ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան շաբաթավերջին տեսակցեցաւ համայնքային վաքըֆներու իրաւաբաններուն հետ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որուն մասնակցեցան իրաւաբաններ՝ Միխայիլ Փիւսքիւլօղլու, Ֆոթի Պենլիսոյ, Էօմէր Քանթիք, Սեպուհ Ասլանկիլ, Հիւրրիյէթ Ազաք, Սիւզէթ Անժէլ, Էմրահ Քուլաքլը, Էրտալ Տողան։ Ներկայ էին նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս եւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, որ նոյնպէս իրաւաբան է մասնագիտութեամբ։
Ըստ Լաքի Վինկասի գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն, կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան փոքրամասնութեանց վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութեան կանոնադրութեան վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ 5737 թիւ Վաքըֆներու օրէնքի ժամանակաւոր 11-րդ յօդուածին եւ անոր գործադրութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Իրաւաբանները շօշափեցին նաեւ շարք մը վաքըֆներու մասնակի հարցերը։
Թորոս Ալճան կը նախատեսէ իրաւաբաններու հետ նման խորհրդակցութիւններ իրականացնել վեց ամսուան պարբերութեամբ եւ արդիւնքները բաժնել փոքրամասնական հաստատութիւններու ղեկավարներուն հետ։