ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ մարզական գործիչ Նազար Հանչէրին, որու անժամանակ մահը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Հանգուցեալին փառաշուք յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան փութաց ցաւակցութիւն յայտնելու հանգուցեալի այրիին եւ հարազատներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը փորձեց հայրաբար մխիթարել սգաւոր ընտանիքը։

Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան։ Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան եւ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանէն Հայր Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան։ Յուղարկաւորներու շարքին էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։ Հանդիսադիր հայր սուրբը շրջապատուած էր մեր հոգեւորականաց դասու բազմաթիւ անդամներուն կողմէ։

Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը, մահաբեմին վրայ զետեղուած էր հանգուցեալին դագաղը, որու շուրջ համախմբուած յուղարկաւորները իրենց խոնարհումը բերին անոր բարոյական ներկայութեան առջեւ եւ աղօթեցին յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ Սահակ Սարգսեանի կողմէ ընթերցուեցաւ Երեւանէն՝ Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեանի կողմէ ուղարկուած ցաւակցականը։

Հուսկ, լուսահոգի Նազար Հանչէրի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ Էլմոն Հանչէրին, հարազատներուն եւ համայն ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2023