ԱՄՆ-Ի «ՄՕՏԱԼՈՒՏ» ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շուտով կրնան ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիր՝ կ՚ընդգծէ Ուաշինկթընի ներգրաւուածութեան տարողութիւնը: Ուաշինկթըն մինչ այդ յայտարարած էր, որ միջնորդի դեր չ՚ուզեր ստանձնել, որեւէ պարտադրանք չունի կամ փաստաթուղթի նախագիծ չէ մշակած: Պարզապէս կ՚ուզէ աջակցիլ եւ վճռական տրամադրուած է բոլոր միջոցներով աշխատելու, որպէսզի վերջ տրուի երկարատեւ արիւնալի հակամարտութեան:

Հիմա Ուաշինկթըն պաշտօնապէս այս ձեւով կ՚ազդարարէ հանգուցալուծման մօտալուտ ըլլալը: Աւելի ճիշդը՝ համաձայնագրի նախապատրաստումը աւարտին հասցնելը. բան մը, որուն համար, ըստ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտին, գոյութիւն ունի փաստացի հնարաւորութիւն:

«Փաստացին» հիմնաւորելու համար նախարարը կը նշէ Միւնիխի եւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը: Պլինքըն ակնկալած է, որ նախարարները կը վերադառնան Ուաշինկթըն՝ աւելցնելով. «Աշխատած ենք համաձայնագիրի բնագիրին վրայ»: Խօսքը, բնականաբար, եռակողմանի՝ ԱՄՆ, Հայաստան, Ատրպէյճան համատեղ աշխատանքին կը վերաբերի: Մինչ այս առումով առաւելաբար կը խօսուէր նախագծին Պաքու-Երեւան երթեւեկութեան առաջարկ-լրացում շղթայի մասին՝ հիմա, ԱՄՆ կ՚ուզէ պարզ դարձնել, որ այդ երթեւեկութիւնը իր միջնորդութեամբ տեղի կ՚ունենայ եւ թէ փաստաթուղթի նախապատրաստումը մօտալուտ է:

«Ատրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով կրնան համաձայնագիր ստորագրել» յայտարարողը Ուաշինկթընի պաշտօնական ներկայացուցիչն է: Հասկնալի է, որ դիւանագիտական յայտարարութիւններուն մէջ յստակ ժամկէտներ չեն նշուիր: Օր, թուական, յստակ ժամանակ կը յայտարարուի, երբ ամէն ինչ որոշուած կ՚ըլլայ արդէն: Նման լաւատեսական յայտարարութիւն կատարած էր նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ ակնարկելով Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի մօտալուտ բացումին: Այնտեղ եւս յստակ թուականի մասին խօսք չկար: Ատրպէյճան չբանալով միջանցքը փաստօրէն նպաստեց ռուսական դերակատարութեան հեղինակազրկման քաղաքականութեան:

Խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւններուն մէջ կայ ուշագրաւ այլ բաժին մը: Կը հաստատուի, որ ԱՄՆ ոչինչ կը պարտադրէ Հայաստանին: Հակամարտող կողմերէն մէկն է, որ կը յիշուի։ Կ՚ենթադրուի, ուրեմն, որ նախագիծը մշակած է Ատրպէյճան՝ ԱՄՆ-ի մասնակցութեամբ կամ առնուազն համաձայնութեամբ: Հիմա Հայաստանն է, որ պիտի տայ իր համաձայնութիւնը: Հասցէական այս հաստատումէն նման ենթադրութիւն կը բխի: Սակայն, կայ յայտարարութեան միւս դիտարժան բաժինը. ԱՄՆ կ՚աջակցի, որ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը կարգաւորուի եւ անոր շրջածիրին մէջ պէտք է անդրադարձ կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի էթնիք հայութեան իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան:

Այս բառակապակցութիւնները լաւ բան չեն յուշեր: Քաղաքական ընկալումով այս ձեւակերպումները համազօր են Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելուն: ԱՄՆ ներկայացուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան մէջ, որ ցարդ չէ լուծարուած: Իսկ այդ ձեւաչափը հաւասարազօր կը նկատէր տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը՝ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնադրոյթներուն հիման վրայ:

Աւելի՛ն, այս բառակապակցութիւններն ու եզրոյթները պաշտօնապէս կ՚օգտագործէ նաեւ Երեւան: Եւ այդ պարագային հայկական կողմին պարտադրելիք շատ կէտ չի մնար: Այս հանգամանքները պէտք է տեսնել՝ ըմբռնելու համար Ուաշինկթընի ակնարկած «մօտալուտ»ը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023