«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Ոսկէ ծիրան» 12-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը արդէն սկսած է շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Առաջին իսկ քայլափոխին ստեղծուած միջավայրը արդէն երաշխիք մը կը համարուի փառատօնի այս հանգրուանին եւս յաջողութեան տեսանկիւնէն։ Մինչ այդ, «Ոսկէ ծիրան»ի պաշտօնական բացման երեկոյթէն օր մը վերջ, երէկ երեկոյեան, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ փառատօնի պատուոյ հիւրերուն հետ։ Հանրապետութեան նախագահը ընթրիքի սեղանով մը մեծարեց Հայաստանէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն փառատօնին մասնակից շարժանկարի բնագաւառի հեղինակաւոր գործիչները։ Այս առթիւ Սերժ Սարգսեան ողջունեց հանդիպման մասնակիցները, նաեւ անոնց մասնակցութիւնը՝ արդէն աւանդական դարձած «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնին։ Ան մատնանշեց, որ այս փառատօնին շնորհիւ համաշխարհային շարժանկարի լաւագոյն նմոյշները կը ներկայացուին հայ հանդիսատեսին։ Սերժ Սարգսեանի համոզմամբ, նուազ կարեւոր չէ նաեւ այն հանգամանքը, որ ամէն տարի այս փառատօնի շրջանակներէն ներս Երեւան փութացած համաշխարհային շարժանկարի լաւագոյն ներկայացուցիչներն ալ կը ճանչնան Հայաստանը, կը ծանօթանան հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան եւ մշակութային հարուստ ժառանգութեան։ Սերժ Սարգսեան յաջող ընթացք մաղթեց «Ոսկէ ծիրան» 12-րդ շարժանկարի փառատօնին համար։ Ան փառատօնի պատուոյ հիւրերը ընդունեց իր կողքին ունենալով Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանն ու «Ոսկէ ծիրան»ի հիմնադիր-նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանը։ Հաւաքոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան զրուցեց նաեւ յայտնի դերասանուհիներ՝ Օրնելլա Մութիի եւ Նաստասիա Քինսքիի հետ, որոնք այս տարուան փառատօնի պատուոյ հիւրերու շարքին են։
«Ոսկէ ծիրան»ի այս տարուան ծրագիրը սկսաւ ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեանի «Խենդ պատմութիւն» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ՝ Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ։ Կէտիկեան կը նախատեսէ յառաջիկայ շրջանին այս ժապաւէնը ներկայացնել աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ։ Նաստասիա Քինսքի եւ Օրնելլա Մութի արժանացան «Փարաճանովեան» մրցանակին։ Մինչ այդ, նորոգ հանգուցեալ եգիպտացի դերասան Էօմէր Շերիֆի յիշատակն ալ ոգեկոչուեցաւ փառատօնի բացման։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Օրնելլա Մութի յայտնեց, թէ առաջարկի մը պարագային պատրաստ է հայկական ժապաւէնի մը մէջ նկարահանուելու։ Ան միեւնոյն ժամանակ խոստովանեցաւ, որ ամէն տեղէ աւելի յուզուած է Հայաստանի մէջ։ «Որեւէ երկրի մէջ այսքան չէի յուզուած։ Այստեղ կայ խորհուրդ, դաստիարակութիւն, յարգանք եւ սէր, զորս ցոյց տուիք ինծի նկատմամբ։ Շնորհակալութիւն», ըսաւ Մութի եւ աւելցուց, թէ Հայաստանի մէջ բոլորը կը խօսին բոլոր լեզուներով։
Այս տարուան փառատօնին 105 երկիրներէ 1600 ժապաւէնի համար դիմում ներկայացուած է։ Ընտրուած է 200 ժապաւէն՝ չորս մրցութային եւ արտամրցութային ծրագրերուն համար։