ՈՉ ԵՒՍ Է ԲԱՐՍԵՂ ՍԱՐԱՅԼԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի գործարար եւ համայնքային բարերար Բարսեղ Սարայլը։ Այս կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ քանի նորոգ հանգուցեալ Բարսեղ Սարայլը հետեւողականօրէն իր ներդրումը կը բերէր համայնքային կեանքին՝ մասնաւորապէս խրախուսելով կրթական հաստատութիւններն ու անոնց աշակերտներուն յաջողութիւնները։

Բարսեղ Սարայլը 1948 թուականին ծնած էր Սարայի մէջ, Եոզղատ։ 8 տարեկանին ընտանիքին հետ եկած էր Իսթանպուլ, ուր հաստատուած էր Գումգաբու։ Համեստ ընտանիքի մը զաւակը ըլլալով նետուած էր կեանքի պայքարի եւ գործարար կեանքէն ներս վերելք արձանագրած էր յամառ, չարքաշ եւ ազնիւ աշխատանքով։ Աշխատելէ երբեք չվհատելով գործարար կեանքի մէջ նուաճած էր բարձունքներ։ Այդ բոլորի վկայութիւնը կը հանդիսանայ իր իսկ հիմնադրած «Saray Alüminyum» հաստատութիւնը, որ իր արտադրական վիթխարի ներուժով երկրի կարեւորագոյն արդիւնաբերական միաւորներէն մին կը հանդիսանայ, Թուրքիոյ արտածման յառաջատարներէն է ու քանիցս դասուած ախոյեան՝ հարկատուներու շարքին։

Բարսեղ Սարայլը եղած էր ընտանեկան տիպար հայր մը։ Երիտասարդ տարիքի մէջ իր կողակիցը կորսնցնելու դառնութիւնը ապրելէ վերջ, զաւակները խնամած էր անձամբ՝ ըլլալով անոնց թէ՛ հայրը եւ թէ մայրը։

Նկատի ունենալով, որ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն չէր ունեցած՝ Բարսեղ Սարայլը միշտ կը խրախուսէր մատաղ սերունդի դաստիարակութիւնը, երիտասարդներու պատշաճ պատրաստութիւնը։ Իր զօրակցութեան առարկայ կը դարձնէր պոլսահայ գրեթէ բոլոր վարժարանները, նաեւ անոնց յաջողագոյն սաներուն ամէն տարի ոսկէ մետայլներ կը նուիրէր։

Ունէր զաւակներ եւ թոռներ, որոնք ներկայիս կը սգան անոր դառն կորուստը՝ ընկերային կամ բարեկամական շրջանակներէ այլ բազմաթիւներու հետ։

Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները այսօր առանձնապէս հրատարակուած են ընտանեկան մահազդով։

Այս դառն կորուստին առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Բարսեղ Սարայլըի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ընտանիքին։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023