ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ-ԵՐՄՈՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՎԱՐՁԱԿԱԼ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան մե­զի յայտ­նեց, թէ վար­ձա­կալ կը փնտռուի Սկիւ­տա­րի եր­բեմ­նի Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քին հա­մար։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր չի գոր­ծեր այս վար­ժա­րա­նը, ո­րու շէն­քին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը պաշ­տօ­նա­պէս կը պատ­կա­նի Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին։ Թէեւ ծա­նօթ է, որ երբ վար­ժա­րա­նը գո­յու­թիւն ու­նէր, այդ մէ­կը կը տնօ­րի­նուէր Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ։ Այ­սինքն, Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը վար­ժա­րա­նի շէն­քը տրա­մադ­րած էր կրթա­կան նպա­տա­կի հա­մար։ Այս գոր­ծըն­թա­ցը  շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ 2011 թուա­կա­նը։ Ո­րով­հե­տեւ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նը գոր­ծե­լէ դադ­րած էր եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ, սա­կայն միայն 2011 թուա­կա­նին էր, որ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հաս­տա­տու­մով, պաշ­տօ­նա­պէս փա­կուած հա­մա­րուե­ցաւ դպրո­ցը։ Մին­չեւ այդ հանգ­րուա­նը Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը նա­խան­ձախնդ­րօ­րէն լիար­ժէք ձե­ւով կը կա­տա­րէր ի­րեն վի­ճա­կած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը։ Դպրո­ցի փակ­ման պաշ­տօ­նա­կա­նա­ցու­մէն վերջ, ա­նոր շէն­քին տնօ­րի­նու­թիւ­նը վե­րա­դար­ձած ե­ղաւ Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին։ Սա այն հանգ­րուանն էր, երբ Գալ­ֆաեան Տան Սկիւ­տա­րի («Քա­փի­թոլ»ի յա­րա­կից) տա­րած­քին վրայ շի­նա­րա­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ո­րո­նում­նե­րը հա­սած էին ի­րենց գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Գալ­ֆաեա­նը փո­խադ­րուած էր եր­բեմ­նի Սէ­մէր­ճեան-Ճե­մա­րա­նի շէն­քը, իսկ իր բո՛ւն շէն­քը սկսած էր օգ­տա­գոր­ծուիլ որ­պէս ննջա­րան։ Քա­նի որ «Քա­փի­թոլ»ի յա­րա­կից այդ բո՛ւն շէն­քի տա­րած­քին վրայ շի­նա­րա­րու­թիւն մը պի­տի կա­տա­րուէր, ա­պա նոր ննջա­րա­նի մը կա­րի­քը ան­խու­սա­փե­լի պի­տի դառ­նար Գալ­ֆաեան Տան տե­սան­կիւ­նէն։ Այդ հանգ­րուա­նին Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան եւ Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին մի­ջեւ ձեռք բե­րուե­ցաւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը, որ­պէս­զի Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը դառ­նար Գալ­ֆաեա­նի ննջա­րա­նը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Գալ­ֆաեա­նի տա­րած­քի շի­նա­րա­րու­թեան ծրա­գի­րը եր­կա­րաձ­գուե­ցաւ ա­նո­րոշ ձե­ւով մը, Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քի ննջա­րա­նի վե­րած­ման ծրա­գիրն ալ ինք­նա­բե­րա­բար կա­ղաց անն­պաստ զար­գա­ցում­նե­րու մի­ջա­վայ­րին մէջ։

Բո­լո­րո­վին վեր­ջերս, երբ Ս. Խաչ դպրե­վան­քի եւ Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը ո­րո­շե­ցին գործ­նա­կան ձե­ւով միաց­նել ի­րենց հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ճա­կա­տա­գի­րը, այդ ո­րո­շու­մը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­կաւ Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը ննջա­րա­նի մը վե­րա­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը դադ­րեց­նել։ Ար­դա­րեւ, Դպրե­վանքն ու Գալ­ֆաեա­նը ար­դէն բո­լո­րո­վին տար­բեր ֆի­զի­քա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ ի­րենց ա­շա­կերտ­նե­րուն եր­դիք մը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թիւ­նը որ­դեգ­րե­ցին։ Հե­տե­ւա­բար, Յու­նիս ամ­սուան սկիզ­բի դրու­թեամբ Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը եր­բեմ­նի Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը պաշ­տօ­նա­պէս վե­րա­դար­ձուց Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին։

Մե­զի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին, Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան յայտ­նեց, թէ ներ­կայ պայ­ման­նե­րով շէն­քը կը գտնուի բա­ւա­կան անխ­նամ վի­ճա­կի մը մէջ ու կա­րիք ու­նի վե­րա­նո­րո­գու­թեան։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ո­րոշ շփում­ներ հաս­տա­տած է, որ­պէս­զի վար­ձէ այս պատ­մա­կան շէն­քը։ Կը փնտռուի վար­ձա­կալ մը, որ այս շէն­քը պի­տի վար­ձէ, պի­տի վե­րա­նո­րո­գէ ու պի­տի օգ­տա­գոր­ծէ որ­պէս կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն։ Ա­տե­նա­պետ Այ­վա­զեան մե­զի յայտ­նեց, թէ կան ո­րոշ թեկ­նա­ծու­ներ, ո­րոնց հետ յա­ռաջ կը տա­րուին շփում­ներ։ Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը նա­խա­տե­սէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած ա­ռա­ջարկ­նե­րու լոյ­սին տակ ը­նել ար­ժե­ւո­րում մը եւ վերջ­նա­կան ո­րո­շու­մի մը յան­գիլ ա­պա­գայ վար­ձա­կա­լին հետ պայ­մա­նա­գիր կնքե­լու հա­մար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015