ՊԵՏԻ ԶԻՎԷՐԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Շա­բաթ, կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Պե­տի Զի­վէ­րի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան փա­ռա­շուք ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պե­տի Զի­վէ­րի կո­րուս­տը վեր­ջին օ­րե­րուն խոր ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ, ուր ան կը վա­յե­լէր մեծ յար­գանք ու հա­մակ­րանք։ Ի շա­րու­նա­կու­թիւն, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ հրա­ժեշտ տուին Պե­տի Զի­վէ­րին, ան­կեղ­ծօ­րէն վշտակ­ցե­լով նաեւ ա­նոր հա­րա­զատ­նե­րուն։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Թու­րքիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեանն ալ այս առ­թիւ փու­թա­ցած էին ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նե­լու Պե­տի Զի­վէ­րի ըն­տա­նի­քին։

Լու­սա­շող տա­ճա­րին կեդ­րո­նը, մա­հա­բե­մին վրայ զե­տե­ղուած էր Պե­տի Զի­վէ­րի դա­գա­ղը, ո­րու շուրջ հա­մախմ­բուած յու­ղար­կա­ւոր­նե­րը ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին ա­նոր բա­րի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ եւ մա­տու­ցին ի­րենց վեր­ջին յար­գան­քը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ կուռ դամ­բա­նա­կան մը՝ բարձր գնա­հա­տե­լով հան­գու­ցեա­լին մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։ Յու­ղար­կա­ւոր­նե­րու կար­գին էին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այն հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար իր անմ­նա­ցորդ ծա­ռա­յու­թիւ­նը բե­րած էր հան­գու­ցեա­լը։ Այս­պէս, Գար­ակէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան, Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան, Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն։

Յա­ւարտ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան, հան­գու­ցեա­լին մար­մի­նը ամ­փո­փուե­ցաւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

 

 

 

 

 

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015