Ճ. ՈՒՈՐԼԻՔԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Մոս­կուա­յի մէջ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մոս­կուա մեկ­նե­լէ ա­ռաջ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք ը­սաւ. «Այ­սօր ես կը մեկ­նիմ Մոս­կուա եւ ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեմ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան մա­սին խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն»։­

Ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը ա­ւել­ցուց, որ ի­րենք միա­սին կ՚աշ­խա­տին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015