ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԿՐԹՕՃԱԽՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նը վեր­ջերս Դի­լի­ջա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պեց կի­րակ­նօ­րեայ կրթօ­ճախ­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մա­ժո­ղով մը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վե­րա­պատ­րաս­տա­կան ծրագ­րի մը բնոյ­թը կը կրէր այս մէ­կը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­ժո­ղո­վը ի­րա­կա­նա­ցաւ «World Vision» մի­ջազ­գա­յին քրիս­տո­նէա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար։ Ներ­քին թե­մե­րէն հա­րիւրք­սան ման­կա­վարժ­ներ եւ հա­մա­կար­գող հո­գե­ւո­րա­կան­ներ մաս­նակ­ցե­ցան աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Հա­մա­ժո­ղո­վի բաց­ման ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան, «World Vision»ի Հայս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Ժի­րայր Է­դի­լեան, ե­րես­փո­խան Կա­րի­նէ Ա­ճէ­մեան եւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Նա­րի­նէ Մնա­ցա­կա­նեան։

 Հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին օ­րը «Մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ըստ Ս. Գրքի» նիւ­թին շուրջ բա­նա­խօ­սեց Տ. Գա­րե­գին Ա­բե­ղայ Համ­բար­ձու­մեան։ Երկ­րորդ օ­րը «Ա­սէ Աս­տուած» նիւ­թին շուրջ բա­նա­խօ­սեց Տ. Տա­թեւ Արք. Սար­գի­սեան։ Եր­րորդ օ­րը հո­գե­բան Ին­գա Յա­րու­թիւ­նեան մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ե­րա­խա­նե­րու տա­րի­քա­յին զար­գաց­ման ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը։ Չոր­րորդ օ­րը «Ինչ է Աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւ­նը» նիւ­թին շուրջ բա­նա­խօ­սեց Տ. Շա­հէ Վրդ. Ա­նա­նեան։ Նոյն օ­րը Տ. Սա­մուէլ Ա­բե­ղայ Մխի­թա­րեան ներ­կա­յա­ցուց Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի նշա­նա­կու­թիւ­նը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ տե­սա­կէ­տէ։ Հա­մա­ժո­ղո­վի վեր­ջին օ­րը Դա­ւիթ Սրկ. Յով­հան­նի­սեան բա­նա­խօ­սեց «Ս. Հա­ղոր­դու­թիւ­նը՝ քրիս­տո­նեա­յի կա­տա­րե­լա­գոր­ծում» նիւ­թին շուրջ։

Ծրագ­րին մէջ նա­խա­տե­սուած էին նաեւ Ս. Գրա­կան ըն­թեր­ցում­ներ։ Հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը ուխ­տի այ­ցե­լու­թիւն մըն ալ տուին Հա­ղար­ծի­նի վա­նա­կան հա­մա­լի­րը, ուր կա­տա­րուե­ցաւ ժա­մեր­գու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։  

Աշ­խա­տանք­նե­րու ամ­փոփ­ման զու­գա­հեռ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս եզ­րա­փա­կուե­ցաւ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րու բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը, ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած ձե­ւով, հան­դէս ե­կան Հայ­րա­պե­տա­կան Մաղ­թան­քի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ՝ ա­ղօ­թե­լով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ա­րեւ­շա­տու­թեան եւ եր­կա­րա­մեայ ար­գա­սա­բեր գա­հա­կա­լու­թեան հա­մար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015