գլխաւորելու համար իրենց առաջադրած թեկնածուներուն զօրակցութիւն ապահովել։ Այսպէս, Յունաստան թեկնածութիւն առաջադրած է, որպէսզի 2025-2026 շրջանին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ժամանակաւոր անդամ դառնայ։ Իր թեկնածութիւնը պիտի պաշտպանուի Թուրքիոյ կողմէ։ Իսկ Թուրքիա կը ձգտի Ծովագնացութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար ապահովել իր թեկնածութեան ընտրութիւնը։ Այդ պաշտօնին համար թրքական կողմը առաջադրած է դեսպան Սուաթ Հայրի Աքայի թեկնածութիւնը։ Ուրեմն երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի այս երկու պարագաներով զօրակցին իրարու թեկնածութիւններուն։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու Պրիւքսելի մէջ երէկ յայտնեց, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ նախատեսուած այս զօրակցութեան մթնոլորտը պիտի ցոլանայ նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն։ Երկու նախարարները համակարծիք գտնուած են, որպէսզի մօտաւոր ապագային վերստին մէկտեղուին։ Չավուշօղլու նշեց, որ Տենտիասը Թուրքիոյ մէջ հիւրընկալելը ուրախութիւն պիտի ըլլայ թրքական կողմին համար, իսկ ասկէ զատ ալ միջազգային զանազան հաւաքոյթներու առընթեր հանդիպումներ պիտի ունենան։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2023