ԽՈՐ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճան կը շարունակէ փակ պահել Լաչինի միջանցքը՝ մինչ Արցախի պաշարումը արդէն 100-րդ օրը լրացուցած է, մարդասիրական ահաւոր հետեւանքներով հանդերձ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հարաւային Կովկասի պարագային հարցականները կը շարունակեն հետզհետէ կուտակուիլ, միջազգային դերակատարներն ալ զանազան ջանքեր կը գործադրեն՝ առկայ խոր անորոշութեան պայմաններուն ներքեւ։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ Մոսկուայի մէջ էր, ուր ընդունուեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։

Թուրքիան ալ, որ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն վրայ ուղղակի ազդելու մեծ լծակներ ունի ներկայիս, անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարին հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Պլինքըն երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական տագնապին վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան եւ Պլինքըն կարծիքներ փոխանակեցին Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութեան ուղիներու բացման հեռանկարներուն շուրջ։ Պլինքըն վերահաստատեց Լաչինի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու մասին իր կոչը։ Ան ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստակամ է շարունակել աջակցութիւնը վերոյիշեալ գործընթացներուն։ Զրոյցի տեւողութեան Նիկոլ Փաշինեան մտահոգութիւն յայտնեց վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ ծաւալուած ակրեսիւ հռետորաբանութեան կապակցութեամբ։

Տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն տեսակէտէ Արարատ Միրզոյեանի երէկ Մոսկուա տուած այցելութիւնն ալ կը ներկայացնէր մեծ կարեւորութիւն։ Ան Սերկէյ Լաւրովի հետ հանգամանօրէն քննարկեց տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները Մոսկուայի մէջ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ քննարկումները շարունակուեցան՝ ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւններու ձեւաչափով։ Միրզոյեան եւ Լաւրով սարքեցին նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։ Քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան դաշնակցային յարաբերութիւններուն, քաղաքական երկխօսութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան հարցերուն։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի ակրեսիւ քաղաքականութիւնը եւ ամենաբարձր մակարդակով հնչած հռետորաբանութիւնը միտուած է տարածաշրջանէն ներս իրավիճակը սրելու եւ նոր բռնութիւններու համար հող նախապատրաստելու։ Այս համատեսքին մէջ ան շեշտեց գործելակերպի դատապարտման, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման բացառման եւ եռակողմանի յայտարարութիւններով ստանձնուած բոլոր պարտաւորութիւններու կատարման հրամայականը։ Թէ՛ Միրզոյեան եւ թէ Լաւրով ընդգծեցին Լաչինի միջանցքի դրութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը՝ ըստ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթներուն։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու արդիւնաւէտ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը Ատրպէյճանի սադրանքներու կանխման, խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս հրադադարի դրութեան պահպանման եւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Ան կարեւորեց Ատրպէյճանի՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս էթնիք զտման քաղաքականութեան կանխման նպատակով միջազգային համապատասխան գործիքակազմի շարժման անցուիլը եւ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան ուղարկման անհրաժեշտութիւնը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն։ Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններուն յաջորդած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան կ՚ակնկալէ Ռուսաստանի աջակցութիւնը՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն մը ուղարկելու հարցին մէջ։ Իր կարգին, Լաւրովն ալ նշեց, որ շատ յագեցած էին իր հայ պաշտօնակցին հետ բանակցութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, ան տեղեկացուց, որ ներկայիս քննարկման առարկայ է՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ եռակողմանի հանդիպման մը կազմակերպման նոր ժամկէտը։

Մինչ Լաւրով առաջնահերթ համարեց Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի կարգաւորումը՝ Միրզոյեանն ալ ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի նպատակը Արցախէ ներս էթնիք զտումներու իրականացումն է։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սերկէյ Լաւրով երկար քննադատութեան առարկայ դարձուց Արեւմուտքը եւ պնդեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ սեպ խրելու ջանքեր յառաջ կը տարուին։ Զանազան աղբիւրներ կը մատնանշեն, որ Մոսկուա երէկ առաջին անգամ պաշտօնապէս դիրքորոշում մը արտայայտեց Ստեփանակերտ-Պաքու ուղիղ երկխօսութեան գաղափարին շուրջ։ Լաւրովի խօսքով՝ ռուսական կողմը կ՚աջակցի Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու հարցերը պէտք է լուծուին Արցախի ներկայացուցիչներուն եւ Պաքուի միջեւ։ Ռուս նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ խնդիրները բացառապէս պէտք է դիտարկուին՝ հրադադարի եռակողմանի յայտարարութիւններու համատեսքին մէջ։ Լաւրով պնդեց, որ Արեւմուտքը կը փորձէ տարածաշրջանէն դուրս մղել Ռուսաստանը եւ այս նպատակին համար կը փորձէ ապահովել, որ Ռուսաստանն ու Հայաստանը կռիւի բռնուին։

Ռուս պաշտօնակցին ներկայութեամբ Արարատ Միրզոյեանն ալ ընդգծեց, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի յայտարարութիւններուն մէջ գրեթէ որեւէ կէտ չէ մնացած, որ Ատրպէյճանի կողմէ խախտուած չըլլայ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2023