ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցի արժեւորման ուղղեալ պատրաստութիւնները հետզհետէ թափ կը ստանան։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակի հրապարակումէն վերջ այս նախապատրաստական աշխատութիւնները արդէն աստիճանաբար աւելի գործնական փուլ կը թեւակոխեն։ Մինչ այդ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցուցակին վրայ ալ ընդգրկուած այս յատկանշական տարելիցը միջեկեղեցական գետնի վրայ նշելու ուղղութեամբ պատրաստութիւններն ալ հետզհետէ կը հասուննան։ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան գրասենեակը տեղեկացուց, որ վերջին օրերուն Հռոմի մէջ համապատասխան օրակարգով կազմակերպչական ժողով մը տեղի ունեցած է։ Արդարեւ, Վատիկանի մէջ ալ արարողութիւններ կը նախատեսուին եւ ոգեկոչման կազմակերպչական յանձնախումբի անդամները վերջերս մէկտեղուած են՝ ամէն ինչ պատշաճ մակարդակի վրայ կեանքի կոչելու առաջադրութեամբ։ Այս յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (ներկայացուցիչ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան), Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (ներկայացուցիչ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան) եւ Տ. Վարդան Եպսկ. Պօղոսեան (ներկայացուցիչ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան)։ Այս երեք բարձրաստիճան հոգեւորականները Հռոմի մէջ հանդիպեցան եւ քննարկեցին յառաջիկայ աշնան Սուրբ Աթոռէն ներս նախատեսուած հանդիսութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները՝ գործակցաբար Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան խթանման եւ Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդներուն։
Այս ժողովէն վերջ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնութիւններ հաղորդուած են ծրագրուած հանդիսութիւններուն կապակցութեամբ։ Այսպէս, Վատիկանի մէջ, Սուրբ Պետրոսի տաճարի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ միջեկեղեցական արարողութիւն մը։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը պիտի կազմակերպուի Արեւելագիտութեան քահանայապետական համալսարանին մէջ։ Բաց աստի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի շարականներու հոգեւոր համերգ մըն ալ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ, Սիքստինեան մատրան երդիքին տակ։