ԱՄԷՆ ՕՐ ԴԷՊՔ

Արցախը արդէն 100 օրէ աւելի է կը գտնուի պաշարուած։ Ատրպէյճան Լաչինի միջանցքը փակած է եւ Լեռնային Ղարաբաղ կտրուած է Հայաստանէն ու ամբողջ աշխարհէն։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ միջազգային բոլոր հարթութիւններուն վրայ ահազանգ կը հնչէ՝ Արցախի մարդասիրական ահագնացող տագնապը կանխելու համար, բայց գործնականօրէն որեւէ արդիւնքի հասնիլ հնարաւոր չ՚ըլլար։

Այս մտահոգիչ իրադրութեան պայմաններով հանդերձ, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներն ալ կը շարունակեն իրենց նախայարձակ գործողութիւնները։ Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերթական նախայարձակ գործողութիւնը իրականացուցած են դէպի երկրի սահմանները։ Այսպէս, Ատրպէյճանի բանակը կրակ բացած է Հայաստանի սահմանի Երասխի հատուածի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ։ Դէպքին հետեւանքով նահատակուած է հայ զինուոր մը։ Յարձակումը պատահած է ժամը 16.20-ի սահմաններուն եւ դէպքին զոհ գացած զինուորը կը կոչուի Արշակ Սարգսեան։

Հայկական կողմէն նոր նահատակ մը խլած այս անհանգստացուցիչ իրադարձութեան զուգահեռ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Ատրպէյճան նոր բռնութիւններ իրականացնելու կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ։ Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամպիոնէն յայտնեց, որ Երեւան չի բանակցիր Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտ տեղադրելու հարցին շուրջ։ Ատրպէյճան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ նոր բռնութիւններու կը պատրաստուի՝ հակառակ բանակցութիւններուն։ Յամենայնդէպս, Միրզոյեան չբացառեց, որ յառաջիկային տեղի կրնայ ունենալ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։ Այս կապակցութեամբ քննարկումներ ծաւալած են նաեւ Մոսկուա կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին։ Ըստ Միրզոյեանի, հայկական կողմը աշխատանք կը տանի ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով յանձնակատարին հետ՝ ապահովելու համար Արցախէն ու շրջակայքէն տեղահանուած հայ փախստականներու վերադարձը։ Խօսքը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին ու յարակից տարածքներուն։ Բաց աստի, Հայաստան ներկայիս կ՚աշխատի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ։ Պաքուի կողմէ ստացուած վերջին առաջարկներուն կապակցութեամբ Երեւան պիտի ներկայացնէ իր արձագանգը եւ փոխադարձ առաջարկները։ «Ատրպէյճանի նախագահի հռետորաբանութիւնը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ Երեւան Մոսկուայէն ու Պաքուէն կ՚ակնկալէ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման ուղղութեամբ յստակ գործողութիւններ։ Ի լրումն այս բոլորին, նախարարը շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը երկրին տեսակէտէ կարեւոր միջոց մըն է՝ խաղաղութեան գործընթացը յաւելեալ կերպով ամրապնդելու տեսակէտէ։

Մինչ այդ, Արարատ Միրզոյեան երէկ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ալի Պաղերի Քանիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Քանի օրուան տեւողութեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանէն ներս սպառնալիք ներկայացնող անվտանգութեան խնդիրները։ Քանի շեշտեց, որ Իրան պիտի օգտագործէ իր ամբողջ ներուժը՝ տարածաշրջանի խնդիրները երկխօսութեան միջոցով լուծելու համար։ Երեւան եւ Թեհրան այս փուլին բաւարարուած են իրենց քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակով։ Երէկուան քննարկումներուն ընթացքին առաջնահերթօրէն արծարծուեցան տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակի վերջին զարգացումները։

Մինչ այդ, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, ի թիւս այլ խնդիրներու, հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ տարածաշրջանի իրադրութեան։ Այսպէս, երէկ Սպիտակ տունէն հերթական անգամ կոչ հնչեց, որպէսզի Ատրպէյճան եւ Հայաստան լարուածութիւնը թուլացնեն տարածաշրջանէն ներս։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023